ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց ներկայութեան հաստատեց լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը հաւատայ, որ երկրին մէջ երկխօսութեան վերսկսելով կարելի կ՛ըլլայ լուծել Լիբանանի հարցերը:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդգծեց նաեւ քարիւղի պեղման կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ կառավարութիւնը այդ օրինագիծը շուտով պէտք է վաւերացնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ անմիջապէս սկսիլ այդ աշխատանքին:

Ազգային երկխօսութեան եւ քարիւղի պեղման անհրաժեշտութեան կողքին, Պըրրի ընդգծեց նաեւ պետական նշանակումներուն կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES