ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՆԻՍԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ Էլի Շահինի, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Ռիատ Հատտատի եւ ֆետերասիոնի անդամներուն, ինչպէս նաեւ ակումբներու պատասխանատուներուն եւ ներկայացուցիչներուն:

Էլի Շահին այս համագումարը նկատեց օրինական` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած եւ քուէարկելու իրաւունք ունեցող 24 ակումբներէն 17-ը ներկայ էին:

Ֆետերասիոնը ստացաւ բոլորին վստահութեան քուէն եւ այսպիսով անիկա իրաւունք ստացաւ 2012 տարին շարունակելու օրինական ձեւով:

 

Share this Article
CATEGORIES