ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ – ԷԼԻԶԱՊԵԹ ԹԷՅԼԸՐ. ՆՈՒԱԶ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ
ԷԼԻԶԱՊԵԹ ԹԷՅԼԸՐԻ ՄԱՀԸ ԿԸ ՇԵՓՈՐՈՒԻ ԻԲՐԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ՄԸ ԱՒԱՐՏԸ: ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՍՏՂԵՐԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ՉԵՆ ՓԱՅԼԻՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՍԹԻՒ ՌՈԶ ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ՊԱՏՃԱՌԸ ՀԶՕՐ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄԸ ՉԷ:

Կ՛ենթադրուի, որ Թէյլըրի գոհարեղէններուն առասպելական հաւաքածոն կ՛արժէ շուրջ 150 միլիոն տոլար: Անիկա պիտի վաճառուի` գիտակցութիւն արթնցնելու համար ՍԻՏԱ-է վարակուած անձերու նկատմամբ եւ օգնելու անոնց:
Ուրեմն այս է կանաչ լոյսը Լիզ Թէյլըրի կենսագրական ժապաւէնին համար: Անշուշտ տակաւին կը սգանք «վերջին գերաստղին» կորուստը, ինչպէս իւրաքանչիւր օրաթերթ պարտաւոր է նկարագրել զայն, սակայն չենք երեւակայեր, թէ անոր հզօր եւ տարօրինակ կեանքը պաստառին յանձնելու մրցումը արդէն սկսած է: Անիկա սկսած էր նոյնիսկ Թէյլըրի մահէն առաջ, մասամբ հրահրուած անոր սիրային նամակները պարունակող հրատարակութեամբ, որ կը կրէ «Ֆիւրիըս լաւ. Էլիզապեթ Թէյլըր, Ռիչըրտ Պըրթըն էնտ տը մերէյճ աֆ տը սենչըրի» վերնագիրը: Ամէն ոք արդէն ծանօթ էր ժապաւէնին ուրուագիծին: Իսկ այս զարդարուն նամակները ի վերջոյ կ՛ընձեռէին դիպաշարը ամբողջացնող երկխօսութիւնը: Օրինակ, Պըրթըն կը գրէր Թէյլըրի. «Ընդմիշտ պատժուած եմ աստուածներուն կողմէ, որոնք ինծի տուած են կրակը, եւ ես կը փորձեմ մարել զայն: Անշուշտ կրակը դուն ես»:
Թէյլըր գրած է Պըրթընի. «Կը պաշտեմ քեզ: Առանց քեզի կեանք չկայ»:
Պըրթըն` Թէյլըրի. «Եթէ լքես զիս, պիտի ստիպուիմ անձնասպան ըլլալ: Կեանք չկայ առանց քեզի»:
Այս տողերը առնուած են գիրքին մէջ լոյս տեսած պատահական նամակներէ: Սակայն շարժապատկերի նիւթերու ո՞ր հեղինակը պիտի կարենար դիմադրել զանոնք օգտագործելու փորձութեան:
Այսուհանդերձ, յաջորդ հարցը այն է, թէ ո՞վ պիտի կարենար մարմնաւորել Թէյլըրի դերը: Հաւանական թեկնածուներու անունները շրջան կ՛ընէին նախքան Թէյլըրի մահը. Անճելինա Ճոլի, Քաթրին Զեթա-Ճոնզ, Նաթալի Փորթման: Կը թուի, թէ Ճոլի առաջին քայլ մը առած է` ձեռնարկելով ժապաւէնի մը մէջ Կղէոպատրայի դերին մարմնաւորումին: Սակայն ժամանակակից այս դերասանները Թէյլըրի հետ բաղդատելը պարզապէս լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն իրողութիւնը, թէ ինչպիսի տարբե՛ր ժամանակներ կ՛ապրինք: Նշեալ անունները անուանի անձեր են: Սակայն Թէյլըր աստղ էր, սիրելիներ:
Ի՞նչ է տարբերութիւնը: Կարելի է մէջբերել Կլորիա Սուանսընի հռչակաւոր տողը «Սանսեթ Պուլվարտ»ի մէջ. «Ես մեծ եմ, ժապաւէններն են, որոնք փոքրացած են»: Այո, տակաւին կը շարունակենք պատրաստել մեծապէս ծախսալից ժապաւէններ, սակայն սղաճին յարմարելով, թէ` այլապէս, Հոլիվուտի մէջ այլեւս ոչ ոք կարողութիւնը ունի արտադրելու «հոլիվուտեան փայլքը». ո՛չ Սուանսընի մտապատկերով եւ ո՛չ ալ` Թէյլըրի: Եթէ փնտռենք այն վայրկեանը, երբ «ժապաւէնները նսեմացան», ապա այդ պահը աւելի վատ է, քան` 1960-ական տարիներու Թէյլըրի տխրահռչակ «Քլէոփաթրա» դիւցազներգական ժապաւէնին պատրաստութիւնը: Անիկա այն ժապաւէնն էր, որ Թէյլըրը վերածեց մէկ միլիոն տոլար գանձող առաջին դերասանին: Սակայն այսքան մեծ գումար շահարկելով դերասանուհիին համար` ժապաւէնին տարողութիւնն ու պիւտճէն ընդլայնեցաւ, գլխաւորաբար` իր աստղին պատճառով:
Յանկարծ կարիքը զգացուեցաւ, որ ժապաւէնին մէջ Թէյլըր կրէր ծախսալից բազմաթիւ տարազներ, ներառեալ` հագուստ մը, որ հիւսուած էր 24 քարաթ ոսկիէ: Ժապաւէնին արտադրութիւնը առկախուեցաւ` Թէյլըրի բազմաթիւ հիւանդութիւններուն պատճառով: Իսկ երբ ան ապաքինեցաւ, գլխաւոր այլ դերակատարներ պէտք էր փոխարինուէին, եւ ամբողջ նկարահանումը տեղափոխուեցաւ Հռոմ: Երբ առաջին բեմադրիչը` Ռուբէն Մամուլեան գործէ արձակուեցաւ, Թէյլըրն էր, որ պիտի որոշէր, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէր զայն: Ան ընտրեց Ժոզեֆ Լ. Մանքիվիչը, որ իր բեմադրիչը եղած էր «Սատընլի, լասթ սամըր» ժապաւէնին մէջ, եւ որ հետագային «Քլէոփաթրա»ն նկարագրած էր իբրեւ իր բեմադրած «ամէնէն դժուար ժապաւէններէն մէկը»: ժապաւէնը ի վերջոյ շահ ապահովեց, ներառեալ` յաւելեալ 2 միլիոն տոլար` Թէյլըրի համար, սակայն «Քլէոփաթրա»ի չափազանց ծախսալից արտադրութեան պատմութիւնը կը խորհրդանշէ ժապաւէններուն լարումը` նոյնքան մեծութիւն մը դառնալու, որքան` իրենց ցուցադրած աստղը, եւ` ձախողութիւնը: «Քլէոփաթրա»ի արտադրութեան ընթացքին Պըրթընի հետ Թէյլըրի սիրային գայթակղութիւնը նաեւ նշեց անկիւնադարձ մը` պաստառէն դուրս դերասաններուն հետ հանրութեան յարաբերութեան մէջ: Թերեւս կարելի է Պըրթընն ու Թէյլըրը կոչել իրենց ժամանակներու Պրանճելինան (Պրատ Փիթի եւ Անճելինա Ճոլիի անուններուն միացումը: «Ա.»): Սակայն այնքան ալ չի յարմարիր նմանութիւնը: Պրատ Փիթի եւ Անճելինա Ճոլիի սիրային յարաբերութիւնը ներկայացուած է «Հիթ»ի եւ «Նեշընըլ Ինքուայրըր»ի նման թերթերու մէջ: Թէյլըրի եւ Պըրթընի յարաբերութիւնը դատապարտուած է Վատիկանի կողմէ եւ քննարկուած` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան մէջ: Փափարացիները Թէյլըրն ու Պըրթընը կը հետապնդէին Հռոմի տարածքին, այնպէս` ինչպէս անոնք կը վխտան այսօրուան անուանի անձերուն շուրջ, սակայն յայտնապէս երբեք չեն յաջողած զանոնք նկարել իրենց պարտականութիւններէն դուրս:

Էլիզապեթ Թէյլըրի հետ թաղուեցաւ անոր կեանքի սէր` Ռիչըրտ Պըրթընի վերջին նամակը իրեն, զոր ան գրած էր իր մահէն երեք օր առաջ:
Իսկ երբ նկարուած են պաստառէն դուրս, Թէյլըր եւ Պըրթըն զիրար գրկած են սուրացող նաւակներու մէջ, դահուկած են Զուիցերիոյ լեռներուն վրայ, դուրս եկած են ուշագրաւ ճաշարաններէ, միշտ հոյակապ տեսքով: Պէտք չէ մոռնալ, թէ Թէյլըր արդէն երեք զաւակներու մայր էր, երբ կը միանար Պըրթընի: Աւելի հաւանական է, որ այսօրուան անուանի դերասանուհիները պաստառէն դուրս տեսնենք մանուկներու կառք մը քշելու վիճակին մէջ, Սթարպաքսի գաւաթ մը իրենց ձեռքին, կամ իրենց ինքնութիւնը ծածկող պէյսպոլի գլխարկի մը ետին, որ կը ճչայ` «ոչ մէկ շպար»:
Խզում մը տեղի կ՛ունենայ, երբ այս նոյն դերասանուհիները կը տեսնենք շքեղ տեսքով` կարմիր գորգերու վրայ, կամ երբ իրենց մարմինը կը տարածեն անուշահոտի հսկայական շիշերու շուրջ` իբրեւ ծանուցում: Անոնք դերասաններ են, որոնք հոլիվուտեան փայլքը կը պատկերեն այնպէս` կարծէք անիկա այլ դեր մըն է: Կը թուի, թէ Թէյլըր երբեք իր պաշտօնէն դուրս չէր ապրեր: Այսօր յանցանքի զգացում մը կ՛առնչուի այն հարստութեան եւ հռչակին հետ, զորս Թէյլըր եւ Պըրթըն կը փառաբանէին իրենց երիտասարդութեան: Եթէ այսօր սիրահարած ամոլ մը նոյն տիպի Ռոլս- Ռոյս ինքնաշարժներ գնէր կամ կրէր գոհարներ, այնպէս` կարծէք անոնք պարզապէս շաքարէ շինուած պուպրիկներ ըլլային, ապա անոնք «աստղ» պիտի չնկատուէին, այլ` կոպիտ եւ անտաշ անձեր:
Այսուհանդերձ, կարելի չէ մեղադրել զայն: Էլիզապեթ Թէյլըր կին մըն էր, որ պաշտամունքի, համակրանքի եւ քննադատութեան արժանացած էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ան Բրիտանիոյ թագաւորական ընտանիքին համար պարած էր 3 տարեկանին, ինչ որ առասպելի վերածուած է: Ան աստղ մըն էր «Նեշընըլ վելվեթ» եւ «Լասի քամ հոմ» ժապաւէններուն մէջ` նախքան իր պատանեկութիւնը: Եւ ինչպէս բոլոր այն մանուկ աստղերը, որոնք մանկական անմեղութեամբ կը ճառագայթեն, ան յետաշխարհամարտեան սերունդին ներշնչած էր այն զգացումը, թէ ինք անոնց սեփական մէկ զաւակն էր: Ան տեւաբար շրջապատուած էր այնպիսի ճարտարարուեստով մը, որ կը շահարկէր իր գեղեցկութեան մէջ, զինք կը կոփէր «Էմ. Ճի. Էմ.»ի սթիւտիոներուն մէջ եւ միշտ ներկայ էր յօդուածի մը մէջ, որ կը գովերգէր իր մութ մանիշակագոյն աչքերը, իր արտասովոր գեղեցկութիւնը, իր սեռային գրաւչութիւնը: Ան կին մըն էր, որ շարժապատկերի պաստառը կը բաժնէր Ճէյմս Տինի, Մարլոն Պրանտոյի, Քեթրին Հեփպըռնի, Սփենսըր Թրէյսիի, Փոլ Նիումենի հետ եւ երբեմն սիրային յարաբերութիւններ կ՛ապրէր անոնցմէ ոմանց հետ: Երբ անցեալ տարի Նիումեն մեռաւ, չէ՞ որ զայն նոյնպէս նկարագրեցինք իբրեւ «Հոլիվուտի վերջին աստղը»:
Այսուհանդերձ, ի հակադրութիւն աստուածուհիի նման իր հանրային կերպարին, Թէյլըր պաստառին վրայ կը գերազանցէր իր ամէնէն իրական տիպարներու մարմնաւորումով: Իր լաւագոյն դերերով ան կը հակադրուէր իր գեղեցկութեան եւ անէծքի կը վերածէր զայն: Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ սեռային գրաւչութիւնը պէտք էր տողատակի յայտնուէր գրաքննուած տողերու ետին, Թէյլըր շատերէն աւելի նուազ բան կը ձգէր երեւակայութեան, իր հակադրուող կերպարով եւ բացայայտ գրաւչութեամբ: Ինչպէս ամերիկացի ընկերային քննադատ Քամիլ Փակլիա աւելի ուշ գրած է. «Ան կ՛արտացոլացնէ սեռային այն ուժը, զոր կիներու իրաւունքներու պաշտպան մտածողութիւնը չի կրնար բացատրել եւ փորձած է քանդել: Թէյլըրի նման աստղերու ընդմէջէն կը զգանք ներգործութիւնը աշխարհի կարգը խանգարած առասպելական կիներուն, ինչպէս` Տիլայլա, Սալոմէ, եւ Տրովադայի Հելենը»: 1951-ին «Է փլէյս ին տը սան» ժապաւէնին մէջ կազմաւորուած տարիքի իր առաջին դերով ան իր սեփական զօրութեամբ կը մրցէր Մոնթկոմըրի Քլիֆթի հետ` կատարելապէս համոզելով քննադատները, թէ անասուններու հետ նիւթեր պատկերող ժապաւէններու մէջ իր դերերը այլեւս անցեալին կը պատկանէին:
Նիքոլ Քիտման կեղծ քիթով մը ինքզինք տգեղցուցած էր «Տի աուըրզ» ժապաւէնին մէջ Վըրճինիա Վուլֆի դերը մարմնաւորելու համար: Սակայն տասնամեակներ առաջ Թէյլըր իր առասպելական գեղեցկութիւնը կ՛այլանդակէր` 15 քկ գիրնալով եւ ալեխառն կեղծամ մը կրելով «Հո՞ւ իզ ըֆրէյտ աֆ Վըրճինիա Վուլֆ» ժապաւէնին մէջ: Պաստառէն դուրս այսօրուան դերասանուհիներուն խզումը իրենց փառքէն հակառակ ձեւով տեղի կ՛ունենար Թէյլըրի պարագային. իր ժապաւէններուն մէջ ան սովորական անձ մըն էր, որ կը պատկերէր իրական զգացումներ` իրական վիճակներու մէջ, սակայն միաժամանակ ան Լիզ Թէյլըրն էր:
Մեզմէ քիչեր կրնան գիտնալ, թէ Թէյլըր իրականութեան մէջ ինչ էր, եւ մեզմէ ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իրեն պէս ըլլալ: Սակայն անոր անհպելի աստեղութեան եւ պաստառին վրայ մարմնաւորած իրական դերերուն միջեւ կրնանք մենք մեզ խաբել, թէ կարելի է անոր կեանքը դիտել անոր ժապաւէններուն պրիսմակին ընդմէջէն: Երբ կը լսենք, թէ ինչպէ՛ս ան ցաւատանջ ճիչ մը արձակած էր լսելէ ետք իր երրորդ ամուսինին մահուան լուրը (ան մեռած էր, երբ ջախջախուած էր իր անձնական օդանաւը, որուն անունն էր Լաքի Լիզ) եւ փորձած էր անձնասպանութիւն գործել, միայն կրնանք տեսարանը պատկերացնել իբրեւ զաւեշտ մը` Թենըսի Ուիլիըմզի թատրերգութիւններուն պաստառի պատշաճեցումներուն մէջ անոր կատարումներով: Թէյլըրի կեանքը լեցուն է բազմաթիւ դէպքերով, որոնք կրնան կազմել ոչ միայն կենսագրական դիւցազներգութիւն մը, այլ նաեւ` պատկերասփիւռի ժապաւէններու կարճ շարքի մը դիպաշարը:
Թէյլըրի աստղը 1960-ական տարիներուն արդէն շատ մեծ էր շարժապատկերի համար: Եթէ այս օրերուն ան 40 կամ 50 տարեկան ըլլար, անկասկած որ աւելի ծանօթ պիտի դառնար իր դերակատարութիւններով, քան` իր անձնական կեանքով: Ի տարբերութիւն 1970-ական տարիներուն` դերասանուհիներ այլեւս իրենց երիտասարդութիւնը թեւակոխած անձեր չեն նկատուիր, երբ կը բոլորեն 40 տարիքը: Փաստը` Քէյթ Պլանշեթ, Ճուլիեն Մուր եւ Հելեն Միրեն: Սակայն, նոյն սկզբունքով, եւ հակառակ բամբասանքներու միջամտութեան, այսօրուան դերասանուհիներուն կատարողութիւնը շատ աւելի սուր կերպով կը դատուի, քան` Թէյլըրի հայրիշխանական ոսկեդարին:
