ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՀՐԹԻՌՆԵՐ, ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՌՈՒՄԲԵՐ
Եթէ ասիկա՛ ըսել ուզեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, երբ «շրջանային խաղաղութիւն», կ՛ըսէր, ան ճիշդ էր: Կամ առնուազն` մասամբ:
Կը թուի, թէ Տաւութօղլուի քաղաքականութիւնները սկսած են տալ շատ սպառած պտուղը. խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն` մեր շրջանէն ներս:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Տանի Այալոն` հռչակաւոր գիւտարարը «ցած սեղանի դիւանագիտութեան», յայտարարած է, որ Յունաստան ռազմավարական առումով կարեւոր երկիր է, եւ խօսած է «Յունաստանը եւ (նախագահ Կիւլի «կէս պետութիւն) Կիպրոսը վերածելու Եւրոպայի մէջ Իսրայէլի բնական կազի ցրուումի կեդրոններու» մասին:
Կարգ մը յոյն կիպրացիներ Իսրայէլի հետ ապահովական դաշինքի առաջարկ ըրած են: Իսրայէլեան օդուժի օդաչուներ վերջերս վարժութիւններ կատարեցին կիպրական երկինքին մէջ, եւ Երուսաղէմ ծովուժի հսկողութիւն հաստատեց Կիպրոսի ասիամերձ շրջաններու` Լեւիաթան եւ Թամար ածխաջրային ամէնէն մեծ դաշտերուն շուրջը, ուր Միացեալ Նահանգներու Նոպըլ Էներճի ընկերութիւնը կը պատրաստուի աշխատանքի սկսելու:
Թերեւս իսրայէլա-կիպրական դաշնակցութիւնը արդէն իսկ փաստ է, իրողութիւն, այլ ոչ միայն առաջարկ:
Միաժամանակ, Լիբանան, որ արհեստագիտականօրէն կամ իրողապէս պատերազմի մէջ է Իսրայէլի հետ (եւ ուր վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ժողովուրդին համար հերոս է, բայց շատ աւելի նուազ` Հըզպալլայի համար), Կիպրոսի հետ բանակցութեան մէջ է ճամբան յարդելու համար իրենց ափամերձ շրջաններու ազատագրութեան վերաբերեալ 2007-ի համաձայնութեան գործադրութեան:
Բացի ատկէ, Լիբանան եւ Կիպրոս կը ծրագրեն կառուցել բարձր կարողականութեամբ եւ հզօրութեամբ ենթածովային պողպատեայ լարային համակարգ մը` իրենց հողերուն միջեւ: Ցանցը դէպի եւրոպական ուղղութիւններով կապ մը պիտի ըլլայ` Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի միջեւ հաղորդակցութեան կամուրջ մը ստեղծելով:
Այս բոլորը շատ աղուոր, չափազանց համագործակցական, եւ շրջանային խաղաղութեամբ կը յատկանշուին: Շնորհակալութի՛ւն, փրոֆ. Տաւութօղլու:
Բայց պրն. Տաւութօղլուի շրջանային խաղաղութեան վերաբերեալ յաւակնութիւններուն համար պզտիկ, փոքր խնդիր մը կայ: Քանի մը տարի առաջ (երբ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները իր իսլամ դրացիներուն հետ «օ՜հ, շատ բարեկամական եւ եղբայրական» էին, եւ ամէն ոք կը սիրէր խօսիլ մեր դրացիներուն հետ զերօ խնդիրներու մասին) ես այս սիւնակին մէջ խորհուրդ տուի բոլորին` «ետ դառնալ եւ փախչիլ, երբ Անգարա խաղաղութեան մասին խօսի»:
