ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՀՈՒԹԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ «ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ»-Ի ԿՈՂՄԷ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԹՌԻՉՔՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութը, որուն հետ քննարկեց «Միտըլ Իսթ»-ի կողմէ դէպի Հայաստան եւ Սուտան յաւելեալ թռիչքներ կատարելու կարելիութիւնները:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ «Միտըլ Իսթ»-ի կողմէ դէպի վերոնշեալ երկիրներ ուղղակի թռիչքներու կարեւորութիւնը մեծ է` նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուտանի միջեւ ստորագրուած փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու եւ ամրապնդելու համաձայնագիրները: Ան դիտել տուաւ, որ դէպի Երեւան եւ Խարթում «Միտըլ Իսթ»-ի կատարելիք յաւելեալ թռիչքները կարելիութիւն պիտի ընձեռեն, որ երեք երկիրներուն պարագային գործատէրերը յաւելեալ աշխուժութեամբ եւ յաջորդական այցելութիւններ կատարելով ուղղակի կերպով գործեն` քաջալերելով փոխադարձ ներդրումները:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ Հայաստանը կրնայ լիբանանցի գործատէրերուն համար նաեւ ըլլալ դարպաս մը` դէպի Վրաստան եւ նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրները, իսկ Սուտանը կրնայ վերածուիլ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ գտնուող լիբանանցիներու խարիսխի մը:
Այս ծիրին մէջ, ճարտարարուեստի նախարարը ընդգծեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ լիբանանցիները կը նախընտրեն «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը:
Իր կարգին, Հութ յայտնեց, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը կարիքը ունի սերտելու Հայաստանի շուկան, «հետեւաբար այս առումով տակաւին կարելի չէ դրական կամ ժխտական պատասխաններ տալ: Պէտք է սպասել իմանալու համար, թէ տնտեսական շահերուն համեմատութիւնը ճշդող արդիւնքները օգտաշատ պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան:
Սուտանի մասին խօսելով` Հութ նկատել տուաւ, որ «Միտըլ Իսթ» ունի դէպի Սուտան ուղղակի թռիչքներ հաստատելու կարելիութիւնը: