«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՀՄԱՅԵՑԻՆ ՀԱՅ ԵՒ ՕՏԱՐ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ` երեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2011-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ դպրեվանքի սանուց բազմաձայն զոյգ երգչախումբերը, Անթիլիասի «Մար Իլիաս» եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ ուշագրաւ սրբազան համերգով ելոյթ ունեցան:
Համաշխարհային կաթողիկէ լրատուական միութեան կազմակերպութեամբ Լիբանանի տարածքին գտնուող զանազան հռչակաւոր երգչախումբեր յատուկ հրաւէրով կու տան անհատական ելոյթներ, որոնց շարքին հրաւէր ստացած էր նաեւ «Շնորհալի» երգչախումբն ու Դպրեվանքի սանուց երգչախումբը:
Ելոյթը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հայ եւ օտար հոգեւորականներու, միաբան հայրերու եւ հայ թէ օտար բազմութեան ներկայութեան: Վերոյիշեալ միութեան լիբանանեան բաժանմունքի պատասխանատու հայր Թոնի Խատրա բացման խօսքով անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս հայութեան հարազատ ներկայութեան Լիբանանի եկեղեցական, քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ. «Երբ որեւէ հաւաքոյթ կամ ձեռնարկ ունինք եւ հայեր ներկայ չեն, անպայման կը զգանք անոնց բացակայութիւնը: Հայութիւնը անբաժան մասն է այս երկրի ընկերութեան», ըսաւ հայր Խատրա:
Երգացանկը բաղկացած էր Կոմիտասի, Եկմալեանի, Զարեհ արք. Ազնաւորեանի, Վ. Պետելեանի ստեղծագործութիւններէն: Շարականներ եւ հոգեւոր երգեր կատարուեցան զոյգ երգչախումբերու միացեալ երգեցողութեամբ, խմբավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի: Դպրեվանքի սանուց երգչախումբին կատարողութեամբ կոմիտասեան հոգեւոր երգերու երգեցողութիւնը, ինչպէս նաեւ «Շնորհալի»-ի կատարումով Եկմալեանի ստեղծագործութեանց երգեցողութիւնը այնքան տպաւորիչ ու առինքնող էին, որ հայ եկեղեցական երաժշտութեան այս երկու հսկաներուն հոգեւոր երաժշտութեան ապրումները զիրար ամբողջացուցին` ղեկավարին ճարտար ճպոտին ներքեւ:
Աւելի քան վաթսուն հոգի հաշուող միացեալ երգչախումբը, հոգեւորական ու աշխարհական երփներանգ ներկայութեամբ, յատկապէս Վ. Պետելեանի «Եկեղեցին հայկական» երգի կատարումով, որ երկու երգչախումբերուն միացեալ կատարած երգերէն մին էր, սրբազան համերգը հասցուց հոգեւոր ապրումներու գագաթնակէտին: Անոր կցուեցաւ անմիջապէս արական ձայներով կատարուած «Եկեալքս»ը, Կիրակնամուտի յաղթական շեշտով, Լոյսին փառաբանութեամբ:
«Կիլիկիա» մաղթերգով իր լրումին հասած հոգեւոր համերգը, որ մէկ ժամ տեւողութեամբ լեցուց ներկաներուն սրտերը, յատկապէս օտար բազմութեան վկայութեամբ պատիւ բերաւ ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ Լիբանանին` անոր արուեստի գանձանակին մէջ իր կարեւոր ներդրումը կատարելով: