ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊ
Իր նշանակումէն տարի մը չանցած` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը դարձեալ կը դիմագրաւէ քաղաքական լուրջ տագնապ մը, որ երկրին մէջ կը ստեղծէ ե՛ւ սպասողական, ե՛ւ լարուածութեան իրավիճակ մը:
Եթէ ուզենք կառավարութեան հարցը փոքրացուած ձեւով կամ պարզ բառերով ներկայացնել, ապա պիտի նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ բարդ տագնապ մը, որուն ուշագրաւ եւ ակներեւ անունն է «պետական նշանակումներ», սակայն խորքին մէջ անոր դիմագրաւած հարցին իսկական բնոյթը կարելի է նկատել քաղաքական, վարչական եւ տնտեսական առումով ստեղծուած թիւրիմացութիւնները, որոնք երբեմն նաեւ ուղղակիօրէն կապուած են կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն քմահաճոյքին եւ երբեմն ալ կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական կողմերուն միջեւ «քիմիագիտութեան» բացակայութեան:
Միւս կողմէ, սակայն, կարելի է նաեւ հաստատել, որ կառավարութեան տագնապը պարզապէս պետական պաշտօնեայի մը նշանակումին հետ չէ կապուած, այլ ան ուղղակիօրէն կապուած է շրջանային եւ միջազգային հաշիւներու եւ ընտրանքներու հետ:
Այդ հաշիւներէն գլխաւորը կը նկատուի Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապն ու անոր ունենալիք աւարտը, որ ժամանակի կը կարօտի եւ բաց է բոլոր հաւանականութիւններուն համար: Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակին կողքին, շրջանային առումով գոյութիւն ունին նաեւ Իրանի հիւլէականի թղթածրարը եւ անոր հետ առնչուած իսրայէլեան զինուորական գործողութեան մը հաւանականութիւնը:
Շրջանային հաշիւներուն եւ օրակարգերուն կողքին կը գտնուի նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը, որուն աշխատանքին շարունակութեան համար Լիբանանը յառաջիկայ մարտի սկիզբը պէտք է վերանորոգէ իր եւ ատեանին միջեւ ստորագրուած գործակցութեան արձանագրութիւնները:
Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով` հարկ է նշել, որ իր կազմութենէն եօթը ամիս ետք կառավարութիւնը եկած է փաստելու, թէ ինք իբրեւ կազմ` ներդաշնակութեան եւ միասնականութեան հարց ունի, ինչպէս նաեւ` հաստատելու, որ ինք կազմուած է անհրաժեշտութեան սիրոյն:
Անցնող եօթը ամիսներուն երկրին կառավարութիւնը լիբանանցի քաղաքացիին քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական նուազագոյն ապահովութիւնը չկրցաւ տրամադրել, ընդհակառակն, ան լիբանանցիներուն ներկայացաւ իբրեւ կառավարութիւն մը, որ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու փոխարէն` զինք բաղկացնող ուժերուն կը վերագրէ պատասխանատուութիւնները:
Ներկայիս նախարարաց խորհուրդի պետը բարձրացուցած է ո՛չ կառավարութեան նիստերուն եւ ո՛չ հրաժարելու կարգախօսը, որ երկիրն ու քաղաքացիները կը մատնէ յաւելեալ անորոշութեան եւ յուսալքումի:
Վարչապետ Միքաթի իր այս կեցուածքին կողքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը պատասխանատու կը նկատէ կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին եւ անդամալուծութեան, աւելցնելով, որ ինք կառավարութիւնը նիստի պիտի չհրաւիրէ եւ պիտի չհրաժարի, այնքան ատեն որ աունական նախարարները կը խոչընդոտեն կառավարութեան աշխատանքները: «Իսկ եթէ լիբանանեան եւ շրջանային պայմանները աւելի լաւ ըլլային, անվարան կը հրաժարէի», աւելցուցած է վարչապետ Միքաթի:
Նշենք, որ Միքաթիի այս կեցուածքին իբրեւ պատասխան` նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց հետեւեալը. «Վարչապետ Միքաթի իր պաշտօնի ստանձնումին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտած էր, որ ինք Լիբանանի սահմանադրութիւնը պաշտպանող վահան մը պիտի ըլլայ եւ պիտի պահպանէ երկրին պետական հաստատութիւններն ու պիտի ծառայէ լիբանանցիներուն: Բայց Միքաթի իր խոստացած այդ պատասխանատուութիւնները չի կրնար ստանձնել կառավարութեան նիստերը կասեցնելով: Վարչապետը ոչ մէկ իրաւունք ունի կասեցնելու կառավարութեան նիստերը, որոնց կասեցման հետեւանքը կրնայ ըլլալ երկրին գործադիր իշխանութեան անդամալուծումը: Այս կամ այն կողմին դէմ ճնշում բանեցնելու նպատակով կառավարութեան նիստերուն սառեցումը լաւ եւ ճիշդ միջոց մը չի կրնար ըլլալ: Հետեւաբար մենք կոչ կ՛ուղղենք վարչապետին` կառավարութիւնը վերստին հրաւիրելու աշխատանքի»:
Անցեալ չորեքշաբթի երեկոյեան կառավարութեան նիստին վարչապետ Միքաթի եւ աունական նախարարներ իրենց պայմանները պարտադրեցին իրարու, այսինքն` կառավարութեան վրայ, եւ պատճառ դարձան, որ ան անդամալուծուի` ընդհատելով անոր նիստը:
Չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ տեղի ունեցան հաղորդակցութիւններ, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութիւններ արձանագրուեցան Հըզպալլայի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ, սակայն անոնք գործնական քայլերով չարդիւնաւորուեցան եւ կարելի չեղաւ շրջանցել կառավարութեան տագնապը:
Հաւանական է, որ այս շաբթուան ընթացքին Հըզպալլա կատարէ իր խոստումը եւ վարչապետին ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն հետ լուրջ խորհրդակցութիւններու սկսի, բայց եւ այնպէս տակաւին առկայ կը մնայ այն իրողութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վարչապետ Միքաթիի հետ գործակցելով` նպատակադրած է արգելակել աունական մակընթացութիւնը` քաղաքական թէ կատարուելիք պետական նշանակումներուն առումով:
Հակառակ վարչապետ Միքաթիի կողմէ բազմիցս կրկնուած այն կեցուածքին, թէ ինք կառավարութիւնը նիստի պիտի չհրաւիրէ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նման որոշում չկայ, այլ վարչապետը պարզապէս առիթ կու տայ կառավարութեան` համաձայնելու որոշ թեկնածուներու շուրջ եւ ապա կատարելու պետական նշանակումները:
Կառավարութեան դիմագրաւած այս տագնապին շրջագիծին մէջ, Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ մնայուն կերպով կը գործակցի նախկին նախարար Թալալ Արսլանի հետ, նկատել տուաւ, որ եթէ աունական նախարարները քիչ մը աւելի համեստ վարուէին, նման տագնապներու դիմաց չէր գտնուեր ամբողջ երկիրը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք կը նախընտրէ չմիջամտել եւ զանազան կողմերու հետ խորհրդակցութիւններ չկատարել այս իմաստով, աելցնելով, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ պէտք է խօսուի եւ անոր բացատրուի, թէ հարկ է պահպանել լիբանանեան խորհրդարանին մէջ այսօրուան մեծամասնութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին գոյութիւնը: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ բոլոր հարցերուն լուծում կարելի է գտնել, աւելցնելով, որ հարկ է պետական նշանակումներուն թղթածրարը լուծել խաղաղութեամբ եւ հանդարտութեամբ:
Անդրադառնալով վարչապետ Միքաթիի հրաժարականին հաւանականութեան` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ոչ ոքի արտօնուած է հրաժարիլ, հաստատելով, որ ինք մինչեւ վերջ պիտի մնայ վարչապետ Միքաթիի կողքին: «Կա՛մ միասին կը ծփանք, կա՛մ միասին կը խեղդուինք», շեշտեց Ժոմպլաթ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ տակաւին չմիջամտեց այս տագնապին եւ քաղաքական իր փորձառութեամբ ու հմտութեամբ` ճկուն հարուածով մը չլուծեց կառավարութեան տագնապը, շեշտեց, որ իրեն համար նման մագլցում մը նախատեսելի էր, յատկապէս նկատի ունենալով կառավարութեան դիզած աշխատանքներն ու թղթածրարներուն բնոյթը:
Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան չորեքշաբթիի նիստին արձանագրուածը հետեւանք է լեցուն սրտերու միջեւ արձանագրուող բախումին, զարմանք յայտնելով, որ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական կողմերը նման վերաբերմունք կ՛ունենան իրարու նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ յամառութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, որովհետեւ այդպիսով կարելի է միայն Լիբանանին ու լիբանանցիներուն վնաս հասցնել:
Իսկ Հըզպալլան, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի Ամալ շարժումին, իր մէկ հայեացքը ուղղած է ռազմավարական իր դաշնակիցին` զօր. Միշել Աունի, իսկ միւսը` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն այլընտրանք այս հանգրուանին կարելի չէ գտնել: Հըզպալլա կը ջանայ նաեւ չկորսնցնել երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը եւ ճիգ չխնայել կառավարութեան գոյութիւնն ու անոր կայունութիւնը ապահովելու համար:
Հըզպալլայի համար ներկայիս Լիբանանի ապահովական կայունութեան երաշխաւորումը ճակատագրական է, որպէսզի Լիբանան անգամ մը եւս չվերածուի շրջանային տագնապներու կռուախնձորին:
Նշենք, որ կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ երկրի քաղաքական իրավիճակին:
Բայց եւ այնպէս մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այս շաբթուան ընթացքին խորհրդարանի նախագահի քաղաքական խորհրդատու, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլ ձեռնարկեն շարք մը այցելութիւններու, որոնց հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ լուծել կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը:
Երկրին մէջ կառավարութեան ստեղծած այսօրուան տագնապն ու անոր նկատմամբ կեցուածքները քաղաքացիներուն մօտ կը ստեղծեն շարք մը հարցականներ, որոնցմէ են.
