ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՆԱՆ ՅՈՅՍԷՆ ԵՏՔ, ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՁՄՐԱՆ ՑՈՒՐՏԸ
Թունուզցի մրգավաճառի մը, իբրեւ գրգռութեան կոչ, ինքնահրկիզումի արարքէն ետք, որ բողոքի ցոյցեր պիտի բոցավառէր եւ տապալէր երկարատեւ իշխող բռնատէրեր, արաբական աշխարհին վրայ ծանր, խիստ ցուրտ մը այժմ կ՛իջնէ:
Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ խաղաղ ցոյցերը, որոնք կ՛ենթադրուէր թէ ժողովրդավարութիւն պիտի բերէին, փոխարէնը ճամբայ բացած են արիւնահեղութեան եւ քաոսի, երբ բռնատիրական ուժերը կը փորձեն ժամացոյցը ետ տանիլ:
Տակաւին շատ կանուխ է ըսելը, որ Արաբական գարունը մեկնած է անվերադարձ, բնաւ պիտի չվերայայտնուի: Սակայն Արաբական ձմեռը յստակօրէն ժամանած է:
Թունուզի մէջ, ուր սկսաւ ամէն ինչ, վերջերս ազատ ընտրութիւն կայացաւ: Բայց այդ երկիրը (փոքր, ազգագրական, կրօնական գետնի վրայ միատարր եւ բարեկեցիկ) միշտ եղած է ժողովրդավարութեան բարեյաջող անցումի առաւել հաւանական թեկնածուն:
Միջին Արեւելքի այլ վայրերու մէջ սէուտական ուժերը օգնեցին համակարգելու Պահրէյնի ցուցարարներու ցրւումը, վարչակարգի ուժերը Սուրիոյ մէջ ցուցարարներուն վրայ կրակեցին եւ սպաննեցին, իսկ Եմէն կը խրի քաղաքացիական պատերազմի մէջ, այն պահուն, երբ Քայիտա անարգել կը շրջի գիւղական շրջաններու մէջ: Լիպիոյ մէջ մենք կը տեսնենք պատերազմի օրերէն մնացած պետեր, իսլամականներ, ցեղախմբային առաջնորդներ եւ կեղծ ժողովրդավարներ, որոնք յետքազզաֆի աշխարհին մէջ իշխանութեան համար մրցումի ելած են, ուժի կը ձգտին: Եւ Եգիպտոսի մէջ, ուր նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի անկումը, տապալումը, փետրուարին, մեզի որոշ պատկերներ տուաւ Արաբական գարնան մասին, զինուորականութիւնը կը փորձէ իշխանութեան վրայ պահել իր ձեռքերը:
Ուրեմն, ի՞նչ բան սխալ ընթացաւ, եւ Արաբական ձմեռը ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի, Միացեալ Նահանգներու եւ մնացեալ աշխարհին համար:
Պատճառը, որ Միջին Արեւելքը երկար ատենէ ժողովրդավարութեան համար անբերրի հող կը թուէր, այն չէ, որ արաբ ժողովուրդները չեն ուզեր քուէարկել կամ այլապէս ազատ ըլլալ (իրերայաջորդ քուէարկութիւններ հակառակը կը փաստեն), այլ այն, որ արմատաւորուած բռնապետերը երկար ատենէ ազատազրկած, սպաննած են այլախոհներ, գնած, կաշառած են ընդդիմադիրներ, հիմնայատակ քանդած են քաղաքացիական հասարակութիւններ եւ պառակտած կամ սարսափեցուցած են իրենց ժողովուրդը:
Եւ երբ բռնապետերը կը տապալին, միշտ չէ, որ իշխանութիւնը պահելու իրենց միջոցները իրենց հետ կ՛իյնան:
Եգիպտոսի մէջ զինուորականութիւնը նախագահ Մուպարաքը առաջնորդեց պաշտօնանկութեան, բայց ինք մնաց` իբրեւ ենթադրեալ հոգատար եւ չ՛ուզեր զիջիլ իշխանութիւնը: Ապահովական ուժերը Թահրիր հրապարակին վրայ կրկին մարդիկ սպաննեցին վերջերս:
Եմէնի եւ Լիպիոյ մէջ ցեղախումբեր եւ այլ ուժի կեդրոններ յաճախ կը հակադրուին հին կարգին, բայց իրենք նաեւ զիրար մրցակիցներ կը տեսնեն:
Ամբողջ շրջանին մէջ ոստիկանութիւնն ու արդարադատական համակարգը քանդուած է տարիներ տեւած բռնատիրութեան պատճառով, սակայն ոչինչ կայ ատոնց տեղը առնող:
Աւելի՛ն. ցոյցերը, որոնք առաջնորդեցին տապալելու տիրակալներ, ինչպիսիք են Մուպարաքը եւ Թունուզի Զէյն Ապիտին Պըն Ալին, հազիւ թէ ներկայացուցին, առաջարկեցին յստակ այլընտրանքային կառավարում:
Հակառակ անոր որ ատոնք մարմնաւորեցին ժողովրդական իսկական զեղուն զայրոյթը, ցոյցերը հիմնականին մէջ առանց ղեկավարի էին եւ` թոյլ կազմակերպուած, յաճախ` ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումով: Չկար Ափրիկեան ազգային քոնկրես, կամ` Քորազոն Աքինօ, սանձը ձեռք առնելու համար: Դուք չէք կրնար կառավարել «ֆլեշ մոպ»-ով: («Ֆլեշ մոպ»-ը պետական արգելքները շրջանցելու համար յղացուած ձեւ մըն է, ուր ցուցարարներ անակնկալ եւ արագ ցոյցեր կը կատարեն. Ա.):
Եւ ընդդիմութեան ձայները, որոնք կազմակերպուած էին, անպայման ամէնէն ժողովրդավարականները չէին: Արաբական գարունով իսլամական ուժերը ցցուն դարձան:
Թունուզի մէջ չափաւորական իսլամական կուսակցութիւն մը օգոստոսի ընտրութիւններուն յաղթանակ տարաւ` խորհրդարանի 217 աթոռներէն 89-ն նուաճելով, 29 աթոռով գերազանցելով իրեն ամէնէն մօտիկ (աշխարհիկ) մրցակիցը:
Մարոքի մէջ, ուր թագաւորը որոշ չափով «բացաւ» քաղաքական համակարգը, իսլամական կուսակցութիւնը նոյնպէս ստացաւ քուէներուն մեծամասնութիւնը, նոյեմբերի ընտրութեան մէջ:
Երկար տարիներու գաղտնի, ընդյատակեայ գործունէութեամբ կրթուած իսլամական խումբերը ժողովրդական աջակցութիւն կը վայելեն` շնորհիւ իրենց յատկացուցած ընկերային ծառայութիւններուն եւ այն ճնշումներուն համար, որոնցմէ տուժած են, տառապած են: Անոնց արտօնուեցաւ հասարակութեան մէջ դերակատարութիւն մը ունենալ, բայց` քաղաքական սահմանափակ մասնակցութեամբ: Այժմ, երբ խումբեր, ինչպէս Իսլամ եղբայրները, խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններուն մէջ կը յաջողին, անհաւանական է, որ անոնք ընդունին այն հին գործարքները, սակարկութիւնները Եգիպտոսի մէջ զինուորական խունթային, կամ այլ վայրերու մէջ հին վարչակարգի ուժերուն հետ:
Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները սորված են միշտ խօսիլ բազմակարծութեան եւ հանդուրժողականութեան յանձնառութեան մասին, բայց յստակ չէ, որ իրենք այդպէս պիտի գործեն, երբ իշխանութեան գան: Աւելի արմատական, կարծր իսլամներ բացէ ի բաց թերահաւատ են ժողովրդավարութեամբ` ատիկա նկատելով ուժ, իշխանութիւն շահելու միջոց մը, եւ ոչ թէ կառավարման օրինակ, նախատիպ մը: Եգիպտոսի սալաֆականները, որոնք կը պաշտպանեն իսլամութեան առաւել մաքրակրօն տարբերակ մը, նոյնպէս մտած են քաղաքական համակարգ եւ ընտրութեան մէջ անսպասելիօրէն լաւ արդիւնքներ կը ստանան. հասարակութեան իսլամականացման համար անոնց պահանջը ծայրայեղ է եւ հաւանական է, որ անոնք Իսլամ եղբայրները մղեն հետապնդելու առաւել արմատական օրակարգ մը, երբ իշխանութեան ղեկին գան:
Այս ներքին ուժերը յաճախ փափկանկատ եւ մեղմ ոճով կը կեցնեն ժողովրդավարութիւնը, բայց կարգ մը այլ յետադիմական ուժեր առաւել անպատկառօրէն ամբարտաւան են: Մարտին Սէուտական Արաբիոյ ուժերը, անցնելով խճուղիէն, մտան դրացի Պահրէյն` աջակցելով շիի ցուցարարներու բիրտ եւ վայրագ ոճով ցրւումին, ճնշումին: Ներքին եւ արտաքին բեմերուն վրայ սէուտցիները միլիառներ ծախսած են գնելու, կաշառելու համար այլախոհութիւնը: Ռիատ Արաբական թերակղզիի եւ Յորդանանի մէջ իր թագաւոր ընկերները մղած է դադրեցնելու որեւէ յեղափոխական շարժում: Սէուտցիք ապաստան կ՛առաջարկեն Թունուզի Պէն Ալիի նման անբախտ բռնատէրերու:
Սէուտական Արաբիոյ արքայական պալատը ոչ միայն կը մտահոգուի իր իշխանութեան նուազելու հաւանականութեամբ, այլեւ կը վախնայ, որ այլ վայրերու մէջ փոփոխութիւնը կրնայ Արաբական թերակղզիին դուռը բանալ իրենց հիմնական մրցակիցին` Իրանի, ինչպէս նաեւ Քայիտայի համար: Ըստ Միջին Արեւելքի հարցերու մասնագէտ Պրուս Ռիտելի, սէուտցիք հռչակած են 21-րդ դարու տարբերակ մը` խորհրդային ժամանակաշրջանի Պրեժնեւի վարդապետութեան. «Ոչ մէկ յեղափոխութիւն հանդուրժելի պիտի ըլլայ սահմանակից թագաւորութեան մը մէջ»:
Խարխափող Արաբական գարունը չի նշանակեր, որ մենք պիտի վերադառնանք բռնատէրերու եւ գաղտնի ոստիկաններու աշխարհը: Ոչ միայն Մուպարաք, Պէն Ալի եւ Քազզաֆի մեկնած են, այլ նաեւ` անոնց սնուցանած պաշտամունքի անձնաւորութիւնները, անհատականութիւնները: Կրնայ ըլլալ, որ Պաշշար Ասատ պահէ Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը, բայց ան մեկուսացած պիտի ըլլայ Սուրիայէն դուրս եւ սնամէջ` իր երկրին մէջ: Նոյնիսկ այն վարչակարգերը, որոնք սահմանափակ անկարգութեանց փորձառութիւնը ապրեցան (Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Ալճերիա), նոր ժամանակաշրջան կը մտնեն:
Ուր որ հին վարչակարգեր կը գոյատեւեն, տկար պիտի ըլլան, հոն, ուր նոր վարչակարգեր կու գան, աւելի տկար պիտի ըլլան, որովհետեւ հին հաստատութիւնները, կառոյցները աւելի արագ կրնան քանդուիլ, քան` նորերու կառուցումը:
Ե՛ւ հին, ե՛ւ նոր առաջնորդները պէտք է խաղան հասարակական կարծիքին համաձայն, իսկ ասիկա կրնայ առաջնորդել հապճեպ, անկապ արտաքին քաղաքականութիւններու, երբ քաղաքական գործիչները նախընտրական քարոզարշաւի ատեն կու տան այնպիսի խոստումներ, որոնց իրականացումը իրենց երկիրներու շահերէն չի բխիր:
Իսրայէլը, անշուշտ, ամէնէն դիւրին քարտն է խաղալու: Մուպարաքի տապալումէն ետք «Փիւ» ուսումնասիրութեան կեդրոնին հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ եգիպտացիներուն 54 առ հարիւրը կողմնակից է չեղեալ յայտարարելու Իսրայէլի հետ կնքուած 32-ամեայ խաղաղութեան դաշինքը, եւ (ոչ մէկ անակնկալ) շատ կարեւոր ղեկավարներ քննադատած են այդ համաձայնութիւնը:
Արդարեւ, Իսրայէլ կրնայ կատարեալ շեղում մը ըլլալ տատանող կառավարութիւններու համար: Մայիսին, երբ անկարգութիւնները ծածկեցին ամբողջ Սուրիան, վարչակարգը քաջալերեց պաղեստինցիները` քայլարշաւ կատարելու սուրիական սահմանէն դէպի Կոլանի բարձունքները` պատճառ դառնալով չորս մահերու, երբ իսրայէլացի սահմանապահ մը կրակեց պաղեստինցիներու վրայ, որոնք սահմանային ցանկապատը հատած էին:
Նոյնիսկ եթէ Իսրայէլը ներառող վայրագութիւնը մագլցում չարձանագրէ, խաղաղութեան համար նոր մղում մը անհաւանական է:
«Տգեղ իրականութիւնը Իսրայէլի գոյացուցած խաղաղութեան երկու դաշինքներն են (Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ), որոնք երկուքն ալ ստորագրուած են բռնապետերու հետ. Անուար Սատաթ եւ Հիւսէյն թագաւոր», գրած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Մոշէ Արենս:
Դժուար է երեւակայել, որ նոր ղեկավարներ, որոնք պարտաւոր են հաշուի նստելու իրենց երկիրներու հակաիսրայէլեան հասարակական կարծիքին հետ, պատրաստակամ պիտի ըլլան իրենց իսրայէլացի պաշտօնակիցներուն հետ ժողովի, բանակցութեան նստելու` ի խնդիր խաղաղութեան դատին:
Նոյնպէս հաւանական է, որ հակաամերիկեան կիրքերը բարձրանան Արաբական ձմրան մէջ (եւ ատիկա այժմ շատ աւելի նշանակութիւն, կարեւորութիւն ունի), երբ կառավարութիւնները պիտի փորձեն ներդաշնակ, համահունչ ըլլալ հանրային կարծիքին, զգացումին: Մուպարաքի տապալումէն ետք, օրինակ, եգիպտացիներուն միայն 20 առ հարիւրն է, որ Միացեալ Նահանգներու հանդէպ նպաստաւոր կարծիք ունի (Մուպարաքի ժամանակաշրջանէն շատ քիչ աւելի), եւ նոյնիսկ Ուաշինկթընի հետ դաշնակցած Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ մեծամասնութիւնը Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը նկատեն իրենց ապահովութեան գլխաւոր երկու սպառնալիքները:
Ժողովրդավարական փոփոխութեան Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան հեգնանքներէն մէկը այն է, որ միապետերը աւանդաբար աւելի ամերիկամէտ են, քան ժողովրդավարները: Հին վարչակարգերու ուժերը այժմ կը զգան, որ Ուաշինկթըն զիրենք լքած է իրենց ամէնէն խոցելի ժամանակին, իսկ Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա գոհ չեն, որ Միացեալ Նահանգներ յանկարծակի շպրտած են Մուպարաքը, եւ հարցականի տակ կ՛առնեն Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը` իրենց ապահովութեան:
Միացեալ Նահանգներ երկու աշխարհներու վատագոյնին հետ կրնան աւարտել. բռնատէրերու հետ իրենց կապերուն պատճառով` արհամարհուած ժողովրդավարական ուժերու կողմէ, բայց արհամարհուած` նաեւ բռնատէրերու կողմէ (որոնց համագործակցութիւնը կենսական է Միացեալ Նահանգներու տնտեսական եւ ապահովական շահերուն համար), ժողովրդավարներուն հասնելու, օգնելու պատճառով:
Արաբական ձմրան ամէնէն վտանգաւոր հետեւանքը, սակայն, քաոսի եւ վայրագութեան տարածումն է: Սուրիոյ մէջ, ուր հազարաւոր մարդիկ արդէն մահացած են, դիակներու հաշուարկը կրնայ զարգանալ համայնքային սպանութիւններու տարածման եւ խաղաղ ցուցարարներուն զինուելուն հետ: Եմէնի մէջ Ալի Ապտալլա Սալեհի հրաժարիլը վերջ չդրաւ ամբողջ երկրի իրարանցումին: Եւ Լիպիա, ուր կը բացակային պետական ուժեղ կառոյցներ, հաստատութիւններ, եւ որ բաժնուած է ցեղային եւ քաղաքական հատուածներու, կրնայ բնաւ չտեսնել իր կառավարութիւնը գետնէն վեր, գործի վրայ:
Եթէ անկարգութիւնները տարածուին, ընտանիքներ իրենց տուները պիտի լքեն` բեռ ըլլալով դրացի պետութիւններուն եւ ապագայ հակամարտութիւններու համար մարտնչողներու ծնունդ տալով: Թերեւս մէկ միլիոն լիպիացիներ ապաստանեցան դրացի, մօտակայ երկիրներ, երբ քաղաքացիական պատերազմը բռնկեցաւ այս տարի Լիպիոյ մէջ: Տասնեակ հազարաւոր սուրիացիներ փախուստ տուին, եւ ուրիշներ ալ պիտի լքեն, եթէ Սուրիոյ մէջ վայրագութիւնը մագլցում արձանագրէ (այդպէս ըլլալու բոլոր նշանները կան): Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականները կրնան ձեւով մը զինուորագրութեան աղբիւրը ըլլալ ապագայ ընդդիմադիր բանակի մը, որ պիտի պայքարի Սուրիոյ վարչակարգին դէմ:
Այս հակամարտութիւնները կրնան ընդարձակուիլ, եթէ դրացիներ միջամտեն` յաւելեալ անկայունութենէ վախնալով, կամ` որովհետեւ կ՛ուզեն սահմանագիծին երկայնքին իրենց ազդեցութիւնը ամրացնել: Օրինակի համար Սէուտական Արաբիա Եմէնի մէջ շատոնց միջամուխ եղած է, եւ այդ վարչակարգին փլուզումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ սէուտցիք ուղղակի շարժին Քայիտայի ուժերուն եւ այլ ենթադրեալ սպառնալիքներու դէմ: Միաժամանակ, Թուրքիա, Իրան, Իրաք, Յորդանան եւ Իսրայէլ` բոլորն ալ մեծ շահեր ունին Սուրիոյ մէջ եւ կրնան հատուածներ զինել, կամ այլապէս կրնան միջամտել` պարզապէս հակակշռելու համար իրենց մրցակիցները: Դրացի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատմութիւնը եւ օտար միջամտութիւնը կը ներկայացնեն ճնշող նախընթաց մը, թէ տեղական հակամարտութեան մը, ինչպէ՛ս կրնայ տարածուիլ դրացի երկիրներ:
Անվստահելի եւ սնանկ` Միացեալ Նահանգներ քիչ բան կրնան ընել Արաբական ձմեռը բարելաւելու համար, սակայն կրնան շատ բան ընել` աւելի վատացնելու համար:
Տնտեսական օժանդակութեան արժէքն ու հնարաւորութիւնը, օրինակ, հարցական է: Վարչակարգեր, ինչպէս` Մուպարաքի վարչակարգը, ամերիկեան օժանդակութիւնը օգտագործած են ի նպաստ իրենց եւ դիմակայած` ժողովրդավարութիւնը: Մինչ ժողովրդավարական նոր կողմերու, կուսակցութիւններու աջակցելով` տոլարները աւելի լաւ կ՛օգտագործուին, դժուար է երեւակայել, որ պիւտճէի ուշադիր Քոնկրեսը կը վաւերացնէ օժանդակութիւններ` նոր կառավարութիւններ, որոնց մէջ անխուսափելիօրէն ներառուած պիտի ըլլան հակաամերիկեան իսլամական խումբեր, որոնց յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան` հարցական է: Ոչ ալ շրջանի իսկական ժողովրդավարները անպայման կ՛ողջունեն օժանդակութիւնը, զօրակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու` անոր գարշահոտ արտաքին միջամտութեամբ:
Ուաշինկթըն ամէնէն շատ ազդեցութիւնը ունի շրջանի զինուորականներուն վրայ, բայց անոնց աջակցիլը կը ներկայացնէ երկսայրաբանութիւն մը: Կ՛ենթադրուի, թէ զինուորականները «օրինաւոր», «կարգապահ» մասն են Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան կարգապահ անցումին, բայց ինչպէս Եգիպտոսի փորձառութիւնը յստակ կը դարձնէ, սպաներէն շատեր կ՛ուզեն պահել իրենց շքանշաններն ու իշխանութիւնը, եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը կրնայ օգնել իրենց` ատիկա ընելու: Եգիպտոսէն դուրս, զինուորականները քաղաքականացնող կողմերը եղած են ցեղախումբերը (Եմէն), հատուածները, աղանդները (Սուրիա) եւ հին կարգերու հաւատարմութիւնը (ամէն տեղ), զիրենք դարձնելով տագնապին մէկ մասը եւ ոչ թէ լուծումը:
Արաբական գարունը առանց Միացեալ Նահանգներու օգնութեան սկսաւ, եւ շրջանի ժողովուրդը պիտի ըլլայ իր ապագան որոշողը: Ուաշինկթըն պէտք է գիտակցի, որ փոփոխութիւնը սկսած է գալ եւ պէտք է ատոր աջակցիլ, մասնաւորաբար` ուժի հիմնական կեդրոններու, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ: Բայց անխուսափելիօրէն Ուաշինկթըն զարգացումներուն ետեւէն հասնելու հեւքին մէջ պիտի ըլլայ` կառավարելով տագնապները, ո՛ւր որ կրնայ, կամ պէտք է հակակշիռի տակ պահէ անկայունութիւնը, որպէսզի անիկա չտարածուի: Ասիկա կրնայ ներառել գաղթականներու օժանդակութիւն, դիւանագիտութեան օգտագործում` փորձելով արգիլել դրացիներուն միջամտելու եւ հակամարտութիւն մը սրելու, եւ` շարունակելու պայքարը Քայիտայի անդամներու դէմ, որպէսզի անոնք չսպառնան արաբական պետութիւններուն կամ Միացեալ Նահանգներուն:
Միայն քանի մը ամիս առաջ նախագահ Օպամա լաւատեսօրէն յայտարարեց, որ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ «այն իրաւունքները, որոնք մեզի բնական կը թուին, ուրախութեամբ կ՛ընդունուին անոնց կողմէ, որոնք դուրս կու գան երկաթեայ բռունցքի լուծէն»:
Մենք կրնանք յուսալ, որ Թունուզ պիտի առաջնորդէ շրջանը` ոչ միայն թուլացնելով բռունցքը, այլեւ` ազատ ընտրութեանց ընդմէջէն իսկական ժողովրդավարութիւն ստեղծելով: Թէեւ մենք նաեւ պէտք է ընդունինք, որ Արաբական գարունը կրնայ ազատութիւն չբերել ամբողջ արաբական աշխարհին, կամ նոյնիսկ անոր մեծամասնութեան: Նոյնիսկ երբ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին աշխատելու շրջանի նոր ժողովրդավարութիւններու հետ, պէտք է նաեւ պատրաստուին քաոսի, լճացումի եւ անկարգութեան, վատ կառավարման, որ պիտի յատկանշուի Արաբական ձմրան մէջ:
Շատ կանուխ է ըսելու համար, թէ Արաբական գարունը անվերադարձ մեկնած է:
Բայց Արաբական ձմեռը յստակօրէն ժամանած է:
ՏԷՆԻԸԼ ՊԱՅՄԸՆ
«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»