ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ «ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ» ԺՈՂՈՎ. ՍԱՐՔՈԶԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՊԱՀԱՄԱՐԿՈՒՄԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Մարսէյի մէջ Եւրոպական աջակողմեան կուսակցութեանց ղեկավարներու հաւաքի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Եւրոպայի համար «ապահամարկման վտանգը երբեք այսքան մեծ չէ եղած: Եւրոպա արտակարգ վտանգաւոր կացութիւն մը կը դիմագրաւէ»:
Ան նշեց, որ եւրոյի գօտիի անդամ երկիրները տակաւին որոշելու քանի մը շաբաթ ունին, սակայն ժամանակը անոնց դէմ կը գործէ:
Պրիւքսելի մէջ երէկ սկսաւ Եւրոպական Միութեան երկօրեայ վեհաժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին եւրոյի գօտիի երկարատեւ ելեւմտական ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիները: Փորձագէտներ վեհաժողովը եւրոյի գօտիի երկիրներուն համար «ճակատագրական» կը նկատեն:
Վեհաժողովին սկսելէն առաջ Սարքոզի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մշակած են Եւրոպական Միութեան ելեւմտական համաձայնագիրները փոփոխութեան ենթարկելու իրենց առաջարկներու թղթածրարը, որպէսզի ամրագրուին ելեւմտական կարգապահութեան կանոնները:
Ըստ որոշ տեղեկութեանց, կրնայ ստորագրուիլ նոր համաձայնագիր մը, որուն պիտի միանան միայն եւրոյի գօտիի 17 անդամները եւ ոչ թէ Եւրոպական Միութեան 27 անդամները: Սակայն Իրլանտայի Եւրոպայի հարցերով նախարար Լուսինտա Քրէյթըն յայտնեց, որ «մենք ալ մեր կարմիր գիծերը ունինք: Պարզապէս երկուքը (Գերմանիա եւ Ֆրանսա) համաձայնած են ըսելով ասիկա կատարուած իրողութիւն մը կարելի չէ նկատել»:
Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Չեխիոյ նման երկիրներ եւս ֆրանս-գերմանական առաջարկին նկատմամբ վերապահութիւններ ունին: Փոքր պետութիւնները կը թուին աւելի ընդունելի նկատել Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռումփոյի Լիզպոնի ուխտի բարեփոխման առաջարկը, քան զայն ամբողջովին փոխելու ֆրանս-գերմանական առաջարկը: