ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ. ՍԻՐԵՑ ԵՒ ՍԻՐՈՒԵՑԱՒ ԲՈԼՈՐԷՆ

Պելճիքայի փոքրիկ հայ գաղութը համբաւ ունեցած է պահպանողական ըլլալու ու շատ դժուար եղած է ազգային գաղափարներու, ինչպէս` անկախ Հայաստանի եւ իր դրօշակի (կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն) հոն տարածումը:

Մելանքթոն եւ Հայկ իրենց զաւակներով սերտօրէն կապուած էին հայութեան ու հայրենիքին: Անոնք հայապահպանման հետեւողական եւ յամառ աշխատանք տարին` մասնակցելով մեր հայ գաղութին ընդհանուր ժողովներուն: Իրենց աջակցութիւնը բերին նուիրատուութիւններով` զանազան հանրօգուտ հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, գլխաւորապէս Լիբանանի մէջ, նկատի ունենալով այդ մեծ գաղութին կարեւոր դերը ազգային եւ մտաւորական մարզերուն մէջ: Այսպէս, Մելանքթոն Արսլանեան  Ճեմարանի նոր շէնքի կառուցման համար խոստացաւ իր կարեւոր մասնակցութիւնը: Հայկ Արսլանեան, եղբօր մահէն ետք, հանգուցեալին տիկնոջ հետ, շարունակեց Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին փոխանցել իրենց խոստացած գումարները: Այս մեծ ընտանիքը Պրիւքսելի մէջ եւս հայկական եկեղեցւոյ շինութեան առթիւ մեծ գումարներ տրամադրեց, որոնց շնորհիւ անոր կառուցումը կարելի եղաւ աւարտել: Անոնք նաեւ օժանդակեցին Հայաստանին` թէ՛ խորհրդային շրջանին, թէ՛ անկախացումէն ետք:

Հայկը յանդուգն էր: Ինքնաշխատութեամբ զարգացում ձեռք ձգեց. գիտէր շատ մը լեզուներ` ֆրանսերէն, ֆլամաներէն, արաբերէն. կը հասկնար ափրիկեան գաւառաբարբառները:

Շրջապատի պայմաններն ու դէպքերը, բարձրագոյն ուսումի փոխարէն, զինք ուղղեցին, շնորհիւ իր երէց եղբօր` Մելանքթոնին, դէպի Ափրիկէ, ադամանդի ասպարէզ: 1962-ին, Անվերսի մէջ «Արսլանեան եղբայրներ» անունով մուտք ունեցան ադամանդի սակարանին մէջ, ուր հրեաները կը տիրապետէին: Քանի մը տարի ետք արդէն հանրածանօթ, շատ մեծ այդ ընկերութիւնը տարածեց իր գրասենեակները արեւմտեան Ափրիկէի, Քանատայի եւ այլ երկիրներու զանազան քաղաքներուն մէջ: Երկու եղբայր ունեցան մեծ յաջողութիւններ, մանաւանդ` Ափրիկէի մէջ: Հայկը յաջողեցաւ իրաւասութիւն ձեռք ձգել օրինաւոր կերպով ադամանդ գնելու (մինչ այդ հրեաներու ձեռքն էր այդ մէկը) ու հիմնեց «Ադամանդի Ազատ վաճառականութիւն» անունը կրող հաստատութիւնը: Իր զաւկին` Շահէի պնդումին վրայ 1992-ին Հայաստանի մէջ Հայկ Արսլանեան հիմնեց, շատ դժուարին պայմաններու մէջ, «Լոռի» ադամանդի յղկումի առաջին սեփական գործարանը:

Հայկ ստացաւ շատ մը շքանշաններ.

1988-ին Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ` «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանը:

2001-ին  Հայաստանի նախագահ Ռ. Քոչարեանի ձեռամբ` «Անանիա Շիրակացի» շքանշանը:

Աչքառու էր այն, որ Հայկ իր համոզումներուն տէրն էր ու զանոնք քաջաբար կը պաշտպանէր: Տեղւոյս ընդհանուր ժողովներուն մէջ ան խօսեցաւ համարձակօրէն` արտայայտելով միշտ այն, ինչին սրտանց կը հաւատար: Դիւրաբորբոք էր բնաւորութեամբ, բայց` անյիշաչար: Ծանօթութիւն ունէր ամէն հարցի մասին: Անդրդուելի էր իր համոզումներուն մէջ: Առանց յարանուանական խտրութեան սիրեց մարդիկը ու սիրուեցաւ անոնցմէ` Անվերսի եւ Պրիւքսելի մէջ:

Հայկի նկարագրին գնահատելի գիծը բարութիւնն էր: Հպարտ իր հայրենասիրական զգացումներով` ան ջերմօրէն հաւատարիմ մնաց իր գաղափարներուն, որոնցմէ հիմնականն էր` «Լաւագոյն ձեւով ծառայել հայրենիքին»:

Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ հոկտեմբեր 22-ին, եռագոյնով ծածկուած դագաղին հետեւեցաւ զինք սիրող բարեկամներու բազմութիւն մը:

ԱՅՏԱ ՄԱԹՈՍԵԱՆ

Պրիւքսել-Պելճիքա
28 հոկտեմբեր, 2011

 

ԱԶԳԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԸ ԿԱՏԱՐԱԾ
ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅ

Շուրջ երկու ամիս առաջ, Պելճիքայի Անվերս քաղաքին մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Հայկ Արսլանեանը:

Հայկ Արսլանեան Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսն էր: Եղած էր հայ գոհարավաճառներու միութեան առաջին նախագահը, հիմնադիրն էր Հայաստանի մէջ ադամանդ տաշելու առաջին գործարանին: Հայկ Արսլանեանին անունը կը զարդարէ, երեսնամեակէ մը ի վեր, իր երէց եղբօր` հանգուցեալ Մելանքթոնի անունին հետ, Համազգայինի Հայ Ճեմարանը: Թերեւս Ճեմարանի նոր շէնքի շինարարութեան համար կատարուած նուիրատուութիւնը Արսլանեան եղբայրներու մեծագոյն յատկացումն էր ազգային նպատակի մը, սակայն միակը չէր: Հայկ Արսլանեանը, եւ իրմէ առաջ Մելանքթոն Արսլանեանը, լուսարձակներէ հեռու բազմաթիւ նուիրատուութիւններ կատարած են` իրենց հնարաւորութիւններուն ներած չափով զօրավիգ կանգնելով Հայաստանին, Հայ դատին, հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, հայկական ինքնութեան պահպանման ի խնդիր մղուող պայքարին:

Արսլանեան երկու եղբայրներու նուիրատուութիւնը լիբանանեան պատերազմի ամէնէն թէժ պահուն կարելի դարձուց Ճեմարանի նոր համալիրին կառուցումը: Ճեմարանը ազատեցաւ գաղթական վիճակէն: Ճեմարանը, որ թափառական դարձած էր, կորսնցուցած էր իր աշակերտական զանգուածին զգալի մասը` եւ որուն աճման դրական ընթացքը շրջուած էր, դարձած` ժխտական: Ռումբերու տակ Ճեմարանի կառուցումը կարելի դարձնելով` Արսլանեան եղբայրները Լիբանանի ու լիբանանահայութեան նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կը բացայայտէին ու ճեմարանական հայեցի ուսման արժէքը կը կարեւորէին:

Նորահաս սերունդներու առողջ կրթութիւնը, անոնց բազմակողմանի ուսման կազմակերպումը ազգերու գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքը կը հանդիսանան: Մեր պարագային, ազգային կեանքի աշխուժութեան ապահովումը, մշակոյթի ստեղծագործական զարգացումը, ազգային աւանդոյթներու նորացուած պահպանումը, տնտեսական բարգաւաճումը եւ ընկերային բարենպաստ յարաբերութիւններու մշակումը հարկատու են բովանդակալից ուսման եւ հայեցի դաստիարակութեան:

Այս ծաւալուն գործառոյթը պետական աջակցութիւն ու կազմակերպում կ՛ենթադրէ: Իսկ սփիւռքը պետութիւն չէ: Պետութեան դերը վերցնելու հարկադրանքին տակ է սփիւռքի հայ հանրութիւնը: Նիւթական բերած ծանրութիւնը առաւելաբար կը վերցնեն ծնողները, պակասը կը լրացնեն ուսումնական հիմնադրամները ու յատկապէս` նուիրատուները: Այս դրութիւնը դժուարութեամբ կրնայ բաւարարել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող դպրոցի մը ընթացիկ գործունէութիւնը: Գոյութիւն ունենալու համար բացառիկ մեծ ներդրումներ անհրաժեշտ են, որոնք ահա կը կատարուին նիւթական միջոցներ ունեցող ու մանաւանդ տեսիլք ունեցող անհատներու կողմէ:

Որեւէ գործի մէջ ներդրումները կը կատարուին շահի ակնկալիքով: Շահը առաւելաբար նիւթական է անշուշտ, սակայն անիկա կրնայ նաեւ ըլլալ բարոյական: Ազգին գոյատեւումը, նոր սերունդներու հայեցի նկարագրի կազմաւորումը նիւթականէն գերիվեր շահ է:

Շահ է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ապրին ազգային հոգերով, որոնց համար հայրենիքն ու ազգը գերագոյն արժէքներ են, որոնց համար հաւաքական նպատակներու իրագործումը կը գերազանցէ անձնական բարօրութեան հասկնալի եւ օրինական պահանջը:

Ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ որդիական պարտքի զգացողութեան տէրերէն մէկն ալ կորսնցուցինք:

Սակայն, կորսնցուցի՞նք արդեօք Հայկ Արսլանեանը: Կորսնցուցա՞ծ էինք իր երէց եղբայրը` Մելանքթոն Արսլանեանը:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, կրթական այս պատկառելի հաստատութիւնը վկայարանն է իրենց անդրշիրիմեան կեանքին: Ճեմարանի ճակատին, պաշտօնաթուղթերուն ու ճեմարանական վկայականներուն վրայ ճաճանչող իրենց անունները զիրենք դարձուցած են անդամ` ազգին ու հայրենիքին բարգաւաճման, հայու տեսակին գոյատեւման համար ներդրում կատարած բարերարներու, հայոց պատմութիւնը զարդարող մեկենասներու ստուար փաղանգին:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ (1927-2011)

Ծնած է Հալէպ, 29 մարտ 1927-ին, արմատները` Այնթեպէն: Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1946-ին կը նետուի գործի ասպարէզ իր եղբօր` Մելանքթոնի հետ հիւսուածեղէնի գործարանի մէջ, հանդիսանալով նաեւ բաժնետէր: 1948-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Լիբանան: 1951-ին Հայկ կը մեկնի Արեւմտեան Ափրիկէ: 1952-ին իր եղբօր հետ միասին կը հիմնեն ադամանդի եւ ոսկերչական ընկերութիւն մը: 27 տարեկանին ան իր աշխուժ գործունէութեան շնորհիւ մեծ ճանաչում կը գտնէ զանազան երկիրներու մէջ եւ ադամանդի առք ու վաճառքի աննախադէպ իրաւունք կը ստանայ: 1958-ին կ՛ամուսնանայ Շաքէի հետ եւ կ՛ունենան չորս զաւակներ` Արմէն, Շահէ, Վիգէն եւ Սանտրա: 1962-ին Արսլանեան եղբայրները Պելճիքայի Անտվերպըն քաղաքին մէջ կը հիմնեն «Արսլանեան եղբայրներ» ընկերութիւնը, որ կ՛ունենայ իր գրասենեակները եւ գործարանները` Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի, Քանատայի, Աւստրալիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ: Հայկ Արսլանեան սերտ յարաբերութիւն ունենալով կարգ մը ափրիկեան երկիրներու նախագահներու հետ` կ՛օժանդակէ այդ երկիրներու զարգացման եւ յառաջդիմութեան: 1992-ին, Հայաստանի մէջ կը հիմնէ «Լոռի» գործարանը: Մեծ է իր եւ զաւկին` Շահէ Արսլանեանին դերը Հայաստանի ադամանդագործութեան վերականգնման մէջ: «Լոռի» գործարանը յաջողութեամբ կ՛աշխատի եւ անոր շնորհիւ է, որ Հայաստանը այսօր կը ճանչցուի իբրեւ ադամանդագործութեան միջազգային կեդրոն: 1994 թուականէն սկսեալ կը հանդիսանայ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ: 1999-էն մինչեւ 2006 եղած է հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ: Սփիւռքն ու Հայաստանը Հայկ Արսլանեանը կը ճանչնան իբրեւ մեծ բարերար: Անոր բարերարութիւններուն շնորհիւ կառուցուած են շարք մը դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանով: Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով:

ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԳՐՈՒԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾԷ ՄԸ

Սփիւռքահայութիւնը մեծ դեր ունի Հայաստանի անկախութեան ամրացման մէջ` զօրաւոր կապեր հաստատելով վաճառականական գետնի վրայ, գործարաններ եւ այլ ձեռնարկներ մէջտեղ բերելով եւ գործ հայթայթելով հայ գործաւորին արտադրութիւնը շատցնելով եւ, մէկ խօսքով, բարելաւելով տնտեսական կացութիւնը`  հայրենիքին:

Կրնամ ըսել, որ իմ նշանաբաններէս կարեւորագոյնը պիտի ըլլայ` ա՛յս գծով աշխատանք տանիլ:

Անշո՛ւշտ Հայաստանի վերականգնման համար կարեւոր եւ էակա՛ն ազդակը Ղարաբաղի խնդիրն է: Կը մաղթեմ ամբողջ հոգւովս որ Ղարաբաղի հարցն ալ լուծում մը գտնէ եւ ճանչցուի ղարաբաղցիներուն իրաւունքը` ապրելու ազատ, անկախ Ղարաբաղի սուրբ հողին վրայ, եւ վերջ գտնէ Հայաստանի տնտեսական պաշարումը, որպէսզի վերականգնումի սուրբ գործը սկսի եւ Հայաստանի անկախութիւնը ամրապնդուի, որպէսզի ալ երբե՛ք չկորսնցնենք մեր ազատութիւնը եւ Հայաստանն ու Ղարաբաղը մնան ընդմիշտ ազատ ու անկախ:

Կեցցեն մեր Ղարաբաղի հերոսները:
Կեցցէ՛ Ղարաբաղը:
Կեցցէ՛ Հայաստանը:

ՄԵԾ ՊԱՊԱՅԻՍ

Սիրելի՛ մեծ պապա,

Շատ ցաւալի եւ տխուր է, որ դուն հեռացար այս աշխարհէն, բայց ես քեզմէ պիտի խնդրեմ, որ վայելես քու նոր գտած եւ արժանի հանգստութիւնդ: Դուն մեզի համար եղար օրինակ` սորվեցնելով ընտանիքի արժէքը եւ միասնութեան ուժը: Գիտցիր, որ մենք միշտ պատրաստ ենք իրարու օգնելու: Դուն մեզի սորվեցուցիր հայրենասիրութիւն, եւ մենք մի՛շտ հպարտութեամբ հայկական մշակոյթը արթուն պիտի պահենք: Ես գիտեմ եւ կը զգամ, որ երբ որ քեզի պէտք ունենամ, դուն երբեք շատ հեռու չես ըլլար: Քու մասիդ մտածելով է, որ ես ուժ պիտի ունենամ իմ կեանքիս մէջ յառաջ երթալու եւ շատ հպարտ եմ, որ իմ անունս ալ Հայկ է:

ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ (կրտսեր)

