ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ
ԹԵՀՐԱՆ
ՀՅԴ-Ի 121-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
11 նոյեմբերին Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 121-ամեակի նշում:
Յայտագիրը սկսաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով, ապա պաստառին վրայ ցուցադրուեցան անցեալ տարի Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ-ի 120-ամեակին նուիրուած ձեռնարկէն հատուածներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան վարչութեան նախագահ Սուրիկ Աբնուսեան, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութիւնը ծնաւ գործէն, ձեւաւորուեցաւ գործի մէջ եւ եղաւ ու մնաց գերազանցաբար գործի կուսակցութիւն:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, անոր ձեւաւորած դրոյթներուն, կուսակցութեան հիմնադիրներուն աւանդ ձգած ժառանգութեան, որոնց հիմքին վրայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ժողովրդավարութեամբ ապրեցաւ ու գոյատեւեց` ամրագրուելով իբրեւ համահայկական կուսակցութիւն:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախաձեռնութեամբ «Հայեացք` դէպի ապագայ» վաւերագրական տեսերիզը, որուն հեղինակն է Անահիտ Աբադ:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան խօսք առնելով` շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի 121-ամեակը` անդրադառնալով ՀՅԴ-ի պատմութեան քանի մը դրուագներուն, որոնք պատմական նշանակութեամբ առանցքային էին: Ան խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` շեշտեց, որ չմոռնան պատմութիւնը եւ ըլլան արժանաւոր կրողն ու ժառանգորդը իրենց ազգի պատմութեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
ԳԻՐՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ՆՇՈՒԵՑԱՒ
ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ
ՍԵՊՈՒՀ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ
Նախաձեռնութեամբ իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան, 15 նոյեմբերին Գիրքի շաբթուան առիթով «Խանէյէ քեթապ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Իրանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններուն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նշեալ նախարարութեան Կրօնական փոքրամասնութիւններու գրասենեակի տնօրէն Սայիտ Թաղաւի: Ան վշտակցեցաւ իրանահայ մտաւորական եւ «Նայիրի» հրատարակչութեան տնօրէն նորոգ հանգուցեալ Սեպուհ Ամիրխանեանի մահուան առթիւ: Ան նշեց, որ Գիրքի շաբաթուան առիթով կազմակերպուած նիստի` նպատակն է քննարկել կրօնական փոքրամասնութիւններուն մշակութային աշխատանքները եւ հրատարակութիւնները:
Իսլամական մշակոյթի եւ նախարարութեան մշակութային աշխատանքներու, հաւաքականութիւններու հարցով գերատեսուչ դոկտ. Վասֆիի իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց Սեպուհ Ամիրխանեանի մահուան համար:
Ձեռնարկին ընթացքին դասախօսական ելոյթով հանդէս եկաւ իրանահայ համայնքէն դոկտ. Լինա Մելքոնեան, որ ներկայացուց իր հրատարակած վերջին գիրքը` «Իրանի ու Հայաստանի մշակութային գործակցութիւնները եւ ընդհանրութիւնները` պատմական ժամանակաշրջանէն ցայսօր»: Խօսք առին նաեւ` ասորիներու, զրադաշտականներու եւ հրեաներու ներկայացուցիչները, որոնք անդրադարձան այն ծառայութիւններուն, որոնք ցուցաբերած են Իրանի նկատմամբ:
Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան անունով խօսք առաւ նախարարութեան մշակութային հարցերով տեղակալ դոկտ. Պահման Տոռի, որ շեշտեց այն հանգամանքը, որ պէտք է խուսափիլ տարակարծութիւններէն, որոնք Իրանի թշնամիներու ցանկութիւնն են, աւելցնելով, թէ բոլորն ալ իրանցիներ են, ինչ որ հպարտանքի արժանի է: Ան նաեւ ցաւով անդրադարձաւ Սեպուհ Ամիրխանեանի մահուան:
Աւարտին, գնահատագրեր յանձնուեցան վերջին շրջանին գիրքեր հրատարակած իրանահայեր` դոկտ. Լինա Մելքոնեանի, Աստղիկ Պապայեանի, նաեւ զրադաշտականներու, հրեաներու եւ ասորիներու ներկայացուցիչներուն:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ
ՍԵՊՈՒՀ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
18 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ իրանահայ ծանօթ հրատարակիչ ու մշակութային գործիչ, «Նայիրի» հրատարակչականի եւ օրացոյցներու տնօրէն Սեպուհ Ամիրխանեանի յուղարկաւորութիւնը:
Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ս. աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ Սարգիսեանի, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խօսք առին համալսարանի դասախօս դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, արուեստագէտ Լիդա Պէրպէրեան եւ «Թունեան» դպրոցի ժամանակի տեսուչ Շամս:
Ապա հանգուցեալին` մարմինը ամփոփուեցաւ Նոր Բուրաստան գերեզմանատան մէջ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
20 նոյեմբերի Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան ընդունելութիւններու սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում` Հայաստանէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ թեհրանահայ համայնքին մէջ աշխատող ազգային-հասարակական-քաղաքական ու մշակութային միութիւններու վարչական միաւորներու միջեւ:
«Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտիչեան խօսեցաւ հանդիպման կազմակերպման նպատակներուն մասին, ապա Հրանդ Մարգարեան հանգամանօրէն ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արդէն իսկ աշխուժ ընթացք ստացած նախընտրական իրավիճակն ու պայմանները եւ ՀՅԴ-ի ծրագրային-գործադրական պատկերացումները, ներքին ընկերային-տնտեսական, արտաքին քաղաքական զարգացումներու շրջագիծին մէջ: Այս ծիրէն ներս Հ. Մարգարեան առանձնայատուկ շեշտադրումը համարեց իշխանութիւն-ընդդիմութիւն` ժողովուրդին ու պետութեան նպաստելու եւ առողջ ու արդար ընտրութիւններու արդիւնքէն ժողովրդանուէր իշխանութիւններ ձեւաւորելու հանգամանքը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նկատել տուաւ, որ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն եւ առհասարակ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ մրցակցութիւնը պէտք չէ ենթահող ստեղծեն արտաքին միջամտութիւններու, քանզի նման դէպքի դիմաց կը տուժեն բոլորը` պետութիւնն ու ժողովուրդը:
Հանդիպումի աւարտին Մարգարեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ
ՀՅԴ-Ի 121-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 18 նոյեմբերին «Արարատ» միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 121-ամեակը:
«Արձագանգ» յանձնախումբին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արթին Մուրատեան:
Օրուան բանախօսն էր Հայաստանէն հրաւիրուած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան անդրադառնալով Հայաստանի անկախ հանրապետութեան շնորհիւ ձեռք բերուած ինքնավստահութեան` մատնանշեց կարգ մը բացասական երեւոյթներ, որոնք առկայ են ներկայիս Հայաստանի մէջ: Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ նաեւ ամփոփ ակնարկ մը նետեց վերջին 20 տարիներու ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան իրագործած աշխատանքներուն եւ որդեգրած քաղաքականութեան վրայ եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ այդ առնչութեամբ շարք մը սկզբունքներուն, որոնք անհրաժեշտ է, որ յարգուին երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն կողմէ:
Ծրագրի գեղարուեստական բաժնով Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Անանիա վրդ. Գուճանեանի, ներկայացուց յեղափոխական երգերու փունջ մը:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆԻ
ՈՍԿԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանակային յանձնախումբին, 30 հոկտեմբերին ՀԲԸՄ-ի Ալթատինայի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի «Արտաւազդ» թատերախումբի տարիներու դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական վաստակի ոսկեայ յոբելեանին տօնակատարութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Հայկ Մսրըլեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, նախ յիշեց իր մտերմութիւնը յոբելեարին հետ` միաժամանակ անդրադառնալով անոր համեստ, ազնիւ, քաղաքավար, արդար ու ընկերասէր նկարագիրի գիծերուն, յատկապէս անցած 50 տարիներուն վրայ երկարող թատերական աշխարհին ու հայ բեմին, մանաւանդ ՀԲԸՄ-ի «Արտաւազդ» թատերախումբին մատուցած ծառայութեան` մեծապէս գնահատելով նոյն խումբին անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներու բեմադրիչ Սաթամեանի հսկայ ներդրումը:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Սարգիս Մինասեան, որ նախ շեշտը դրաւ անցած յիսուն տարիներուն Սաթամեանին մատուցած յիշատակելի, օրինակելի ու անսակարկ ներդրումին վրայ: Բանախօսը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նաեւ Սաթամեանի մատուցած ծառայութիւնը, որ հայապահպանման գլխաւոր աշխատանքներու շարքին կը դասուի: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սաթամեանի մենակատարութեանց վրայ, որ նոր էջ մը բացած էր աշխարհի տարածքին հայու կեանքէն ներս:
Հանդիսութեան երկրորդ բանախօսն էր Ասատուր Կիւզելեան, որ ներկայացուց «Հայ թատրոնն ու Գրիգոր Սաթամեանը»: Ան նախ շեշտեց Սաթամեանին բազմատաղանդ ըլլալը` իբրեւ ուսուցիչ, դերասան եւ բեմադրիչ: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց հայ թատրոնին ու թատրերգութեան պատմականը: Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Արփի Մինասեան, Արա Պապայեան, Վաչէ Պարսումեան եւ Սամուէլ Իլանճեան, որոնք իբրեւ տարիներու գործակիցներ` վեր առին յոբելեարին անվերապահ ու նուիրեալ մասնակցութիւնը, զոհողութիւնը` ի խնդիր հայ թատրոնին, «Արտաւազդ» թատերախումբին եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի բարգաւաճման:
Ապա ցուցադրուեցաւ Փիթըր Մսրեանի պատրաստած տեսերիզը` Գրիգոր Սաթամեանի մասին, որ կը ներկայացնէր յոբելեարին հայ եւ օտար թատրոնին, թատերական ժապաւէնի եւ հեռատեսիլի յայտագիրներուն յիշատակելի ու պատմական ելոյթներէն նմուշներ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէտէրեանի ներկայացուցիչ Պարետ ծ. վրդ. Երէցեան կարդաց Ամենայն հայոց հայրապետին օրհնութեան գիր-կոնդակը: Այս առթիւ կարդացուեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական նամակը` ուղղուած Սաթամեանին:
Պարգեւատրման բաժինով յոբելեարը նախ ստացաւ ՀԲԸՄ-ի «Նախագահի պարգեւ»ը, եւ «Պատուոյ գնահատագիր»` շրջանակային վարչութենէն: Ան ստացաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութենէն ոսկեայ մետալ մը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութենէն` «Ուիլիըմ Սարոյեան» գնահատանքի շքանշանը:
«Արտաւազդ» թատերախումբի վարչութեան անունով ատենապետ Արա Պապայեան Սաթամեանին յանձնեց ցարդ անոր ներկայացուցած եւ խաղացած թատրերգութիւններուն թռչնագիրերով զարդարուած մեծ ու գեղեցիկ ցուցատախտակը:
Իրենց կարգին, Փոլ Գրիգորեան` Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան, իսկ Էնթընի Փորթանթինօ` նահանգին անունով, մէկական յուշագիրներ յանձնեցին Սաթամեանին: Յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ նման յուշագիրներ ուղարկած են քոնկրեսականներ Ֆայնսթայն եւ Շիֆ, ինչպէս նաեւ` Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Անթոնովիչ եւ ուրիշներ: Շնորհաւորական նամակներ ստացուած էին նաեւ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն:
Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ յոբելեարը: Ան իր գնահատանքը յայտնեց օրուան օտար հիւրերուն, որմէ ետք անդրադարձաւ հայ թատրոնի դերին եւ արժէքին` իբրեւ մեր մշակոյթի մէկ անբաժան մասնիկին:
Իր ելոյթի աւարտին Գրիգոր Սաթամեան գնահատական խօսքերով անդրադարձաւ եւ միաժամանակ վեր առաւ սիրողական իր խումբին մասնակից հին ու նոր անդամները, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբերուն նուիրեալ մասնակցութիւնը:
«ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ
ԵՒ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹԸ
30 հոկտեմբերին «Ֆելիշըն քոլեճ»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անկախութեան նաեւ «Շուշի» պարախումբի 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Սուրբ Վարդան մայր եկեղեցւոյ «Շուշի» պարախումբի 120 կրտսեր, պատանի, եւ երիտասարդ պարման-պարմանուհիները իրենց հիասքանչ շարժուձեւերով, ընկերակցութեամբ Սուրբ Վարդան մայր եկեղեցւոյ երգչախումբին, ղեկավարութեամբ երաժիշտ Խորէն Մեխանեճեանի, տաղանդաւոր երգիչներ Յովիկ Գրիգորեանի, Արմէն Յովհաննիսեանի, Սալբի Մայիլեանի, Լիլիանի եւ երաժշտական տնօրէն Անդրանիկ Մուրատեանի, խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ:
Սրահը զարդարուած էր 800 եռագոյն դրօշակներով եւ երկու կողմերէն սահիկներով կը ցուցադրուէր «Շուշի» պարախումբին 20 տարուան պատմութիւնը` հայկական պարի եղանակներով եւ իւրաքանչիւր
երգի իմաստը ներկայացնող Հայաստանի եւ Արցախի տեսարաններով:
«Շուշի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան 20 տարուան ժրաջան աշխատանքով եւ անխոնջ նուիրումով պարախումբը հասցուցած է այսօրուան բարձր մակարդակին:
Նշենք, որ «Շուշի» պարախումբին 20-ամեակի տօնակատարութիւնները պիտի շարունակուին Քալիֆորնիա, եւ յունիսին` Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՆ
Վերջերս «Յ. Պարսամեան» կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ Համազգայինի Օրենճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը, հաւատարիմ` տոհմիկ երեկոներ ներկայացնելու իր աւանդութեան, այս տարի ներկայացուց Պոլիսը:
Մասնաճիւղի ատենապետ Զարեհ Սափսզեանի բացման եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք, մատուցուեցան Պոլսոյ հայ խոհանոցին պատկանող համեղ ճաշերը` պատրաստուած կամաւոր տիկիններու կողմէ:
Օրուան բանախօս Զարեհ Սափսզեան ներկայացուց Պոլիսը` Բիւզանդական կայսրութեան օրերէն, օսմանեան շրջանէն, մինչեւ մեր օրերը: Շեշտը դնելով օսմանեան շրջանին վրայ` բանախօսը վաւերագրականօրէն եւ թիւերով ներկայացուց հայոց բերած մեծ նպաստը Օսմանեան կայսրութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս:
Սափսզեան անդրադարձաւ 1850- 1915 թուականներուն հայկական Պոլսոյ ունեցած քաղաքական, հասարակական եւ ազատագրական ազդեցութիւնը` հայ բոլոր գաղութներուն եւ զանգուածներուն վրայ, նշելով, որ այդ սերունդը լեզուական բծախնդրութիւնը պաշտամունքի վերածելով` արեւմտահայ լեզուն հասցուց փառքի ու նուաճումներու նոր գագաթներու:
Այնուհետեւ Արմէն Արոյեան սահիկներով ցոյց տուաւ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիները, գերեզմանները, նաեւ քաղաքի պատմական ու յատկանշական վայրերը:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ
ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
«ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ 51-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
15 նոյեմբերին Պուէնոս Այրեսի թատրոններէն «Էլ Նասիոնալ»ի մէջ, տեղի ունեցաւ Արժանթինահայ մշակութային միութեան «Գայեանէ» պարախումբին տարեկան ելոյթը, նուիրուած անոր 51-ամեակին:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Հայաստան» պարով և շարունակուեցաւ մօտ երկու ժամ` 17 պարերու բեմադրութեամբ: Ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երգիչներ Փապլօ Գույումճեան և Վալերիա Չերեքեան, ինչպէս նաեւ նուագողներ` Էտկարտօ Սարեան, Փետերիքօ Միքայէլեան և Արթուրօ Պույուքուրտ:
Կազմակերպութեան խօսքը արտասանեց Արժանթինահայ մշակութային միութեան նախագահ Ատրիան Լոմլոմճեան:
Նշենք, որ ներկայիս, «Գայեանէ» պարախումբին մաս կը կազմեն 45 երիտասարդներ` 13-35 տարեկան, եւ 25 մանուկներ` 5-12 տարեկան: Պարախումբը ունի գեղարուեստական խորհուրդ մը, որուն մաս կը կազմեն Հայաստանի պարի պետական համոյթի նախկին անդամ Րաֆֆի Գրիգորեանը եւ պարախումբի երիտասարդ անդամներ` Քարլոս Ակաժան, Տանիէլա Ռէյնոնէ, Մարսելա Պոյաճեան եւ Ակուսթինա Լոփես Քորվակլիա:
«Գայեանէ» պարախումբը կը պատրաստուի յառաջիկայ տարի, յուլիս ամսուան վերջաւորութեան, Հայաստանի մէջ ներկայանալ քանի մը ելոյթներով:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