ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԽԾԲԾՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ
«Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ՀԵԳՆԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ…
Միացեալ Նահանգներ կը յայտարարեն, թէ ձերբակալած են ֆրանսացի փախստական խծբծող արուեստագէտ մը, որ ծանօթ է «Ռասք» ծածկանունով: Ան ամբաստանուած է նախքան դէպի Ֆրանսա վերադարձի իր թռիչքը Պոսթընի գնացքի վակոնները խծբծելու յանցանքով:
Մաքսիմ Պեզա 5 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի օդակայանէն թռիչք պիտի առնէր դէպի Փարիզ, ուր քաղաքին իշխանութիւնները կը սպասէին զայն ձերբակալելու` ներկի սրսկումներով խծբծումներ կատարելու ամբաստանութեամբ:
Այնուհետեւ 25 տարեկան խծբծող արուեստագէտը ներկայացած է դատական ատեան եւ ինքզինք հռչակած է ոչ յանցաւոր:
Պեզա 10 հազար տոլարի երաշխաւորագինով ազատ արձակուած է, սակայն Միտըլսեքս Քաունթիի դատական ատեանը պիտի շարունակէ անոր իրաւական հետապնդումը:
Պեզա նաեւ ամբաստանուած է իր «Ռասք» եւ «Սուքել» անուններուն խծբծումները Նիւ Եորքի հանրային վայրերուն մէջ դրոշմելու յանցանքով:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