ՊՐԱՅԶԱ ՀԵՌԱՑԱԾ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբեր Քիթ Պին յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա հեռացած է Պաքուէն եւ վերադարձած Միացեալ Նահանգներ:
Պրայզայի պաշտօնավարման ժամկէտը աւարտած է, որովհետեւ ծերակոյտը անոր թեկնածութեան հաւանութիւն չէր տուած եւ նախագահ Պարաք Օպաման անոր դեսպան նշանակած էր առանց ծերակոյտի հաւանութեան, իսկ այդ պարագային դեսպանի պաշտօնավարումը ժամանակաւոր կ՛ըլլայ:
Այժմ դեսպանի ժամանակաւոր պաշտօնակատար պիտի ըլլայ դեսպանի տեղակալ Էտըմ Սթերլինկ:
CATEGORIES Հայկական