ԻՐԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ԿԷՍԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ըստ իրանական «ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութեան, Իրանի ներքին գործոց նախարարի միջազգային հարցերով տեղակալ Մեհտի Մոհամետիֆարտ յայտարարած է, որ Իրանի ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Մոհամետ Նաճարի յունուարի կէսերուն Հայաստան պիտի այցելէ:
Մոհամետիֆարտ աւելցուցած է, որ այցելութեան ծիրին մէջ կողմերը պիտի քննարկեն ապահովութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, մշակոյթի, առեւտուրի մարզերուն մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: «Պիտի քննարկուին նաեւ սահմանային գօտիին վրայ միացեալ տօնավաճառներու գործունէութեան առնչուող հարցեր», ըսած է ան:
CATEGORIES Հայկական