ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ

Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտրութեանց երրորդ եւ վերջին հանգրուանի պաշտօնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ իսլամականները կը շարունակեն իրենց յառաջխաղացքը:

Եգիպտական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի քաղաքական ամէնէն կազմակերպ ուժին` Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւի` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան համամասնական ցանկերը ընտրութեանց վերջին հանգրուանին մասնակից ինը շրջաններէն եօթնին մէջ գրաւած են պարագլուխի դիրքը:

Նշեալ կուսակցութիւնը նաեւ յաջողած է մեծամասնական դրութեամբ ընտրուող 50 աթոռներէն վեցը ապահովել:

Երկրորդ դիրքը գրաւած է սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը, որուն համամասնական ցանկերը 9 նահանգներէն երկուքին մէջ պարագլուխի դիրքը գրաւած են. նշեալ կուսակցութիւնը մեծամասնական դրութեամբ ընտրուող 50 աթոռներէն մէկը ապահոված է:

Եգիպտական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 43 մնացեալ աթոռներուն շուրջ այսօր եւ վաղը ընտրութիւններու կրկնութիւն տեղի պիտի ունենայ:

Եգիպտոսի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահը նշեց, որ ընտրութեանց երրորդ հանգրուանի մասնակցութեան համեմատութիւնը  62 առ հարիւր էր:

Share this Article
CATEGORIES