ՀԻՒՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ՄԷՋ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է

«Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ Տարուին քաղաքի տուներէն մէկուն բնակիչները իրենց հիւրասենեակին մէջ կոկորդիլոս մը յայտնաբերած են:

Առաւօտեան իրենց շան հաջոցէն արթննալէ ետք, տանտէրերը ննջարանէն դուրս եկած են` տեսնելու համար, թէ ի՛նչ է հարցը:

Տանտիրուհին յայտնած է, որ շատ արտասովոր էր իր սեփական տան մէջ 1.7 մեթր երկարութեամբ կոկորդիլոս մը յայտնաբերել: Ան կ՛ենթադրէ, որ անկոչ հիւրը դէպի ջուր տանող ճամբան կորսնցուցած է:

Մասնագէտներ կը նշեն, որ ներկայ ժամանակահատուածին մէջ Հարաւային կիսագունդին մէջ ամառ է եւ կոկորդիլոսները յարձակողական կ՛ըլլան:

 

Share this Article
CATEGORIES