ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՔԻՉ ՈՒՏԵԼԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿԸ ՊԱՀԷ ՈՒՂԵՂԸ

ՇԱՏ ՈՒՏԵԼԸ ԿՐՆԱՅ ԾԵՐԱՑՆԵԼ ՈՒՂԵՂԸ, ԻՍԿ ՔԻՉ ՈՒՏԵԼԸ ՇԱՐԺՄԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԴՆԷ ՄՈԼԵՔԻՒԼ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՈՒՂԵՂԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒՆ: «ՄԵՏԻՔԸԼ ԷՔՍՓՐԵՍ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱՑՆԷ ՀՌՈՄԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ «ՄՏԱՀՈԳԻՉ» ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ:

Հռոմի Սրբազան սիրտ կաթոլիկ համալսարանին մէջ խումբ մը իտալացի ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են, թէ մուկերուն ուղեղին մէջ CREB1 անունով մոլեքիւլ մը կը խթանուի ջերմուժի սահմանափակումով, այլ խօսքով` ցած ջերմուժ պարունակող սննդականոնով: Ուսումնասիրողներուն համաձայն, այս մոլեքիւլը շարժման մէջ կը դնէ բազմաթիւ ծիներ, որոնք կ՛առնչուին երկարակեցութեան հետ, ինչպէս նաեւ` ուղեղին լաւ գործունէութեան:

Վերոնշեալ համալսարանին բժշկագիտական կեդրոնին ախտաբանական հիմնարկէն ուսումնասիրող Ճիովամպաթիսթա Փանի գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը` գործակցութեամբ համալսարանին մարդկային կազմախօսութեան հիմնարկի դասախօս Քլաուտիօ Կրասիի: Ուսումնասիրութեան արդիւնքը հրատարակուած է «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ:

«Կը յուսանք գտնել ձեւը աշխուժացնելու CREB1 մոլեքիւլը, օրինակ` նոր դեղերու ճամբով, որպէսզի կարենանք ուղեղը երիտասարդ պահել` առանց խիստ սննդականոնի», կ՛ըսէ Փանի:

Ջերմուժի սահմանափակումով ուսումնասիրութեան ենթարկուած մուկերը կը ստանային բնականօրէն իրենց սպառած ուտելիքին միայն 70 առ հարիւրը: Ասիկա ծանօթ է իբրեւ կեանքը երկարաձգելու միջոց մը, ինչպէս ապացուցուած է բազմաթիւ փորձերով: Սահմանափակ ջերմուժ ստացող մուկեր սովորաբար չեն տառապիր սոնքութենէ եւ շաքարախտէ: Աւելի՛ն. անոնք կը դրսեւորեն հասկնալու եւ յիշողութեան աւելի բարձր կարողութիւններ եւ նուազ նախայարձակ են: Նաեւ անոնց մէջ ընդհանրապէս չի զարգանար Ալզայմըրի հիւանդութիւնը, իսկ եթէ այս հիւանդութիւնը երբեւիցէ նկատուի անոնց կեանքին ուշ շրջանին, ապա անոնց քով շատ աւելի մեղմ ախտանշաններ կը յայտնուին, քան` յղփացած մուկերու քով:

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ սոնքութիւնը վնասակար է ուղեղին. անիկա կը դանդաղեցնէ ուղեղին գործունէութիւնը, պատճառ կը դառնայ ուղեղին կանխահաս ծերութեան, ինչպէս նաեւ` տարեց տարիքի անձերը հակամէտ կը դարձնէ Ալզայմըրի եւ Փարքինսընի նման հիւանդութիւններու: Ի տարբերութիւն` ջերմուժի սահմանափակումը ուղեղը կը պահէ երիտասարդ: Այսուհանդերձ, ցարդ անծանօթ կը մնար մոլեքիւլային այն ճշգրիտ գործունէութիւնը, որ պատասխանատու է ուղեղին վրայ սահմանափակ սննդականոնի դրական ներգործութեան:

Իտալացի ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ CREB1 մոլեքիւլը կը խթանուի ջերմուժի սահմանափակումով, եւ թէ` անիկա կը կատարէ միջնորդի դեր` սննդականոնի բարերար ազդեցութիւնները մոլեքիւլներու այլ խումբի մը միջոցով փոխանցելով ուղեղին: Մոլեքիւլներու այս խումբը կ՛առնչուի երկարակեցութեան հետ: Յայտնաբերումը կը համապատասխանէ այն իրողութեան, թէ  CREB1 մոլեքիւլը ծանօթ է իբրեւ ուղեղային կարեւոր գործունէութիւններ, ինչպէս` յիշողութեան, սորվելու եւ վախերը հակակշռելու կարողութիւնը կարգաւորող միջոց: Այս մոլեքիւլին գործունէութիւնը կը նուազի կամ կազմախօսականօրէն կը վտանգուի ծերանալու հետ:

Աւելի՛ն. իտալացի ուսումնասիրողները նկատած են, թէ CREB1 մոլեքիւլին գործունէութիւնը զգայացունց կերպով աւելցած է պարզապէս ջերմուժի սահմանափակումով: Անոնք ապացուցած են, թէ CREB1 մոլեքիւլը խիստ անհրաժեշտ է, որպէսզի ջերմուժի սահմանափակումը պիտանի դառնայ ուղեղին համար: Իրօք, երբ մուկերուն քով բացակայ է այս մոլեքիւլը, ապա ջերմուժի սահմանափակումին դրական ներգործութիւնը (ինչպէս` յիշողութեան բարելաւում), տեղի չ՛ունենար: Հետեւաբար այն մուկերը, որոնք զուրկ են CREB1 մոլեքիւլէն, կը դրսեւորեն ուղեղային նոյն այն անկարողութիւնները, որոնք յատուկ են յղփացած կամ տարեց մուկերուն:

«Հետեւաբար մեր յայտնաբերումները առաջին անգամ ըլլալով կը բնորոշեն կարեւոր դերակատար մը` ուղեղին վրայ սննդականոնի ազդեցութեան մէջ,- կը բացատրէ Փանի:- Յայտնաբերումը ունի յատկանշական անդրադարձներ, որոնք կրնան օգնել` ապագային ստեղծելու համար մեր ուղեղը երիտասարդ պահող միջոցներ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել ուղեղին քայքայումին եւ ծերանալու գործընթացին: Աւելի՛ն. մեր ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ իմացական կարողութիւններու տկարացումին եւ սնունդի իւրացումի առնչուող հիւանդութիւններու, ինչպէս` շաքարախտ, եւ սոնքութեան միջեւ կապին վրայ»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES