ՄԵՏՎԵՏԵՒ – ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ռուսիոյ նախագահական լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ Տմիթրի Մետվետեւի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է: Անոնք քննարկած են երկկողմ, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներ եւ յատկապէս իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջին զարգացումները:
Մետվետեւ բարձր գնահատած է իրանեան կողմի աջակցութիւնը Մոսկուայի վերջին օժանդակութեան, որ ուղղուած է միջազգային ընտանիքին վստահութեան վերականգնման` իրանեան հիւլէական ծրագիրին նկատմամբ: Քննարկուած են նաեւ շրջանային խնդիրներ, ինչպէս` Սուրիոյ իրավիճակն ու Կասպից ծովուն կարգավիճակը:
CATEGORIES Միջազգային