Ոգեւորիչ Եւ Նոր Տեսլականներով Երթը Կը Շարունակուի
Թուրքիոյ կողմէ բռնագաղթի ենթարկուած հայերը 1915-էն սկսեալ հասան Լիբանան եւ անոնցմէ ոմանք հաստատուեցան Ժունիէի եւ անոր մօտակայ Ղազիր գիւղին մէջ գտնուող որբանոցներուն մէջ` ինչպէս նաեւ Մաամըլթէյնի Ազգային բուժարանին մէջ` նախքան անոր Ազունիէ փոխադրուիլը:
Հայկական որբանոցներուն լուծարքէն ետք, Ժունիէի մէջ կայք հաստատած փոքրաթիւ հայ ընտանիքներ մնացին` կազմակերպելով դպրոց եւ ազգային կեանք:
7 սեպտեմբեր 1950-ին ութ երիտասարդներ` Գառնիկ Թորիկեան, Գէորգ, Յովսէփ եւ Ներսէս Գազանճեաններ, Ժան եւ Արմէն Սաաթճեաններ, Բիւզանդ, Վարուժան եւ Վարդգէս Թորիկեաններ հաւաքուեցան Գառնիկ Թորիկեանին բնակարանը եւ հիմը դրին Ժունիէի հայ երիտասարդներու մարզական միութեան եւ նախաձեռնեցին անդամարշաւի մը:
Հիմնադրութեան յաջորդեցին շաբաթական հաւաքները, որոնց ընթացքին ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ ապահովելու մարզադաշտ մը: Կարճ ժամանակ ետք հիմնադիրներուն ճիգերը կ՛արդիւնաւորուին եւ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել հողաշերտ մը եւ զայն իբրեւ մարզադաշտ օգտագործել:
Այդ ժամանակամիջոցին Գէորգ եւ Յովսէփ Գազանճեաններն ու Բիւզանդ Թորիկեան առժամաբար կը նշանակուին վարչական:
Լքուած ու զառիթափ հողաշերտը միութեան անդամներուն անհատական աշխատանքով հետզհետէ կը հարթուի եւ կը վերածուի մարզադաշտի:
4 մարտ 1951-ին մասնաճիւղը կը գումարէ իր առաջին ընդհանուր ժողովը:
Միութիւնը առաջին հանգրուանին կ՛անուանակոչուի «Ահարոնեան» մարզական միութիւն:
29 յունիս 1951-ին, ամբողջացնելէ ետք ՀՄԸՄ-ի օրինաւոր մասնաճիւղ դառնալու պայմանները, միութիւնը կը դիմէ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան` խնդրելով, որ զինք ընդունին ՀՄԸՄ-ի միութեան իբրեւ անդամ: 6 յուլիս 1951-ին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի Շրջանային վարչութիւնը կը վաւերացնէ մասնաճիւղին կազմութիւնը` թելադրելով, որ դարձեալ անդամական ընդհանուր ժողով գումարէ եւ ընտրէ Ժունիէի ՀՄԸՄ-ի վարչական կազմը:
Երկու օր ետք կը կատարուի մարզադաշտին պաշտօնական բացումը եւ կը յայտարարուի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան որոշումը: Մարզադաշտի բացման հանդիսութեան կը մասնակցի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտական նուագախումբը:
Նոյն տարուան ընթացքին կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին առաջին վարչութիւնը:
Շաբաթ մը ետք, ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղի հիմնումին առիթով, տեղի կ՛ունենան անդամներու երդման արարողութիւնն ու պասքեթպոլի դաշտին բացման հանդիսութիւնները:
Բացման հանդիսութեան յաջողութիւնը թափ կու տայ Ժունիէի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի գործունէութեան: Երիտասարդական նոր ուժեր կը բոլորուին անոր մարզական գործունէութեան շուրջ: Անոր կողքին, վարչութիւնը կը ձեռնարկէ նաեւ դասախօսական լսարաններու:
1952-ին Շրջանային վարչութիւնը Ժունիէի մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբին համար կ՛ապահովէ մարզիչ մը` Յակոբ Թորիկեան:
Նոյն տարուան ընթացքին կը կազմակերպուի պասքեթպոլի մրցում` ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի եւ Պուրճ Համուտի խումբերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ տեղի կ՛ունենան աթլեթիզմի յատուկ մրցումներ, որոնց ներկայ կը գտնուի օրուան հանրապետութեան նախագահ Պշարա Խուրիի ներկայացուցիչ Ատիպ Սաֆա եւ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին կը նուիրէ 500 լ. ոսկի:
1953-ին ընտրուած մասնաճիւղին վարչութեան հիմնական ծրագիրը եղաւ դաշտին կից ակումբի սրահի մը կառուցումը: Այս նպատակի իրագործման համար պատրաստուեցաւ ծրագիր մը, որ ստացաւ միութեան ընդհանուր ժողովին վաւերացումը:
Տարի մը ետք կարելի կ՛ըլլայ աւարտել նաեւ ակումբին կից գտնուող սրահին կառուցումը: Նորակերտ սրահին մէջ նախաձեռնուող առաջին աշխատանքներէն կ՛ըլլայ օտար վարժարաններ յաճախող անդամներուն հայերէնի ուսուցումը` օժանդակութեամբ Ժունիէի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղին:
1955-ին ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղը կը ստանայ պետական վաւերացում եւ անմիջապէս կը նախաձեռնէ քերմեսի մը կազմակերպութեան:
1961-1962 տարեշրջանին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղը կը սկսի գործադրել փինկ-փոնկի մարզը: Նոյն տարեշրջանին մասնաճիւղի աթլեթ մարզիկ Արա Պալեան Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուած 14-րդ ախոյեանական խաղերուն կը մասնակցի եւ դրօշարշաւի մրցումին կը դառնայ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի խումբին յաղթանակը կերտող մարզիկը:
1963-ին լրջօրէն կը սկսին դաշտի սեփականացման աշխատանքները եւ շրջանի վարչական կազմին կը միացուի դաշտի ֆոնտի յանձնախումբէն Բիւզանդ Թորիկեան:
Աւելի ուշ, վարչութիւնը կ՛ընդլայնէ դաշտի ֆոնտին յանձնախումբը եւ կը դիմէ քոյր միութիւններուն` կազմակերպելով հանգանակութեան յաջող արշաւ մը:
1968-ին վերջնականապէս կ՛իրականանայ դաշտի երկրորդ հողամասին սեփականացումը:
1969-էն սկսեալ մասնաճիւղին առջեւ կը բացուի նոր ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին շինարարական ծրագիրները կ՛իրագործուին աւելի հիմնական չափերով:
1972-ին մասնաճիւղի անդամ Անահիտ Սաաթճեան կը հաստատէ լիբանանեան 100մ. արգելարշաւի նոր մրցանիշ` 17″ 90-ով: Արտա Գալփաքեան կը մասնակցի միջազգային 17-րդ ողիմպիականին` ներկայացնելով Լիբանանը:
1973-ին Արտա Գալփաքեան կը հաստատէ 800մ. վազքի լիբանանեան նոր մրցանիշ` 2′ 20″-ով եւ 1500մ. վազքի մրցանիշը` 5′ 49″ 30-ով:
Ահա երկար տարիներ անցած են եւ ժամանակը հասած էր, որ վերակենդանանայ Ժունիէի մասնաճիւղը: Պէտք է որ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղը ապրէր երբեմնի իր փառքի օրերը: Պէտք է որ ան ունենայ սկաուտական եւ մարզական բեղուն գործունէութիւն:
Եւ ահա խումբ մը ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ, հաւատալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանին, կը շարունակեն անսակարկ եւ անշահախնդիր կերպով իրենց աշխատանքները, աշխուժացած եւ յաւելեալ գիտակցութեամբ կը լծուին ակումբի նորոգութեան: Եւ որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը ունի իր իւրայատուկ դերը` մեր ազգային կեանքին մէջ պահանջատիրական եւ հայապահպանման գործին մէջ, միշտ կ՛արժանանայ ժողովուրդին սիրոյն եւ գուրգուրանքին:
Երկար ամիսներու ժրաջան աշխատանքէ ետք, 21 յունուար 2012-ին երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի վերանորոգուած ակումբին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ:
Վերանորոգուած ակումբին հանդիսաւոր բացումը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` ներկայութեամբ հայ թէ օտար հիւրերու:
Սոյն հանդիսութեան ընթացքին ակումբին սրահը անուանուեցաւ վաստակաւոր եղբայր Ժան Ապաճեանին անունով:
Հանդիսութեան արտասանուած խօսքերէն ետք, ՀՄԸՄ Ժունիէի մասնաճիւղին վարչութեան խնդրանքով, շրջանէն չորս եղբայրներ` Պօղոս Գըսաճիքեան, Ներսէս Գազանճեան, Արա Պալեան եւ Ներսէս Ճուպանեան, ստացան «Ծառայութեան» շքանշան եւ Ժան Ապաճեան պարգեւատրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Արտակարգ» շքանշանով:
Պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք բեռ մը շալկած են ՀՄԸՄ-ի վարչական, մարզական թէ սկաուտական շարքերուն մէջ:
Պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան այս միութեան առաքելութեան եւ կը սատարեն անոր հզօրացման` նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ՊՕՂՈՍ ԳԸՍԱՃԻՔԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի երիցագոյն եղբայրներէն: Ան աւելի քան յիսուն տարի ծառայած է ՀՄԸՄ-ին եւ տակաւին կը շարունակէ անձնուիրութեամբ ծառայել այս միութեան: Պ. Գըսաճիքեան ՀՄԸՄ-Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութեան մաս կազմած է 1970-էն սկսեալ:
ՆԵՐՍԷՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Ներսէս Գազանճեան եղած է ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն: Յիսունական թուականներուն ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի պասքեթպոլի խումբին:
Ն. Գազանճեանի քաջալերանքով, Գազանճեան ընտանիքը անցեալին` անոր եղբայրներով, իսկ ներկայիս` անոր զաւակներով նուիրուած են ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին ծառայութեան:
ԱՐԱ ՊԱԼԵԱՆ
1950-ին Ա. Պալեան իբրեւ գայլիկ անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին: 1961-ին, 1969-ին, 1977-ին, 1979-ին, 1985-ին եւ 1991-ին ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի վարչութիւններուն եւ ստանձնած` փոխատենապետի պաշտօնը:
