ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԷՆ` ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՕՐ ՄԸ ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐԸ
Կիրակի, 13 մարտ 2011-ին, տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաճիւղի տարազաւորները իւրաքանչիւր կիրակի նոյն ժամուն կ՛ունենան իրենց սովորական հաւաքները, սակայն սոյն հաւաքը տարբեր էր: Զուտ սկաուտական եւ ՀՄԸՄ-ական մթնոլորտի մէջ, տարազաւոր բոլոր խումբերը հաւաքուած էին նշելու համար Հայ սկաուտի օրը: Մրցակցութիւնը օրուան տէրն ու տիրականն էր: Գայլիկ եւ արծուիկ խումբերը խառն խումբերու բաժնուած` կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն անուններուն տակ կը մրցէին` կանչերով, մարզական, սկաուտական եւ զանազան խաղերով, մինչ արի, արենուշ, պարմանուհի եւ երէց խումբերը կը դիմագրաւէին դժուար մարտահրաւէր մը: Անոնք պէտք էր նուազագոյն ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կազմէին նոյն ձեռային աշխատանքները` օգտագործելով իրենց ընկալած գիտելիքները, դասախօսութիւններու եւ գործնական սեմինարներու ընդմէջէն: Իսկ մասնաճիւղին ամէնէն փոքր անդամները` մոկլիները, սկաուտական տիպարներով, գծագրութիւններով եւ նկարներով զարդարեցին ակումբին պատերը` իւրաքանչիւր պատկերով յայտնաբերելով սկաուտին ձիրքերն ու գիտելիքները:
Հայ սկաուտի օրուան առթիւ, տարազաւորները կառչած մնալով սկաուտական դաւանանքներուն, բնաւ չմոռցան իրենց հայրենակիցները, ըլլան անոնք Արցախի կամ Լիբանանի մէջ: Արդարեւ, Ա. երամի արծուիկները նամակներ յղեցին Արցախի մէջ բնակող իրենց հասակակիցներուն` ծանօթացնելով նախ իրենք զիրենք, ապա սկաուտութիւնն ու ՀՄԸՄ Անթիլիասը` յուսալով, որ իրենց այս անկեղծ արտայայտութիւնը ժպիտներ կը գծագրէ արցախցի մանուկներուն դէմքերուն վրայ: Եւ վերջապէս, օրը աւարտեցաւ Ազգային ծերանոց այցելութեամբ: Իւրաքանչիւր խումբէ անդամներ պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ պիտի հրամցուէր հայ պապիկներուն եւ մամիկներուն. ծրագիրը կ՛ընդգրկէր` երգ, ասմունք, նուագ եւ հաճելի դրուագներու ներկայացում: Տարազաւորները խանդավառուած ծերունիներուն մօտ իրենց պատճառած ուրախութենէն եւ գոհունակութենէն, անձնապէս շրջեցան ծերանոցի բոլոր սենեակները եւ նախօրօք իրենց պատրաստած ձեռային աշխատանքները յանձնեցին բոլորին:
Հայ սկաուտի օրը եղաւ առիթ մը, որպէսզի ՀՄԸՄ Անթիլիասի տարազաւորները ամրապնդեն իրենց հաւատքը միութեան հանդէպ եւ միեւնոյն ատեն իրենց համեստ առօրեայի աշխատանքները ներկայացնելով` լաւագոյն քարոզչութիւնը տանին ՀՄԸՄ-ին եւ անոր նշանաբան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»ին:
Վարձքը կատար բոլորին:
ՔՈՅՐ ՄԸ