ՔԻՄ ԵՈՒՆԿ ՈՒՆ ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ Է ՀԱՆՃԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆՃԱՐ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէայի պետական պատկերասփիւռը երէկ ցուցադրած է երկրի նոր ղեկավար Քիմ Եունկ Ունի նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը, որուն մէջ նոր ղեկավարը անուանած է զինուորական ռազմավարութեան մէջ «հանճարներու հանճար»:
Նշեալ վաւերագրական ժապաւէնին մէջ Ուն հրասայլ կը վարէ եւ հրետանաւորներուն, նաւաստիներուն եւ օդաչուներուն հրամաններ կու տայ:
Կ՛ենթադրուի, որ նկարահանումները կատարուած են ռազմափորձերու ժամանակ, սակայն անոնց համար յստակ թուական մը չի նշուիր: Միեւնոյն ժամանակ, ազգային լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ 1 յունուարին ղեկավարը այցելած է հրասայլային զօրաբաժին:
Նշենք, որ Քիմ Եունկ Ուն իր հօր` Քիմ Եունկ Իլի մահէն ետք, 19 դեկտեմբեր 2011-ին հռչակուած էր Հիւսիսային Քորէայի «հզօր ղեկավար»: Իլ 17 դեկտեմբերին շոգեկառքով ճամբորդելու ընթացքին մահացած էր: Ըստ լրատուամիջոցներուն ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով: Ան իր մահէն ետք թաղուեցաւ իր հօր` Քիմ Իլ Սունկի դամբարանին մէջ: