ԱՐԻՏԻ. «ԺՈՄՊԼԱԹԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԽԶՈՒԱԾ Է»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւնը խզուած է` աւելցնելով, որ երկուքին միջեւ հաղորդակցութիւնները վերսկսելու առումով որեւէ կապ չկայ:

Արիտի նկատել տուաւ, որ «Սուրիոյ մէջ զինուորական-ապահովական լուծում մը կարելի չէ պարտադրել, որովհետեւ նման լուծում մը միայն կրնայ տիրող կացութիւնը բարդացնել: Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել քաղաքական դեղագիրով մը»:

 

Share this Article
CATEGORIES