ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՄԱՐՏԻՆ ԿՐՆԱՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼ, ՈՐ ՊԱՐՏՔԵՐԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՎՃԱՐԵԼ

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատեմոս յայտարարած է, որ երկիրը մարտին իր պարտքերը չկարենալ վճարելու վտանգը կը դիմագրաւէ: Ըստ անոր, ատիկա տեղի պիտի ունենայ, եթէ յունական աշխատաւորական միութիւնները աշխատավարձերը նուազեցնելու չհամաձայնին, իսկ միջազգային կառոյցները երկրին նիւթական օժանդակութիւն չյատկացնեն: Ատիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ յունական տնտեսութեան փրկութեան ծրագիրը այլեւս կարելի չըլլայ իրագործել եւ կառավարութիւնը չկարենայ պարտքերը վճարել:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ աշխատաւորական միութիւնները արդէն մերժած են աշխատավարձերու նուազեցման կարելիութիւնը:

Յունաստանի կառավարութիւնը շուրջ մէկ ամիս առաջ միջազգային կառոյցներուն յատկացուցած 8 միլիառ եւրոյին շնորհիւ յաջողած էր խուսափիլ պարտքերու վճարման անկարողութենէն: Եւրոպական Միութիւնն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը այդ օժանդակութեան փոխարէն Աթէնքէն կը պահանջէ տնտեսական խիստ միջոցառումներ որդեգրել եւ պետական ինչքերու սեփականաշնորհում կատարել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES