ԻՐԱՆ – ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱԳԼՑՈՒՄ. ԹԵՀՐԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՓԱԿԵԼ ՀՈՐՄՈՒԶԻ ՆԵՂՈՒՑԸ

Հապիպոլլա Սայարի

Իրանեան «Խորասան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Ալի Աշրաֆ Նուրի յայտարարած է, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը իրանեան քարիւղի ներածումը արգիլող որոշում որդեգրէ, ապա Իրան պիտի փակէ Հորմուզի նեղուցը: Օրաթերթը կը գրէ, որ իրանեան ղեկավարութիւնը արդէն այդ որոշումը որդեգրած է:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա երէկ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն «պիտի հակադարձէ», եթէ Իրան ջանայ քարիւղի տեղափոխման համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հորմուզի նեղուցը փակել: «Շատ յստակ էինք, երբ ըսինք, որ Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի նեղուցի փակման առնչութեամբ լուռ պիտի չմնայ: Այդ մէկը մեզի համար երկրորդ կարմիր գիծ է եւ պիտի հակադարձենք ատոր»:

Համաշխարհային քարիւղի մատակարարման 40 առ հարիւրը կը կատարուի Արաբական եւ Օմանի ծոցերը իրարու միացնող Հորմուզի նեղուցին ճամբով: Շաբաթ օր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանին կոչ ուղղած էր` բանակցութիւններու ճամբով նեղուցին մէջ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու:

Չորեքշաբթի օր Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները «սկզբունքային համաձայնութիւն» գոյացուցած էին իրանեան քարիւղի ներածման դէմ արգելք հաստատելու շուրջ: Այս մասին որոշումը կրնայ որդեգրուիլ մինչեւ 30 յունուար` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին:

Մինչ այդ, ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի ծովուժի հրամանատար Հապիպոլլա Սայարի յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է միջինարեւելեան երկիրներու հետ համագործակցելու եւ միացեալ ռազմափորձեր կատարելու:

«Հակառակ անոր որ Իրանի զինուորական կարելիութիւնները աւելի մեծ են, քան դրացի երկիրներուն կարելիութիւնները, կարեւորը այն է, որ շրջանի երկիրները համագործակցին` անվտանգութեան ապահովման նպատակով», ըսած է ան:

Ըստ Սայարիի, Հորմուզի նեղուցին մէջ Իրանի ծովուժին կատարած «Վելայեթ-90» ռազմափորձերը յաջող աւարտ ունեցած են: Անոնց ընթացքին փորձարկուած էին սպառազինութեան նոր տեսակներ:

Նշենք, որ շաբաթ օր Աֆղանիստանի հետ սահմանէն ոչ հեռու ռազմափորձերու սկսած են նաեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերը: Նշեալ ռազմափորձին ամէնէն աշխուժ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ այսօր:

Միւս կողմէ, իրանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Իրանի իշխանութիւնները մօտիկ ապագային պիտի շահագործեն իւրանիոմի հարստացման ստորերկրեայ գործարան մը:

Իրանեան «Քայհան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ֆերէյտուն Ապասի Տաւանի յայտնած է, որ «իւրանիոմի հարստացման «Ֆորտով» գործարանը մօտիկ ապագային շահագործման պիտի յանձնուի: Գործարանը թոյլ պիտի տայ ստանալ մինչեւ 2, 3.5 եւ 4 առ հարիւր հարստացուած իւրանիոմ»:

Գործարանի շահագործման լուրը կրնայ աւելի սրել Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ տիրող լարուածութիւնը: Իրանեան բանակի հրամանատար զօր. Աթալլա Սալեհի երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ «Հորմուզի նեղուցէն անցած եւ Օմանի ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան օդանաւակիրին կը յանձնարարենք Պարսից ծոց չվերադառնալ»` աւելցնելով, որ «Իրան մտադիր չէ իր զգուշացումը կրկնելու եւ միայն մէկ անգամ կը զգուշացնէ»:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Բրիտանիա Իրանին ուղղուած պատգամի բնոյթ ունեցող քայլով մը` իր մեծագոյն եւ ամէնէն արդիական խորտընկէցը Արաբական ծոց պիտի ուղարկէ:

Նշենք, որ ամերիկեան մարտանաւերէն մէկուն անձնակազմին անդամները ուրբաթ օր Արաբական ծովուն մէջ ծովահէններու գերութենէն ազատած էին իրանցի 13 նաւաստիներ: Փենթակոնի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ իրանցիները փրկած է նոյնինքն այն մարտանաւերէն մէկը, որոնց պատճառով իրանեան իշխանութիւնները կը սպառնան փակել Հորմուզի նեղուցը:

Գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած են նաեւ քանի մը ծովահէններ: Իրանցի նաւաստիները ուղարկուած են Իրան:

 

Share this Article
CATEGORIES