Ոչ ոք պիտի երեւակայէր Էն Հաթաուէյը կամ Միա Վասիքովսքան նկարագրել միայն իրենց ֆիզիքական յատկանիշներով: Այսօրուան կիները հարցազրոյցներու մէջ կը ներկայացուին իբրեւ լուրջ դերասանուհիներ: Եթէ նոյն վերաբերումը ցուցաբերուէր Թէյլըրի ժամանակներուն, ան հաւանաբար աւելի լուրջ դերեր պիտի ստանձնէր: Սակայն 1970-ական տարիներուն արդէն իրեն յարմար դերեր չկային, եւ ան աստիճանաբար կորսնցուց իր հետաքրքրութիւնը, ինչ որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ ան դերեր մարմնաւորած է պատկերասփիւռի «Ճենըրըլ հոսփիթըլ» շարունակական ժապաւէններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` 1994-ին պատկերասփռուած «Տը ֆլինթսթոնզ» ժապաւէնին:
Այսուհանդերձ, երբ աստեղային լուսապսակը սկսաւ խամրիլ եւ Թէյլըր վար իջաւ Ողիմպոս լեռէն, ան սկսաւ սահմանել հոլիվուտեան աստեղութեան նոր չափանիշներ, որոնք օրինակ են այսօրուան սերունդին համար: Մասնաւորաբար ՍԻՏԱ-ի համար անոր մղած պայքարը համակիրներ շահեցաւ, ինչպէս նաեւ` միասեռական երկրպագուներ, որոնց վրայ դրուած խարանին դէմ պայքար մղեց ան Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Աւելի ուշ ան քննադատեց նախագահ Ճորճ Պուշի Իրաք ներխուժումին որոշումը: Սակայն միշտ շարունակեց բարեսիրական իր պարտականութիւնները կատարել տեսակ մը սրբութեամբ, Տայանա իշխանուհիին պէս: Եւ ամբողջ ընթացքին ան կը շարունակէր գոհարներ կրել շաքարի կտորներու պէս եւ սուղ վաճառանիշով հագուստներով ներկայանալ իր անուաւոր աթոռին վրայ, երբ արդէն չէր կրնար քալել առանց օգնութեան: Ինչ որ ժամանակին հոլիվուտեան փայլք էր, այժմ վերածուած էր այլանդակ կոպտութեան մը: Սակայն Թէյլըր վաստակած էր այս իրաւունքը, եւ ոչ ոք կը նշէր այս:
Թէյլըր «Հոլիվուտի վերջին աստղը» չէ: Լորեն Պաքալ տակաւին կենդանի է: Սակայն ոեւէ աստղէ աւելի` Թէյլըր կատարած է անցումը փողփողուն փառքի եւ անուանի անձերու շուրջ կեդրոնացած արդի ժամանակներուն միջեւ: Ազնուականութենէ հեռու ներկայ ժամանակներու իբրեւ գերագոյն արարք` ան «Հարփըրզ Պազար» թերթին անցեալ ամսուան թիւին մէջ ցաւալի հարցազրոյց մը կատարած է միայն հռչակի սիրոյն հռչակաւոր Քիմ Քարտաշեանի հետ: Համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող Թուիթըր կայքին մէջ ան նոյնիսկ հակազդած է իր կենսագրական ժապաւէնին մասին լսուող տարաձայնութիւններուն: Անոր մէկ «ճռուողիւնը» կ՛ըսէր. «Ոչ ոք կրնայ կատարել Էլիզապեթ Թէյլըրի դերը, բացի` ինքնին Էլիզապեթ Թէյլըրէն»:
(Յապաւուած)
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