ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ՍԵՌԱՅԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ» ՆԻՒԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան » ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , չորեքշաբթի 21 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան` շարքի վերջին դասախօսութիւնը «ինչպիսի՞ վերաբերում ցոյց տալ անչափահասներու սեռային հարցումներուն» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր հոգեբան-հոգեբուժ Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան:
Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Շաքէ Բարմաքսըզեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսն ու դասախօսութեան նիւթը, փոխանցեց յաջորդական քանի մը անհրաժեշտ մտածումներ, որոնք կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով, սեռային դաստիարակութիւն ստանալը նախաքայլ մըն է սկսելու կեանքը եւ հասնելու չափահաս տարիքի, անհրաժեշտ է, որ ծնողները երկխօսութեան ճամբով փորձեն սեռային գիտելիքները փոխանցել իրենց զաւակներուն, չվիրաւորելով անոնց ամօթխածութիւնը: Վերջապէս, ծնողք-զաւակ փոխադարձ վստահութիւնը կը ստեղծէ այն մթնոլորտը, որ մանուկը, հետագային` պատանին, կ՛ունենայ հաստատ, հանգիստ սեռային աճման ընթացք մը:
Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան պատասխանելով շարք մը հարցումներու, զորս հաւաքած էր իր կատարած ուսումնասիրութեան ընթացքին, ներկայացուց դասախօսութիւնը:
1- Ինչպէ՞ս զրուզել երեխաներուն հետ սեռային հարցերու մասին: Լաւագոյն շրջանը սեռային հարցերու մասին, խօսելու մանուկներու հետ մանկութեան շրջանն է:
Այս բաժինով դասախօսը թուեց շարք մը խրատներ:
ա- Փորձեցէք լայնախոհ ըլլալ եւ մատչելի, երբ երեխան կ՛ուզէ խօսիլ:
բ- Զրոյցները սկսեցէք յարմար պահերուն:
գ- Թոյլ մի՛ տաք, որ վախը ազդէ ձեր խօսելու եղանակին վրայ:
դ- Դուք եղէք ձեր զաւակներուն հիմնական դաստիարակը` սեռային հարցերու շուրջ:
ե- Պէտք է վստահեցնել ձեր զաւակներուն, թէ իրենց մտածումները բնական են:
զ- Անհրաժեշտ է լաւ հասկնաք դուք ձեզ, եւ եթէ սրբագրելու կարիքը կայ, անպայման կատարեցէ՛ք:
2- Ինչո՞ւ երեխաները պէտք է գիտնան սեռային հարցերու մասին:
ա- Սեռային հարցերը ըմբռնելը կ՛օգնէ երեխաներուն, որպէսզի լաւապէս վարուին իրենց զգացումներուն հետ:
բ- Անիկա կ՛օգնէ երեխաներուն, որ լաւապէս ստանձնեն կեանքի պատասխանատութիւնը եւ ունենան յաջող յարաբերութիւններ:
գ- Ինչպէս նաեւ կ՛օգնէ երեխաներուն պաշտպանուելու սեռային չարաշահումներէ:
Տունը յարմարագոյն վայրն է ստանալու սեռային դաստիարակութիւն:
3-Ե՞րբ է յարմար ժամանակը երեխաներուն հետ սեռային հարցերու մասին խօսելու:
Մենք` իբրեւ ծնողներ, մեր խօսքերն ու վարուելակերպը օրինակ կը դառնան երեխաներուն սորվելու, թէ ինչպէս մտածելն եւ զգալն իրենց մարմինները:
4- Ինչպէ՞ս սկսիլ զրոյց մը սեռային հարցերու մասին: Ուշադրութիւն դարձնելով կրնանք գտնել տարբեր առիթներ, կրնանք ստեղծել միջոցներ` մեր զաւակներուն հետ խօսելու սեռային հարցերու մասին: Այս բաժինով կարելի է նկատի ունենալ նախասիրած պատկերասփիւռի յայտագիր մը, կամ երբ հարազատ, կամ դրացի տիկին մը կը յղանայ:
5- Արդեօ՞ք խօսելով սեռային արարքներու մասին քաջալերած կ՛ըլլամ, որ անոնք դիմեն նմանօրինակ արարքներու:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ սեռային դաստիարակութիւնը չ՛առաջնորդեր սեռային արարքներու` գործունէութեան, այլ կ՛առաջնորդէ ապահով եւ դրական գործընթացի` սեռային դաստիարակութեան մէջ:
Վերջապէս, պէտք չէ մեր զաւակները նկատել շատ փոքր` հասկնալու այս բոլորը: Ներկայ 21-րդ դարու պայմանները , համացանցը, ճիշդ ու սխալ գիտելիքներով կ՛ուղղեն մեր զաւակները, հետեւաբար մենք` իբրեւ ծնողներ կանուխ շրջանին սկսելով սեռային դաստիարակութիւնը, կ՛օգնենք մեր զաւակներու ընտրելու ճիշդն ու սխալը:
6- Ին՞չ տարողութեամբ ու հերթականութեամբ պէտք է խօսիլ – փոխանցել վերոյիշեալ գիտելիքները: Այս հարցը կախեալ է երեխայի տարիքէն, հասունութենէն եւ գիտելիքներէն, նաեւ անձնական-հաւաքական արժէքներէն: Ձեր պատասխանները պէտք է ըլլան ձեր երեխաներու տարիքին յարմար եւ ձեր դատողութիւնը պէտք է ըլլայ ձեր լաւագոյն ուղղեցոյցը:
7- Որո՞նք են զրոյցի սկսելու կարգ մը միջոցները: Յաճախ ձեր երեխային կողմէ հարցում մը հարցնելը լաւագոյն միջոցն է զրոյցը սկսելու:
Յաջորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց տարբեր տարիքային հանգրուաններու այն գիտելիքները, որոնք կենսական են:
Հինգ տարեկան երեխաները:
ա- Թէ սէրը ապահովութեան եւ բարձր տրամադրութեան զգացումներ կը յառաջացնէ:
բ- Մարդոց մարմինները ունին տարբեր չափեր, ձեւեր եւ գոյներ
գ- Թէ ինչպէ՞ս տարբեր են աղջիկներու եւ տղոց մարմինները
դ- Մարմնի իւրաքանչիւր անդամի անունը
ե- ինչպէս նորածինը կը կազմուի եւ դուրս կուգայ կնոջ մարմինէն
զ- Թէ ինչպէս «ոչ» ըսել անբաղձալի հպումներուն:
5-7 տարեկան երեխաներ:
ա- Թէ բոլոր էակները կրնան բազմանալ:
բ- Թէ բոլոր մարդիկ, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր, ունեցած են սեռային կեանք:
գ- Թէ մարդիկ կ՛ապրին սեռային հաճոյքը տարբեր եղանակներով
դ- Ամէն մարդ ունի սեռային երազներ եւ մտածումներ եւ այդ մէկը բնական է:
ե- Հիմնական տեղեկութիւններ ունենալ սեռային ճամբով փոխանցուող հիւանդութիւններու մասին:
զ- Ինչպէ՞ս ճանչնալ եւ ինքզինք պաշտպանել հաւանական սեռային չարաշահութենէ եւ անոր վտանգներէն:
8-12 տարեկան պատանիներ:
ա-Ինչպէ՞ս իգական եւ արական մարմինները կ՛աճին եւ կը զանազանուին:
բ- Հանգիստ զգալ փոփոխութեան ենթարկուող իրենց մարմիններուն հետ:
գ- Ին՞չ է դաշտանը եւ ին՞չ է թաց երազը:
դ- Ինչպէ՞ս հոգ տանիլ առողջութեան դաշտանի ընթացքին:
Աւարտին դասախօս Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան օրինակներով ու լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Յիշեցնենք, որ այս հանգրուանի դասախօսական շարքի աւարտին ներկաները ստացան հաստատագիրներ իբրեւ գնահատանք, ինչպէս նաեւ անվճար կատարելու համար «ապակեայ» քննութիւն ու կուրծքի քաղցկեղի նախազգուշական քննութիւն:
Յունուար 2012-ին դասախօսութիւնները տեղի պիտի ունենան Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակոյթային կեդրոնին մէջ: Առողջապահական դասախօսութիւններու 4-րդ հանգրուանը պիտի սկսի 1 փետրուարին` «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: