ՄԻՆՉ ԵՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԶՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԶՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿՏՐՈՒԿ ԿԵՐՊՈՎ ՆՈՒԱԶԱԾ Է

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործազրկութեան մասին հրապարակուած վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ 2011-ի դրութեամբ երկրին մէջ գործազուրկ է աշխատունակ բնակչութեան 8.5 առ հարիւրը, ինչ որ վերջին երեք տարուան մէջ նուազագոյնն է:

Ստեղծուած աշխատատեղիներու թիւը աւելցած է եւ նախկին ցուցանիշը կը գերազանցէ երկու հարիւր հազարով: Աշխատատեղիները ստեղծուած են հիմնականին մէջ մանրածախ առեւտուրի, արտադրութեան, փոխադրամիջոցներու եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ:

Փորձագէտներ կը շեշտեն, որ երկու ցուցանիշներն ալ զգալիօրէն կը գերազանցեն կատարուած նախատեսութիւնները:

Միւս կողմէ, եւրոպական վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակը` «Եուրօսթաթ» յայտարարեց, որ եւրոյի գօտիին մէջ նոյեմբեր ամսուան գործազրկութեան ցուցանիշը հոկտեմբեր ամսուան նման 10.3 առ հարիւր է: Նշեալ գօտիին մէջ իրերայաջորդ եօթը ամիսներու ընթացքին գործազրկութիւնը շրջանցած է 10 առ հարիւրը, ինչ որ մրցանշային է:

Եւրոյի գօտիի կարգ մը երկիրներուն մէջ գործազրկութեան համեմատութիւնը մտահոգիչ է: Սպանիոյ մէջ ատիկա 22.9 առ հարիւր է, իսկ Յունաստանի մէջ 18.8 առ հարիւր: Գործազրկութեան նուազագոյն համեմատութիւնը արձանագրուած է Աւստրիոյ մէջ (4 առ հարիւր), իսկ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Լիւքսամպուրկ (4.9 առ հարիւր):

Եւրոյի գօտիի տնտեսութեան մղիչ ուժը նկատուող Գերմանիոյ մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 5.5 առ հարիւր է, սակայն ճարտարարուեստի պահանջարկը 4.8 առ հարիւրի նուազում մը կրած է, ինչ որ անակնկալի մատնած է փորձագէտները, որոնք կը նախատեսէին, որ այդ նուազումը 1.7 առ հարիւր ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES