ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ՀՈՂԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՏՆՁԳՈՒԹԵԱՆՑ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԿԸ ԼՈՒԾԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎՐԷԺԸ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆ
Անցնող 5 փետրուարին գրաւեալ հին Երուսաղէմի իսրայէլեան քաղաքապետութիւնը յայտարարեց առեւտրական կեդրոնի մը կառուցման նոր ծրագիրի մը մասին: Կեդրոնը, որ պիտի ընդգրկէ նաեւ յարակից կառատուն մը, պիտի կառուցուի Երուսաղէմի հայոց եկեղեցապատկան հողերուն վրայ, ճշգրտօրէն` Սուրբ Քաղաքի հին թաղամասին մէջ:
Երուսաղէմի եւ անոր սրբավայրերու զօրակցութեան իսլամեւքրիստոնէական խորհուրդը զգուշացուց իսրայէլեան գրաւող ուժերու այս քաղաքականութենէն, որ կը միտի հրէականացնել Սուրբ Քաղաքի խորհրդաշնական վայրերը` յարաճուն յարձակումներ գործելով անոր իսլամական թէ քրիստոնէական սրբավայրերուն դէմ, բռնագրաւելով անոր հողերը, քանդելով բնակարանները եւ յարձակելով քաղաքացիներուն վրայ, ստիպելով զանոնք` լքելու իրենց տուներն ու հողերը, յանգելով մարդու, ծառի թէ քարի համատարած հրէականացման…
Հակառակ այն դիմումներուն, զորս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Հռոմի պապը, միջազգային պատկան մարմիններն ու հաստատութիւնները կատարեցին` միջամտելու եւ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, դադրեցնելու համար Երուսաղէմի ու առհասարակ Պաղեստինի դէմ կատարուող յաճախակի յարձակումները, այսուհանդերձ, Երուսաղէմը հրէականացնելու իսրայէլեան ծրագիրը չդադրեցաւ եւ պիտի չդադրի…
Ի տես այս իրողութեան` կը հաստատենք մեր անխախտ սկզբունքներն ու սկզբունքային հաստատումները` հետեւեալ ձեւով.
Առաջին.- Երուսաղէմը խաղաղութեան քաղաքն է, կրօններու եղբայրակցութեան քաղաքն է ու Աստուծոյ քաղաքն է: Անոր հրէականացումը կը հակասէ խաղաղութեան, երկնային կրօններու խորքին ու Աստուծոյ կամքին…
Երկրորդ.- Երուսաղէմը բոլոր կողմերէն յարգուած սրբավայր մըն է…
Անիկա «գերխնդիրներու հիմնահարցն է», որքան ալ Իսրայէլ փորձէ սեփականացնել եւ հրէականացնել զայն:
Երրորդ.- Երուսաղէմի հրէականացման փորձերը պէտք է դառնան ամէնէն զօրաւոր շարժառիթն ու կարեւորագոյն խթանը` ի խնդիր արաբներու եւ պաղեստինցիներու միասնականութեան, ընդդէմ պատմական այս գաղութարար եւ ցեղապաշտ թշնամիին… Արդարեւ, եթէ Երուսաղէմը չմիացնէ զանոնք, ապա աւելի ի՞նչ կարեւոր հարց կրնայ միացնել զիրենք:
Չորրորդ.- Հայապատկան կալուածներու դէմ կատարուող այս յարձակումները անբաժան մասնիկն են Պաղեստինի այլ համայնքներուն դէմ կիրարկուող յարձակումներուն` առանց խտրութեան, որովհետեւ անոնք, յաչս Իսրայէլի, մեծաքանակ թշնամիներ են» իսկ ինք այդ համայնքներուն դէմ կը յարձակի ու կ՛իւրացնէ անոնց սեփականութիւնները` «փոքրաքանակ» տարողութեամբ…
Հինգերորդ.- Երուսաղէմի հայոց վանքի հողային սեփականութեանց դէմ կատարուող իսրայէլեան այս յարձակումին ժամանակագրական զուգադիպումը` «թայմինկ»ը, բնաւ պատահական չէ… Որովհետեւ, մեր կարծիքով, անիկա կրկնակի վրէժխնդրութիւն է` հայերէն ու Ֆրանսայէն միասնաբար, ֆրանսական ծերակոյտի այն պատմական որոշումէն ետք, որ 1915-ի հայկական ջարդերը կը նկատուէին իբրեւ «ցեղասպանական ոճիրներ»…
Ու տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա չկրցաւ վրէժ լուծել Ֆրանսայէն ու հայերէն, ապա անոր իսրայէլեան ռազմավարական դաշնակիցը» իր ուսերուն բեռցուց այդ պարտականութիւնը` այսպիսով մէկէ աւելի թռչուններ որսալով մէկ քարով… Արդ, կա՞յ մէկը, որ լուրջի կ՛առնէ այս հարցը… Ա՛յդ է խնդիրը…
ԱԲՐԱՀԱՄ ՏԷՏԷԵԱՆ
Նախկին երեսփոխան ու
ճարտարարուեստի (նախկին) նախարար