– Ո՞վ է այս հարցին ուղղակի պատասխանատուն եւ ի՞նչ է այդ հարցը բարդացնելու նպատակը:
– Արդեօք վարչապետ Միքաթի եւ զօր. Աուն կրնա՞ն փախուստ տալ իրենց ազգային պատասխանատուութենէն եւ երկիրը անիշխանութեան մատնել:
– Արդեօք հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին յարաբերութիւնը զօր. Միշել Աունի հետ չքացա՞ծ է, թէ՞ կայ գաղտնի կապ մը, որ տակաւին չէ բացայայտուած:
– Հաւանակա՞ն է, որ քաղաքական որոշ կողմ մը օգտագործէ պետական պաշտօնեաներու նշանակման թղթածրարը, որպէսզի սառեցնէ կառավարութեան նիստերը` կառավարութեան կազմը փոփոխութեան ենթարկելու միտումով:
– Արդեօք լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային առումով յարմար պա՞հն է` սասանելու կառավարութիւնը եւ անոր ընդմէջէն նաեւ երկրին քաղաքական կայունութիւնը: Ներքին եւ արտաքին առումով ո՞վ է յաղթականը, ո՞վ է պարտուողը:
– Ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը տապալի: Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մէջ կա՞յ կողմ մը, որ կրնայ երկիրը պահպանել կառավարութեան տապալումին ունենալիք հետեւանքներէն եւ նոր կառավարութիւն մը կազմել: Արդեօք ներկայ կառավարութեան գոյատեւման օրերը պէտք է հաշուե՞նք եւ համոզուինք, որ այդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ընթացիկ գործերու կառավարութիւն մը, որ պիտի աշխատի մինչեւ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:
– Հաւանակա՞ն է, որ լիբանանցիները զոհերը դառնան ընտրական պազարի մը, որուն մէջ կանուխ մխրճուած են վարչապետն ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
– Կարելի է՞ նկատել, որ տեղական, շրջանային եւ միջազգային համախոհութիւնը, որուն շնորհիւ կազմուեցաւ կառավարութիւնը, անգոյ դարձած ըլլայ եւ չկարենայ պահպանել խորհրդարանի նոր մեծամասնութեան կառավարութիւնը:
– Արդեօք Միքաթիի գործած այս սահմանադրական սխալը այլ սխալո՞վ մը կը սրբագրուի եւ պատճառ կը դառնայ երկրին սահմանադրութեան բարեփոխման պահանջներուն, որպէսզի ոչ մէկ կողմ քաղաքական իր ենթահողէն մեկնելով կամ քմահաճոյքէն դատելով` հակակշիռի տակ առնէ կառավարութիւնը:
– Ինչո՞ւ վարչապետ Միքաթի աճապարեց եւ դարձաւ նախայարձակ կողմը` պետական պաշտօնեայի մը նշանակման պատճառով: Հաւանակա՞ն է, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ անդամալուծուած էր, իսկ այդ հարցը պարզապէս այդ վիճակը բացայայտելու միջոց մը ըլլար:
– Ճի՞շդ է, որ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի տեղեակ էր վարչապետին կողմէ առաջարկուելիք թեկնածուներուն մասին եւ նախապէս համաձայնած էր անոնց շուրջ, սակայն նիստին ընթացքին տարբեր կեցուածք արտայայտած էր: Հաւանակա՞ն է արդեօք, որ Քըրթպաուի վարչապետէն պահանջած ըլլայ այդ նշանակումին թղթածրարը զանց առնելու մասին եւ վարչապետը մերժած ըլլայ ընդառաջել անոր պահանջին:
– Արդեօ՞ք վարչապետ Միքաթի իր այդ որոշումով փորձեց իր ընդվզումը յայտնել համախմբումի նախարարներուն կարծր կեցուածքներուն եւ զօր. Աունին կողմէ դէպի վարչապետարան կազմակերպուելիք բողոքի հաւանական ցոյցին դէմ:
Բոլոր այս հարցումները եւ տակաւին շատ ուրիշ հարցումներ առկայ են բոլոր լիբանանցիներուն միտքերուն մէջ, սակայն նման կացութիւններու առջեւ հարկ է սպասել` խորհրդարանի նախագահին, Խալիլներու այցելութիւններուն, սէյիտ Նասրալլայի կեցուածքներուն եւ այլ ջանքերու, որոնց իբրեւ արդիւնք` կրնայ Ռապիէի եւ վարչապետարանին միջեւ յարաբերութիւններու սառցահալ կատարել: Կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը լուծելու առումով մթնոլորտը դրական է, որովհետեւ շրջանային թէ միջազգային առումով զետեղուած գրաւները կ՛անդրադառնան Լիբանանի քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու եւ առիթ չտալու, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը հրաժարի:
Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՍԱՖԻՐ» եւ «ՆԱՀԱՐ»)