ՏԵՐՍԻՄԻ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՐՑՈՒՄ. ՀԱՊԱ՞ 1915-Ը

Հարցում մը կայ, որ ես բազմաթիւ անգամներ լսած եմ Թուրքիա այցելող արեւմուտքցիներէն եւ օտար դիւանագէտներէն. «Ինչ ո՞ւ շատ դժուար է թուրքերուն համար քննարկել հայկական կացութիւնը»:

Ոմանք աւելի բարդ ձեւով կը հարցնեն. «Բոլոր ազգ-պետութիւնները ունին պատմութիւններ, որոնք նշանաւորուած են շարք մը սխալ արարքներով: Ինչո՞ւ տակաւին թուրքերը չեն կրնար այս նիւթին մասին խօսիլ, հակառակ այն ամբողջ  ժամանակին, որ անցած է»:

Եւ իսկապէս, ինչո՞ւ մենք անկարող ենք ասոր մասին խօսելու:

Ասիկա հարց մըն է, որուն վերաբերեալ ես մտածելու շատ ժամանակ յատկացուցած եմ:

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Հոլանտա եւ այլ երկիրներ բոլորն ալ իրականացուցած են իրենց «ջարդերը», ոչ միայն իրենց բռնագրաւած հողերուն վրայ, նաեւ այլ վայրերու մէջ եւս:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մեզի, մենք մեր դրացիները սպաննած ենք:

Այն մարդիկը, որոնք Հիւսիսային Ամերիկա եկան, իրենց համար բնիկ ամերիկացիները շատ «նախնական», արտաշխարհային թուեցան: Բրիտանացիներուն համար հնդիկները մարդիկ էին, որոնք ապրած էին աշխարհի բոլորովին միւս կողմը:

Բայց մեզի համար հայերը մեր դրացիներն էին:

Ես կը հաւատամ, որ ասո՛ր համար հայկական ջարդերը շատ աւելի խոր սպիներ ձգած են մեր հասարակութեան, հանրութեան, վրայ, քան` եւրոպացիներուն կամ ամերիկացիներուն իրականացուցած ջարդերը:

Այլ գործօն մը, որ կ՛արգիլէ, կը խանգարէ մեզ այս հարցը քննարկելու, այն փաստն է, որ «ժամանակակից Թուրքիան» եւ «Թրքական ինքնութիւնը» հիմնուած են տեսակ մը «բացարձակութեան» վրայ:

Անոնք, որոնք հիմնեցին Թուրքիան, իրականութեան մէջ թուրքերը սահմանեցին իբրեւ մարդիկ, որոնք ոչ իսլամները չէին: Եւ կան նոյնիսկ աւելի ցաւոտ գործօններ, որոնցմէ քանի մը հատը մատնանշուած են Թաներ Աքչամի եւ այլ գրողներու կողմէ:

Հայկական ջարդերուն մէջ գործուն դերակատարութիւն ունեցած անձերէն ոմանք եւս Թրքական Հանրապետութեան հիմնադիր կազմի անդամներ էին: Այնպէս որ, անցեալի դիմակալումը նոյնպէս կը  նշանակէ, որ մենք կրնանք մեր հիմնադիր «հերոսները» կորսնցնել եւ զանոնք վերածել «ոճրագործներու» շարքերու, անոնցմով պարծենալու փոխարէնը անոնցմով ամչնալու:

Այժմ յստակ է, որ այս ամբողջ մերժողական, ժխտողական մեքանիզմին վրայ մենք թրքական ինքնութիւնը  կերտած, կառուցած ենք: Այս կացութեան վրայ ա՛յս դիտանկիւնէն նայելով` շատ բաներ յանկարծական, արագօրէն կը յստականան:

Չանաքքալէի (Կալիփոլի, Ա.) պատերազմը պատմութեան մէջ շատ ցաւոտ շրջան մըն է Թուրքիոյ համար:

Ատիկա պատերազմ մըն էր, որուն պատճառով մենք մեր ազգին տասնեակ հազարաւոր երիտասարդները թաղեցինք:

Հակառակ այդ ժամանակ Թուրքիոյ կրած ցաւին, մենք հանդուրժեցինք անզաքներու (նորզելանտացի կամ աւստրալիացի զինուորներ, որոնք փորձեցին թրքական հողեր ներխուժել) յուշակոթողները, որոնք կանգնած են մեր հողին վրայ, ինչպէս նաեւ հանդուրժեցինք այդ զինուորներուն շառաւիղները, որոնք ամէն տարի Թուրքիա կու գան անզաքներու հոգեհանգստեան արարողութեան համար:

Ուրեմն ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մինչ մենք այս բոլորը կը յաջողինք ընել, սակայն չենք կրնար մեր հայ դրացիներուն համար կաթիլ մը արցունք հոսեցնել կամ յուշակոթող մը կանգնեցնել անոնց յիշատակին:

