ԱԿՆԱՐԿ. 5 ԱՄՍՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ԵՒ 1.2 ՏԱՐՈՒԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահութեան ընտրութիւններուն արձանագրուած քուէարկութեան պատկերը առիթ ծառայած է քաղաքական շահարկումներու, տեղի-անտեղի մեկնաբանութիւններու եւ անոնց հիման վրայ կատարուած տարատեսակ եզրայանգումներու:
Անկախ թեկնածուներէն եւ արձանագրուած պատկերէն սակայն, պէտք է մտածել այս ընտրութեան պատճառահետեւանքային կացութեան մասին: Այլ խօսքով, ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ այս ընտրութիւնը եւ թէ պաշտօնավարութեան ի՞նչ ժամկէտի մասին է խօսքը:
Ազգային ժողովի նախագահի եւ անոր տեղակալի ընտրութիւնները արտահերթ էին` տրուած ըլլալով, որ անոր նախագահը յանկարծակի հրաժարական տուաւ. աւելի ճիշդը հրաւիրուեցաւ այլ պաշտօնի: Արձանագրուածը ցնցիչ քայլ էր, այն առումով, որ երկրի թիւ 2 դէմքն էր, որ մետասաներորդ պահու կը հրաժարէր իր պաշտօնէն, ստանձնելու համար յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն իշխող մեծամասնութեան ընտրական համակարգի ղեկավարութիւնը: Հասկնալի է անշուշտ, որ իշխանութիւնները այս ձեւով կ՛ուզէին յատուկ կարեւորութիւն ընծայել յառաջիկայ ընտրութիւններուն` յայտարարելով, որ անոնք որակական յեղափոխութիւն պիտի բերեն ընդհանրապէս հայաստանեան ընտրակարգին մէջ: Այսուհանդերձ այստեղ պետական մտածողութեան առումով արձանագրուած խոցելի բաժին կար: Ի վերջոյ մեծամասնութիւն ներկայացնող Հանրապետական կուսակցութեան վերապահուած մէկ պաշտօնը իրողապէս գերադասուած էր պետական բարձրագոյն պաշտօնէ մը: Անկախ ուրեմն կուսակցութենէն եւ հրաժարող անձէն, պետական պաշտօնին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումը քննարկումի նիւթ պէտք է դառնայ համակողմանիօրէն, քաղաքական մշակոյթներու կայացման նպաստող բոլոր ուժերուն կողմէ:
Իշխող կուսակցութեան մօտեցումը թափուր մնացած պաշտօնը լրացնելու առումով կը նախանշէր, որ առաջնային խնդիր չէր այս հանգրուանին պաշտօնանկում-նշանակումով ստեղծուած կացութեան լուծումը: Բոլոր նախադրեալները կը շեշտէին, որ ժամանակաւոր անցումային բնոյթ ունէր Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալին նախագահ ընտրուիլը:
Այս եղելոյթը նկատի ունենալով կ՛իմաստազրկուէր այս ընտրութիւնը յատուկ կերպով կարեւորելը եւ այդ ծիրին մէջ խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ թեկնածու առաջադրելը: Մանաւանդ որ նման քայլի մը անհրաժեշտութեան պարագային, կ՛ենթադրուէր խորհրդարանական թէկուզ փոքրաթիւ կազմեր ունեցող ընդդիմադիր ուժերու միջեւ խորհրդակցութիւն եւ համաձայնութիւն:
Այս բոլոր կէտերուն շրջանցումով Ազգային ժողովի նախագահութեան համար թեկնածուներ առաջադրելը եւ քուէարկութեան ծանօթ պատկերին յանգիլը բնականաբար առիթ պիտի տար շահարկումներու ներկայ ընթացքին: Ամէնէն առաջ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը պիտի ուզէր տեսնել դիմակաւոր ընդդիմադիրներ, որոնք իբրեւ թէ այս ձեւով ինքնաբացայայտում կատարած ըլլային:
Մինչդեռ միեւնոյն ամբաստանողները խնամքով անուշադրութեան պիտի մատնէին միաժամանակ Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան պահանջը` կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելուն կամ կառավարութեան հրաժարականի պահանջին: Այստեղ անշուշտ շատ աւելի լուրջ էր նախաձեռնութիւնը: Հիմնաւորուած էին այն բոլոր խնդիրները, որոնք աշխատանքային ծրագիրով իբրեւ առաջադրանք որդեգրուած էին կառավարութեան կողմէ, սակայն չէին իրականացուած. ոչ միայն չէին իրականացուած, այլ շատ մը պարագաներու զանոնք հակասող գործունէութեամբ հանդէս եկած էր գործող կառավարութիւնը:
Ազգային ժողովի հինգամսեայ նախագահութեան դիմաց կար տակաւին մէկ տարի եւ երկու ամիս գործելու ժամկէտ ունեցող կառավարութեան վստահութեան խնդիրը: Պարզ է, որ երկրորդի իրականալիութիւնը եւս խիստ թէական է, այսուհանդերձ անոր հիմնաւորեալ արծարծումն ու անոր վրայ հիմնուած առաջադրանքը հանրային կարծիքի ձեւաւորման համար կենսական է: Երկրորդը տեսնել չուզող եւ առաջինին հետ կապուած ենթադրեալ երեւոյթներու վրայ շահարկումներ կատարողները այս ձեւով հաւաստիութեան առումով լուրջ հարցականներ կը յառաջացնեն իրենց եզրայանգումներուն շուրջ:
«Ա.»