ՃԱՏՐԱԿ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑ 2-ՐԴ ԴԻՐՔԸ` ՀԻՒՍԻՍԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕՓԸՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին, Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) աւարտեցաւ հիւսիսամերիկեան ճատրակի օփըն մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 62 ճատրակ խաղացողներ:
Ամերիկահայ Վարուժան Յակոբեան, որ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, առաւելագոյն 7 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ սպանացի Ֆրանչիսքօ Վալեխօ Փոնս, որ կէս կէտով գերազանցեց Յակոբեանը:
Այս լուրը հաղորդեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը:
CATEGORIES Մարզական