ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՏՐԻԱՆԱՊՈԼՍՈՅ ՆԱՀԱՆԳԸ ՃԱՆՉՑԱՒ «ԱԼՃԵՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Ատրիանապոլսոյ խորհրդարանի անդամները` քուէարկութեան պահուն

Թրքական «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 81 նահանգներէն Ատրիանապոլսոյ նահանգային խորհրդարանը ճանչցած է Ֆրանսայի կողմէ Ալճերիոյ մէջ կատարուած «ցեղասպանութիւնը»:

Նահանգային խորհրդարանին մէջ «ալճերիացիներու ցեղասպանութեան» բանաձեւի քուէարկութենէն առաջ խօսք արտասանած է խորհրդարանի անդամ Մեհմետ Կեզմիշ` պնդելով, որ ֆրանսացիները 1945-ին Ալճերիոյ մէջ 1.5 միլիոն մարդ կոտորած են: Անոր խօսքերէն ետք բանաձեւը քուէարկութեան դրուելով որդեգրուած է:

Share this Article
CATEGORIES