1957-ին Արա Պալեան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբին, ինչպէս նաեւ մասնակցած է աթլեթիզմի մրցումներուն:
Վաթսունական թուականներուն Ա. Պալեան հանդիսացած է Լիբանանի կարճ վազքի (100-200 մ) ախոյեան: Իսկ 1961-ին, շնորհիւ Ա. Պալեանին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի խումբը Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուած ՀՄԸՄ-ի դրօշարշաւի ախոյեանութեան յաղթանակ կ՛ապահովէ:
ՆԵՐՍԷՍ ՃՈՒՊԱՆԵԱՆ
Ներսէս Ճուպանեան ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին անդամակցած է 1987-ին: 1990-1995 եւ 2000-2001 տարիներուն ան գործած է իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ` ստանձնելով ատենապետի եւ փոխատենապետի պաշտօնները:
Ն. Ճուպանեան եղած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի մարզիչ եւ յանձնախումբի անդամ:
«Արտակարգ» շքանշանակակիր Ժան Ապաճեան:
Ժ. Ապաճեան ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին անդամագրուած է 4 նոյեմբեր 1951-ին մաս կազմելով գայլիկական վոհմակին:
1964-ին Ժ. Ապաճեան ընտրուած է ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի վարչական եւ ստանձնած է ատենապետի պաշտօնը: Ապա ան 1965-1973 եւ 1977-ին մաս կազմած է նոյն մասնաճիւղին վարչութեան:
ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին կողքին, Ժան Ապաճեան ծառայած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին` 1979-1982 դառնալով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ:
1986-ի օգոստոս ամսուան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի ակումբը թիրախ կը դառնայ խափանարարական արարքի մը, որուն իբրեւ հետեւանք` կառոյցը ծանրօրէն կը վնասուի: Ժ. Ապաճեան անմիջապէս կը կազմէ շինարարական յանձնախումբ մը` ձեռնարկելով եւ գործադրելով ակումբին վերանորոգման լայնածիր աշխատանք մը:
20 դեկտեմբեր 1987-ին տեղի կ՛ունենայ ակումբին նորոգուած շէնքին բացումը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին (օրին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ), եւ ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու անդամներուն, ինչպէս նաեւ` հայ եւ օտար հիւրերու:
Ժ. Ապաճեանի միութենական եւ ազգային գործունէութիւնը մնայուն կերպով կը շարունակուի: Ան մինչեւ օրս կը շարունակէ ՀՄԸՄ-ականի իր ծառայութիւնը` ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղին եւ ազգային զանազան կառոյցներու մէջ:
Շնորհաւորական Նամակ`
Ուղղուած Ժան ԱպաճեանինՍիրելի Ժան,
Շնորհակալութեամբ ստացայ հրաւէրը ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի վերանորոգուած ակումբի եւ «Ժան Ապաճեան» սրահի բացման հանդիսութեան, որ նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ պարգեւատրելու երկար տարիներու ծառայութիւնդ` շրջանին եւ ակումբին մէջ:
Մարդկային մեր կեանքին մեծագոյն «պարգեւ»-ը ծառայութեան եւ նուիրական կեանքն է, ուր մեր անձնականէն դուրս գալով ուղղակի մասնակից կը դառնանք մեր շրջապատի հաւաքական կեանքին եւ կը փորձենք դրական ներդրում ունենալ: Նուիրական կեանք մը ունենալու այս հասկացողութիւնը քրիստոնէական մեր համոզումին մէկ մեծ աւանդն է, որուն միջոցով մեր եւ հաւաքականութեան կեանքին մէջ կը կերտենք արժէքներ:
Քեզի մօտէն ծանօթ ըլլալով` միշտ քու մէջդ տեսած եմ կեանքին ընթացքին ծառայելու եւ նուիրուելու ըմբռնումը: Տարիներու ընթացքին, անկախ քու անձնական կեանքէդ, հասար նաեւ պատկանած միութեանդ, կուսակցութեանդ եւ Ժունիէի անմիջական շրջանակիդ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժուար պարագաներուն իսկ, դուն մնացիր պատնէշի վրայ եւ փորձեցիր կարելի եղած չափով հասնիլ բոլորին:
ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի վարչութեան կողքին կը շնորհաւորեմ նաեւ քեզ եւ քու ընտանիքդ: Շնորհակալութիւն քու նուիրական ու ծառայութեամբ լեցուն կեանքիդ ու գործունէութեանդ համար: Լիբանանահայ գաղութի իրականութեան մէջ դուն կը պատկանիս այն միաւորին, որուն համար հայ ժողովուրդի ծառայութիւնը ամէն նկատառումներէ վեր է:
Վարձքդ կատար. յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով`
Հարազատօրէն եւ բարեկամաբար`
Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր քարտուղար` Աստուածաշունչի
ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու