ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՔԻ ՄՈՒՆ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԵՒ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, որ յառաջիկայ 13 յունուարին պիտի սկսի Լիբանան պաշտօնական այցելութեան մը, Պէյրութի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Կը նախատեսուի, որ իր կատարած այցելութեան ընթացքին Քի Մուն իշխանութեան երեք պետերուն հետ քննարկէ յառաջիկայ մարտին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի գործունէութեան ժամկէտը վերանորոգելու հեռանկարները:

Լիբանանի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, Քի Մուն լուսարձակի տակ պիտի առնէ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն ապահովութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պիտի այցելէ նաեւ Նաքուրա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեդրոնին մէջ` քննարկելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անվտանգութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES