ՆԱՄԱԿ` ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ

ՊԵՐԼԻՆ.- Ապօրինի հռչակուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) մարտիկները երբ 24 թուրք զինուորներ սպաննեցին Հաքարի նահանգին (Կորճայք) մէջ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անմիջապէս հրահանգեց 10 հազար զինուորներու ներխուժել Իրաք եւ գտնել մարտնչողները:

«Ասիկա գործողութիւն մըն է արդիւնք ստանալու համար», ըսաւ պրն. Էրտողան:

ՔԱԿ-ի դէմ վերջին տարիներուն շղթայազերծուած ամէնէն լայնածիր ցամաքային այս գործողութեան պատճառ դառնալու կողքին, այս կուսակցութեան վերակազմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ Անգարա ի՛նչ բարդութիւններու կը բախի շրջանին մէջ արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ, որուն հիմքին մէջ «Զերօ հիմնախնդիր դրացիներու հետ» յաւակնոտ ռազմավարութիւնն է:

«Զերօ հիմնախնդրի քաղաքականութիւնը գործնականին մէջ կը նշանակէր գործ ունենալ բռնատիրական վարչակարգերու հետ: Ուրեմն, երբ Արաբական գարունը պատահեցաւ, ատիկա ի յայտ բերաւ քաղաքականութեան արմատական թերութիւնները», ըսաւ Սինան Ուլքեն` Պոլսոյ «Տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն» անկախ ուսումնասիրական խմբակի ղեկավարը:

«Զերօ հիմնախնդիր քաղաքականութիւնը չափազանց լաւատեսական էր լրջագոյն խնդիրներու լուծման համար», աւելցուց պրն. Ուլկեն:

Թուրքիա այժմ գինը պիտի վճարէ, շրջանին, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ, իր մարդկային իրաւանց ուշացած պաշտպանութեան համար: Անգարա վրդովուած է այն մտավախութենէն, թէ այս յարձակումներուն ետին ՔԱԿ-ի թիկունքին կրնան Սուրիան եւ Իրանը ըլլալ:

Դամասկոս եւ Թեհրան ամբաստանուած են ՔԱԿ-ին աջակցելու համար 1984 թուականի սկիզբէն իսկ, երբ ՔԱԿ սկսաւ պայքարի Թուրքիոյ պետութեան դէմ, որպէսզի վերջինս 20 միլիոն քիւրտ բնակչութիւնը իբրեւ փոքրամասնութիւն ճանչնայ իր սեփական քրտական ինքնավար շրջանին մէջ:

Պրն. Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը երբ 2002 թուականին ընտրուեցաւ, մշակեց արտաքին քաղաքականութիւն մը` վերականգնելու համար Թուրքիոյ դերակատարութիւնը շատ անկայուն շրջանի մը մէջ, բաղկացած` Կովկասէն եւ Միջին Արեւելքէն:

Այդ «զերօ խնդիր» քաղաքականութիւնը մշակուած է արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ, որպէսզի կառուցուին հզօր տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային կապեր Թուրքիոյ անմիջական դրացիներուն հետ:

Գործնականին մէջ այդ քաղաքականութիւնը` ռազմավարութիւնը ուղղուած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ աւանդական ռազմական սերտ յարաբերութիւններու թուլացման եւ շրջանային համագործակցութեամբ առաջատար դեր ստանձնելուն:

Իբրեւ առաջին քայլ` Անգարա բարելաւեց իր յարաբերութիւնները սուրիական վարչակարգին հետ: Մարդկային իրաւանց խնդիրները ոչ մէկ դեր խաղացին Դամասկոսի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ, թէեւ այդ գործօնը Անգարա կ՛օգտագործէր պաղեստինցիներուն աջակցելու համար:

Անգարա յաջողութիւն չունեցաւ նաեւ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ Կոլանի գծով միջնորդութիւն նախաձեռնելու հարցին մէջ:

Յաջողութեան բացակայութեան պատճառը Իսրայէլի շղթայազերծած ռմբակոծումն էր Կազայի մէջ, 2008-2009 թուականներուն: Այս յարձակումները զայրացուցին Թուրքիոյ հասարակութիւնը, եւ Անգարայի յաւելեալ ինքնավստահութիւն տուին իր դիւանագիտական փորձերուն մէջ:

Թուրքիա նաեւ փորձեց Իրանի հիւլէական հիմնախնդրի լուծման մէջ միջնորդական դերակատարութիւն ստանձնել, սակայն արժանացաւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու անվստահութեան:

Այս պարագային եւս Անգարա գրեթէ ուշադրութիւն չդարձուց Իրանի մէջ ընդդիմութեան ճնշումներուն եւ յուսախաբ ըրաւ շրջանին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան շարժումները: Ըստ մասնագէտներու, այս մօտեցումը տկարացուց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը: Փաստուեցաւ, որ Թուրքիոյ իրանեան քաղաքականութիւնը դիւանագիտական ձախողութիւն մըն է:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ փորձերուն` բնականոնացնելու իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որուն հետ դիւանագիտական կապերը խզուած են 1992-ին, զերօ խնդիրներու քաղաքականութիւնը չարդարացուց իրմէ սպասումները:

Զուիցերիոյ մէջ գաղտնի բանակցութիւններէ ետք, 2009 թուականին արձանագրութիւն մը ստորագրուեցաւ այն յոյսով, որ կը վերահաստատուին դիւանագիտական կապերը եւ սահմանները կը վերաբացուին:

Ջերմացումը շուտով աւարտեցաւ: Ազրպէյճան, որ աւանդաբար շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ, ի սկզբանէ կը կասկածէր որեւէ յառաջընթացի: Ազերի իշխանութիւնները վախցան, որ իրենք Հայաստանի հանդէպ լծակները պիտի կորսնցնեն, եթէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումը կապուած չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման:

1994 թուականէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հակակշիռին տակն է: Ազերիները փախած են Ղարաբաղէն, մինչ բնիկ հայերը խոյս տուած են Ազրպէյճանէն:

Ազրպէյճանի պայմաններուն պատճառով բանակցութիւնները անելի մատնուեցան: Փոխանակ փորձելու պահպանելու թափը նոյնիսկ Ազրպէյճանի հետ աւելի խեղճ յարաբերութիւններու վտանգով` պրն. Էրտողան նահանջեց, հեռու մնաց:

«Թուրքիա պէտք էր կեդրոնանար հայկական հարցին վրայ, որովհետեւ Հայաստան անմիջական դրացին է», ըսաւ Երեւանի Շրջանային ուսումնասիրութիւններու անկախ կեդրոնի տնօրէն Ռիչարտ Կիրակոսեան:

«Թուրքիա ի վիճակի չեղաւ Հայաստանի հետ տագնապը լուծելու: Թուրքիա ուզեց վազել` մինչեւ քալել սորվիլը», կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Քառնեկի  հիմնադրամի Կովկասի մասնագէտ Թոմ տը Վաալ:

Այնուհետեւ Արաբական գարունը եկաւ:

Թուրքիա անսպասելիօրէն հասկցաւ, անդրադարձաւ, որ կրնայ անտեսուիլ ժողովրդավարական ուժերու կողմէ, որովհետեւ ժամանակին քիչ ուշադրութիւն դարձուցած է մարդկային իրաւանց: Անգարա արագօրէն իր ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկեց:

Թուրքիա առաջին երկիրներէն մէկը եղաւ Լիպիոյ ըմբոստներուն օգնութիւն տրամադրող` յատկացնելով 300 միլիոն տոլար կանխիկ գումար: Անգարա նաեւ առաջիններէն էր, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի հրաժարականը պահանջեց:

Սուրիոյ եւ Իրանի նկատմամբ Անգարայի դիրքորոշման փոփոխութիւնը աւելի սուր է: Թուրքիա այժմ կը քննադատէ Սուրիոյ վարչակարգը: Լարուած են յարաբերութիւնները նաեւ Իրանի հետ, որովհետեւ Անգարա համաձայն գտնուեցաւ իր հողերուն վրայ տեղակայելու ամերիկեան հակահրթիռային պաշտպանութեան վահանը:

Եթէ Թուրքիա շարունակէ արտաքին քաղաքականութիւն վարել` յենելով մարդկային իրաւանց վրայ, կրնայ շրջանին մէջ յարգանք եւ աջակցութիւն ստանալ: Բայց մասնագէտները վստահ են, որ ոչ մէկ այսպիսի քաղաքականութիւն կը գործէ, եթէ Թուրքիա անկէ բացառէ քիւրտերը:

ՃԻՒՏԻ ՏԵՄՍԻ

«Տը Նիւ Եորք Թայմզ»

Share this Article
CATEGORIES