ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ Կ՛ՈՒՇԱՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԳԱՂԹԸ
ԿԱՐԳ ՄԸ ԹՌՉՆԱԶԳԻՆԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ՏԱՐԻՆ ԿԸ ԲՆԱԿԻՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՒԱՆԴԱԲԱՐ ՁՄՐԱՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ԱՅՍ ԵՐԿԻՐԸ ԱՅՑԵԼՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԱՒԵԼԻ ՈՒՇ ՈՒՂՂՈՒԻԼ ՀՈՆ : «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆԷ ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱԿՆԵՐԵՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
Սագեր, բադեր եւ կարապներ, որոնք ձմեռը կ՛անցընեն հիւսիսային Եւրոպայի ջրառատ շրջաններուն մէջ, սկսած են փոխել իրենց գաղթի պարբերաշրջանները, մինչ երկրագունդին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ:
Ֆինլանտայի մէջ ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են, թէ կարգ մը ջրահաւեր իրենց գաղթը սկսած են ուշացնել մինչեւ մէկ ամիս, բաղդատած` 30 տարի առաջուան իրենց սովորութեան:
Վայրի թռչնազգիներու եւ ջրառատ շրջաններու պաշտպան «Տը ուայլտֆաուլ էնտ ուեթլենծ թրասթ» կազմակերպութեան համաձայն, կարգ մը շատ ծանօթ թռչնազգիներու թիւը հետզհետէ կը նուազի Բրիտանիոյ տարածքին, որովհետեւ բազմաթիւ թռչուններ այլեւս չեն կտրեր մինչեւ Բրիտանիա հեռաւորութիւնը:
Ուսումնասիրութինը լոյս տեսած է թռչնաբանական «Ճըռնըլ աֆ Օրնիթոլոճի» թերթին մէջ:
Հելսինքիի համալսարանէն գլխաւոր ուսումնասիրող Ալեքսի Լեհիքոյնեն քննած է հարաւային Ֆինլանտայի մէջ Հանքօ թռչնադիտարանին վերջին 30 տարիներուն արձանագրած տեղեկութիւնները:

Ամէնէն աւելի ծոպաւոր սագը ցոյց տուած է գաղթի պարբերաշրջաններու հիմնական փոփոխութիւններ` 1979-էն ի վեր ուշանալով աւելի քան մէկ ամիս:
Կամաւորներ 1979-էն ի վեր ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛արձանագրեն թռչուններուն թիւերը` կազմելու համար «գաղթի թռչնահամար» մը: Արձանագրութիւնները ցոյց տուած են, թէ ո՛ր թռչնատեսակները Ֆինլանտայէն գաղթած են դէպի հիւսիս եւ ե՛րբ:
Լեհիքոյնեն կը նշէ. «Երեսուն տարուան թռչնահամարէն ի յայտ կու գայ, թէ կարգ մը թռչնատեսակներ մինչեւ մէկ ամիսով սկսած են ուշացնել իրենց գաղթը»:
Ուսումնասիրողներուն հաշուած 15 թռչնազգիներէն 6-ը յատկանշական ուշացումով ճամբայ ելած են գաղթի: Անոնց շարքին են աւանդաբար դէպի Բրիտանիա գաղթող թռչուններ, ինչպէս` մոխրագոյն ոտքերով սագերը եւ ծոպաւոր սագերը:
Լեհիքոյնենի եւ անոր պաշտօնակիցներուն համաձայն, ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ջրահաւերը որքա՛ն արագ կը հակազդեն կլիմայական փոփոխութիւններուն:
«Յատկանշական այլ երեւոյթ մը, որ ի յայտ եկած է մեր, ինչպէս նաեւ այլ ուսումնասիրութիւններու մէջ, այն է, թէ ջուրին ջերմաստիճանը շատ աւելի արագ թափով կը բարձրանայ, քան` օդին ջերմաստիճանը,- կ՛ըսէ Լեհիքոյնեն:- Ասիկա կը նշանակէ, թէ այս թռչնատեսակներուն համար շատ աւելի առատ ուտելիքի պաշար գոյութիւն ունի դէպի հիւսիս տարածուող շրջաններուն մէջ»:
ԵՐԱՄՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՔՐԱՆԱՆ
«Տը ուայլտֆաուլ էնտ ուեթլենծ թրասթ» կազմակերպութեան ուսումնասիրութիւններու բաժնին պատասխանատուն` Ճէոֆ Հիլթըն կը բացատրէ. «Բրիտանիա վերջին կայարանն է ճամբուն վրայ այն թռչուններուն, որոնք կը գաղթեն Սկանտինաւիայէն, Ռուսիայէն եւ Սիպերիայէն»:
«Գրեթէ վերջին կայարանն ենք, հետեւաբար կարգ մը թռչուններ այլեւս երբեք չեն գար: Անոնք կը նախընտրեն մնալ գաղթի ճամբուն բարձրերը»:
Հիլթըն, որ չէ մասնակցած այս ուսումնասիրութեան, կ՛ըսէ, թէ անիկա համահունչ մէկ պատկերը կը ներկայացնէ այն փոփոխութիւններուն, զորս ինք եւ իր պաշտօնակիցները նկատած են իրենց կազմակերպութեան հոգատարութեան տակ գտնուող ջրառատ մեծագոյն պահպանուած տարածքին` Սլիմպրիճի մէջ (Կլոուսթըրշայր):
Ան կը նշէ օրինակը սպիտակ կուրծքով սագերուն, որոնց թիւը Բրիտանիոյ մէջ միայն վերջին տասնամեակին նուազած է 75 առ հարիւր համեմատութեամբ:
«Ձմրան գագաթնակէտին, 30 տարի առաջ, սովորաբար շուրջ 6000 նման սագեր կ՛ունենայինք Սլիմպրիճի մէջ: Այժմ անոնց թիւը 500-ի շուրջ է», կ՛ըսէ Հիլթըն:
Երամներուն հետզհետէ փոքրացող թիւը կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ ջրառատ շրջաններուն բնութեան վրայ, ինչպէս կը բացատրէ Հիլթըն:

Սպիտակ կուրծքով սագերուն թիւը Բրիտանիոյ մէջ միայն վերջին տասնամեակին նուազած է 75 առ հարիւր համեմատութեամբ:
«Միջավայրի եւ անոր մէջ բնակող բոյսերուն եւ անասուններուն միջեւ կապի մեծ փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին,- կ՛ըսէ ան:- երբ յանկարծ հազարաւոր սագեր կը կորսնցնես ջրառատ շրջանի մը մէջ, ապա տուեալ շրջանը կը կրէ մեծ փոփոխութիւններ»:
«Աւելի ընդհանուր առումով, եղանակներու փոփոխութեան մեր զգացողութիւնը երկրաշարժի կ՛ենթարկուի մեր ոտքերուն տակ,- կ՛ըսէ Հիլթըն:- «Բնութիւնը կը հեռանայ մեզմէ»:
Թռչուններու պաշտպանութեան «Ռոյըլ սոսայըթի ֆոր տը փրոթեքշըն աֆ պըրծ» կազմակերպութեան թռչնազգիներու հսկողութեան եւ ուսումնասիրութեան բաժնի պատասխանատուն` Ռիչըրտ Կրեկորի կ՛ըսէ, թէ «ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ հետզհետէ ծանրացող կշիռը այն ապացոյցներուն, որոնք ցոյց կու տան, թէ վայրի բնութեան մէջ կեանքը յայտնապէս կը հակազդէ կլիմայական փոփոխութիւններուն»:
Ֆինլանտայի մէջ ուսումնասիրողներու խումբը այժմ կը յուսայ կատարել աւելի մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը` հիւսիային Եւրոպայի տարածքին ձմեռնային ջրահաւերու երամներուն վերաբերեալ, ի յայտ բերելու համար, թէ ո՛ր տեսակի ջրահաւերը իրենց բնակավայրը տեղափոխած են դէպի հիւսիս եւ ո՛ր տեսակներուն թիւը սկսած է նուազիլ աշխարհի տարածքին:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