Երբ մարդիկ կը դիմակալեն իրենց անցեալները եւ կը ճանչնան պատահածը, իրենք կը նպաստեն իրենց հասարակութեանց եղափոխութեան: Բայց երբ մենք կը ժխտենք, կը մերժենք պատահածը, անցեալէն եկող սխալները աւելի մեծ կ՛ըլլան քան այն սխալները, որոնք իրականութեան մէջ մէկ մասը կը դառնան հասարակութեան ինքնութեան:

Այս օրերուն թրքական օրակարգին վրայ տիրական է այլ կորսուած առիթ մը, որպէսզի մենք մեր անցեալը դիմակալենք:

Թրքական մամուլին մէջ հրապարակային, բաց բանավէճ մը կայ փաստաթուղթերու շուրջը, որոնք կը նշեն, որ Աթաթիւրք եւ իր զինուորական հրամանատարութիւնը անձամբ հրահանգած են Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած ջարդերու իրականացումը: Մենք որոշ ատեն մը տակաւին պիտի խօսինք Տերսիմի ջարդերուն մասին: Ասիկա` այն պատճառով, որ իշխող կուսակցութիւնը կը կարծէ, թէ այս երկրին մէջ քաղաքական որոշ ուղի մը պատասխանատու է Տերսիմի համար, եւ թէ` զայն շրջապատող «ցեխը» բնաւ իրենց վրայ պիտի չցատկէ:

Բայց նոյն այս կառավարութիւնը չ՛ուզեր քննարկել 1915-ի իրադարձութիւնները,  դէպքերը: Իրենք անկարող են 1915-ին նոյն վերաբերմունքով մօտենալու: Երբ խնդրին իրականութիւնը այն է, որ փաստօրէն Տերսիմը ոչ այլ ինչ է, քան` կրկնութիւնը նոյն տեսակի «խնդիր լուծելու» մտայնութեան, որ մենք գործնապէս տեսանք 1915-ին:

Տերսիմի ջարդերը տեղի ունեցած ատեն ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ) իշխանութեան վրայ էր: Եթէ ԺՀԿ իսկապէս պիտի դիմակալէ Տերսիմը, ուրեմն աւելին պիտի յաջորդէ:

Կան «Զմիւռնիոյ հրդեհը» Զմիւռնիոյ սպանութիւնը», «Անկախութեան ատեանները», եւ շատ մը այլ իրադարձութիւններ, դէպքեր, որոնք մեր պաշտօնական պատմութիւն վերապատմելը յաջողած է շեղել:

Անշուշտ, քանի որ ԺՀԿ-ն «պետութիւնը հիմնած» կուսակցութիւնն է, դիմակալելիք դէպքերու իր ցանկը ամէնէն երկարն է:

Բայց մինչ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը կը սկսի անցեալը դիմակալել, անկասկած հասարակութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու մէջ կան հատուածներ, որոնք պիտի հակառակին անցեալի ցաւոտ եւ ամօթալի դէպքերուն:

«Իւլքիւճիւլեր» կամ «Գաղափարապաշտ» հատուածներ իրենց անցեալը յատկանշուող բազմաթիւ ջարդերէն ոչ մէկը դիմակալած են: Հաւատաւոր իսլամներ բնաւ չեն կրցած դիմակալել այն փաստը, որ իրենք ուրուային պետութեան կողմէ իբրեւ աքցաններ, ունելիներ շահագործուած են, երբ հարցը վերաբերած է այնպիսի դէպքերու, ինչպէս Սվազի (Սեբաստիա, Ա.) ջարդերը, ալեւիներու սպանութիւնները եւ այլն:

Ձախը կը մերժէ նայիլ վայրագութեամբ լեցուած իր անցեալին: Եւ մենք այս երկրին մէջ կը շարունակենք ապրիլ չթաղուած դիակներու եւ տեղի չունեցած սուգի մէջ:

Տերսիմի նիւթով հրահրուած այս բանավէճերը Թուրքիոյ համար շրջադարձային պիտի ըլլա՞ն:

Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ներում հայցեց Տերսիմի ջարդին համար, եւ ասիկա անշուշտ շատ կարեւոր զարգացում մըն է, բայց արդեօ՞ք մենք կրնանք իսկապէս խօսիլ անցեալի անկեղծ դիմակալումի մասին, եթէ մենք բնաւ չարծարծենք, թէ ի՛նչ պատահած է 1915-ին, եւ պարզապէս միայն քաղենք մեր պատմութենէն հաճելի դէպքեր` անոնց վրայ կեդրոնանալու համար:

ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ

«Թուտէյզ Զաման»

Share this Article
CATEGORIES