Վերջին երկու տարիներուն պրն. Տաւութօղլուի վարած քաղաքականութիւնը կրնայ կառուցած ըլլալ խաղաղութիւն եւ ընդլայնած` համագործակցութիւնը Յունաստանի, Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ աշխարհառազմավարական վերադասաւորման մէջ: Բայց փոքր խնդիրը այն է, որ քաղաքականութեան մշակումը կը նպատակադրէր խաղաղութեան կերտում եւ համագործակցութեան ընդլայնում Թուրքիոյ եւ իր դրացիներուն, այլ ոչ թէ Թուրքիոյ հակառակորդներուն եւ անցեալի դաշնակիցներուն միջեւ:
Իրանեան մամուլը (այսինքն` կառավարութիւնը) պնդեց, որ սուրիական Սքուտ տիպի հրթիռներ այժմ պատրաստ են հարուածելու Թուրքիոյ տարածքը: Նաեւ` իրանցի բարձրաստիճան հրամանատար մը զգուշացուց, որ Իրան պիտի ռմբակոծէ Թուրքիան, եթէ Միացեալ Նահանգներ կամ Իսրայէլ քանդեն հիւլէական իր կայանները:
2009-ին «զերօ խնդիրներ մեր դրացիներուն հետ»-ը 5 բառնոց շքեղ, մտահաճոյ տող մըն էր: Այսօր ատիկա կը նշանակէ` պատժելով հակադարձել Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) յարձակումներուն` հիւսիսային Իրաքէն, եւ թրքական օդային յարձակումներ իբրեւ հակադարձութիւն, ինչպէս նաեւ Թուրքիան թիրախ բռնած սուրիական Սքուտներ եւ թրքական տարածքը ռմբակոծելու վերաբերեալ իրանեան սպառնալիք:
Ատիկա նաեւ կը նշանակէ թրքական սպառանալիք` մարտանաւերով եւ ռազմական օդանաւերով հսկելու Կազա ուղղուող ամէն նաւախումբ (սպառնալիք մը, որ իմաստուն կերպով չգործադրուեցաւ, երբ այդպիսի երկու նաւեր նոյեմբերի սկիզբը դէպի Կազա նաւարկեցին), եւ թրքական սպառնալիք մը ուժ գործածելու` արգիլելու համար Միջերկրականի մէջ կազի կամ քարիւղի իսրայէլեան եւ կիպրական որեւէ հետախուզութիւն: Անգարայի մէջ արդի օսմանցիները կը պնդեն, թէ ոչ մէկ հետախուզութիւն կրնայ տեղի ունենալ:
Հեգնականօրէն Թուրքիա միացած է Արաբական լիկայի 22 անդամներուն, որոնք պատժամիջոցներ հաստատեցին Պաշշար Ասատի Սուրիոյ մէջ, ուր վարչակարգը կը ճնշէ իր ժողովուրդը:
Դարուն կատակը պէտք է ըլլայ այն, որ ամբողջ ակումբ մը` էմիրութիւններու, թագաւորութիւններու եւ շարիայի պետութիւններու, ուր ընդդիմութիւնները տեղ իսկ չունին լրատուութիւններուն մէջ, ուր մարդիկ, իբրեւ օրինական պատիժ, կը մտրակուին, կը քարկոծուին եւ ամէն տեսակի քարէ դարաշրջանի վայրագութեանց կ՛ենթարկուին (ներառեալ` Սուտան, որուն նախագահին դէմ ձերբակալման միջազգային հրամանագիր ուղղուած է մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար), առաւել Թուրքիա, ուր այլախոհութիւնը վտանգաւոր խաղ է, Դամասկոսի բռնապետին պիտի սորվեցնեն լաւ վարուիլ իր ժողովուրդին հետ:
Եւ որպէսզի Յունաստանի եւ յոյն կիպրացիներուն դաս տայ, Թուրքիոյ ուժանիւթի պետական ընկերութիւնը քարիւղ պիտի հետախուզէ (ամբողջական պետութեա՜ն) հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան մէջ:
Յաջողութի՛ւն, պարոնայք:
Ես կը պնդեմ, որ իմ համեստ խորհուրդս տակաւին ի զօրու կը մնայ:
Երբ Անգարա խաղաղութեան մասին խօսի, պէտք է միայն դառնալ եւ փախչիլ:
ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ
«Հիւրրիյէթ»