ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԼԷՈՆԱՐՏՕ ԴԱՐՁԵԱԼ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ԵՆ ԱՂԵՐՍԱԳԻՐ ՄԸ` ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ԿԱՍԵՑՈՒՄԸ ՖԼՈՐԱՆՍԻ ՄԷԿ ՊԱԼԱՏԻՆ ՊԱՏԵՐԸ ՓՈՐԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ, ՈՐ ԿԸ ՄԻՏԻ Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԵԼ ԱՆՈՆՑ ԵՏԻՆ ԵՆԹԱԴՐԱԲԱՐ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՄԷԿ ԳՈՐԾԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ.
Աշխարհի տարբեր կողմերէն շուրջ 150 պատմաբաններ միացեալ ճիգերով կը փորձեն ապացուցել, թէ փալացիօ Վեչիոյի պատերը փորելու աշխատանքը արդէն վնաս կը պատճառէ ճիորճիօ Վասարիի «Մարչիանոյի ճակատամարտը» գործին:
Սակայն ուսումնասիրող Մորիցիօ Սերաչինի կը հաւատայ, թէ տա Վինչիի անաւարտ «Անկիարիի ճակատամարտը» որմանկարը հաւանաբար թաքնուած է անոր ետին` այլ պատի մը վրայ:
Պալատին պատերը փորելու աշխատանքը սկսաւ դեկտեմբերի առաջին շաբաթը` անոնց մէջ զետեղելու համար նկարահանող յատուկ գործիքներ:
Կ՛ենթադրուի, թէ տա Վինչի «Անկիարիի ճակատամարտը» սկսած է գծել 1504-ին, սակայն հրաժարած է ծրագիրը աւարտելու աշխատանքէն, երբ հարցեր ծագած են` իւղաներկի գործածութեան իր փորձառական կիրարկումներուն պատճառով:
Ոմանք այս կիսաւարտ որմանկարը կը նկատեն տա Վինչիի լաւագոյն գործերէն մէկը:
Այսուհանդերձ, այն սրահը, ուր կը գտնուէր որմնանկարը, հետագային վերանորոգուած է, իսկ Վասարի անոր մէկ պատին վրայ իր որմնանկարը գծած է 1563-ին:
Սերաչինի կը հաւատայ, թէ Վասարի պիտի չուզէր ջնջել տա Վինչիիի գործը եւ հաւանաբար թրծուած սալիկներով ծածկած էր զայն, որպէսզի ստեղծէր նոր պատ մը` անոր վրայ գծելու համար:
Այս տեսութիւնը յաւելեալ կշիռ ստացած է, երբ ի յայտ եկած է, թէ Վասարիի գծած զինուորներէն մէկը պարզած է դրօշակ մը, որուն վրայ գրուած են հետեւեալ բառերը. «Ան, որ կը փնտռէ, կը գտնէ»:
Անցեալ տարի ռատարով կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած էր բացութիւն մը Վասարիի թրծուած կաւէ պատին եւ սկզբնական քարէ պատին միջեւ:
Այժմ Սերաչինի, որ կ՛աշխատի Քալիոֆորնիոյ համալսարանին հետ, եւ անոր աշխատողներու խմբակը կը փորեն Վեսարիի որմանկարին մէջ տարբեր մասեր` հոն զետեղելու համար նկարահանող փոքր գործիքներ, որպէսզի կարելի ըլլայ նկարել որմանկարին ետին գտնուող ներքին պատը:
Ցարդ ի յայտ եկած են բնական ներկի հետքեր: Սակայն աւելի քան երկու ամիս պիտի տեւէ գիտաշխատանոցի արդիւնքներուն հրապարակումը:
Թէեւ Ֆլորանսի քաղաքապետը ըսած է, թէ ծակերը փորուած են որմնանկարին արդէն վնասուած մասերուն մէջ, որոնք հետագային վերանորոգուած են, սակայն այս յարձակողական մօտեցումը զայրոյթ պատճառած է արուեստի մասնագէտներու:
Արուեստի վերանորոգութեան մասնագէտ Չեչիլիա Ֆրոսինոն, որ կը գործակցէր Սերաչինիի հետ, հրաժարած է ծրագիրէն`«բարոյական» նկատառումներով:
Ան արուեստի պատմաբան Թոմասօ Մոնթանարիի հետ ծրագրած է Ֆլորանսի իշխանութիւններուն եւ քաղաքապետութեան աղերսագիր մը յղել` կասեցնելու համար պատերը փորելու աշխատանքը:
Աղերսագիրը կը նշէ, թէ ստորագրողները «բնաւ հաւանական չեն նկատեր, որ Վասարի պատին ետին ծածկած է բան մը, որ մինչեւ այսօր տեսանելի է»: Անոնք կ՛աւելցնեն, թէ պատմական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, տա Վինչիի որմնանկարը կը գտնուի Վասարիի որմանկարին դիմացի՛ պատին վրայ:
Ստորագրողները իշխանութիւններէն կը պահանջեն դադրեցնել պատերը փորելու աշխատանքը, մինչեւ որ Վերածնունդի արուեստի մասնագէտներ յայտարարեն իրենց խորհուրդը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