Զաւակը` Շահէ Արսլանեանի
Թոռնիկը Հայկ Արսլանեանի

 

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Խորին ցաւակցութիւն եմ յայտնում ձեզ եւ ձեր հարազատներին շատ սիրելի Հայկ Արսլանեանի մահուան կապակցութեամբ:

Հայաստանում բարձր ենք գնահատում հայ ժողովրդի նուիրեալ զաւակի` թէ՛ որպէս գործարարի եւ թէ՛ որպէս բարերարի գործունէութիւնը` միտուած հայ ինքնութեան պահպանմանը, հայ սփիւռքի զարգացմանը եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերի ամրապնդմանը: Աւելի քան մէկ տասնամեակ ազնուօրէն ծառայելով որպէս Պելճիքայի Թագաւորութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս` Հայկ Արսլանեանն իր անուրանալի աւանդն է բերել նաեւ հայ-պելճիքական համագործակցութեան սերտացման ու ընդլայնման գործին:

Մեր ազգային խնդիրների հանդէպ հետեւողական նուիրուածութեան, բեղուն եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան, մարդկային բարձր նկարագրի շնորհիւ Հայկ Արսլանեանն արժանիօրէն վայելում էր մեր ժողովրդի սէրն ու յարգանքը:

Մխիթարական խօսքերն ի զօրու չեն ամոքելու ձեր վիշտը: Այս ծանր պահին ձեր ողջ գերդաստանին մաղթում եմ տոկունութիւն եւ ոգու արիութիւն:

Խոր յարգանքով`
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

**

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Մեծ վշտով տեղեկացայ բոլորի կողմից յարգուած ու սիրուած Հայկ Արսլանեանի մահուան մասին:

Նա այն երախտաւորներից էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման առաջին իսկ օրից անմնացորդ նուիրումով իր ողջ ուժն ու եռանդը ներդրեց`  աջակցելու Մայր Հայրենիքին ու Արցախին:

Հայկ Արսլանեանի մահով մեր ժողովուրդը կորցրեց իր արժանաւոր զաւակներից մէկին, մեծ հայրենասէրի ու բարերարի:

Անդառնալի կորստի այս դժուարին պահին խորապէս կիսում եմ ձեր վիշտը, մաղթում ուժ եւ տոկունութիւն:

Խորին վշտակցութեամբ`
Էդուարդ Նալբանդեան

**

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Մեծ վշտով տեղեկացայ ձեր հարազատի` մեր շատ սիրելի Հայկ Արսլանեանի մահուան մասին: Այս կորուստը ծանր է բոլորիս համար:

Հայկ Արսլանեանի հայրենասիրութիւնը եւ ազգանպաստ գործունէութիւնը եղել է օրինակելի հայութեան համար: Նա առաջիններից էր, որ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալեց Հայաստանում` նպաստելով հայրենիքի բարգաւաճմանը:

Անգնահատելի է եղել պարոն Արսլանեանի` որպէս հայ բարերարի գործունէութիւնը Հայաստան-սփիւռք կապերի ամրապնդման եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան համախմբման գործում, նաեւ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պելճիքայում Հայաստանի դեսպանութեան հիմնադրման եւ Հայաստան-Պելճիքա երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման գործում:

Վստահ եմ, որ Հայկ Արսլանեանի ժառանգները արժանապատիւ կերպով կը պահեն նրա յիշատակը` շարունակելով դաւանել նոյն հայրենասիրական արժանիքներին` պահելով իրենց հայեցիութիւնը, ինչպէս որ փափաքում էր իրենց հայրը:

Սիրելի՛ տիկին Շաքէ, ընդունէք խորին ցաւակցութիւններս եւ իմացէք, որ ձեզ հետ միասին  աղօթում ենք պարոն Հայկի հոգու հանգստութեան համար:

Պրիւքսէլ, 17-ը հոկտեմբերի 2011 թ.

Յարգանքով`
Աւետ Ադոնց
ՀՀ դեսպան

Share this Article
CATEGORIES