ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՆԱՄԱԿ

Սիրելի պապա…

25 տարիներ անցան այն 6 ապրիլէն, որ մեզմէ ընդմիշտ հեռացար:

Իբրեւ շօշափելի  յիշեցում քու անցեալի քաղցր ներկայութեանդ` կը պահեմ  ճամբորդական պայուսակդ, որուն վրայ կը սիրէիր փակցնել սթիքըրներ` Տուպայ, Սինկափուր, Աւստրալիա եւ այլն, Ֆէյրուզի խումբին հետ գործով այցելած երկիրներէդ: Ճամպրուկիդ մէջ գտնուող իրերը ձգած ենք, ինչպէս կ՛ըսեն, «եղածին պէս». դեղերու շիշերդ, հեռաձայնի թիւերու դեղնած տրցակ մը (թիւեր անձերու, որոնցմէ շատեր այսօր քու մօտդ կը գտնուին), մատիտներ, օդանաւի տոմսակ եւ այլն: Իմ տունս է նաեւ ձեռնադաշնակդ, որուն վրայ սահող մատներդ տակաւին աչքիս առջեւ կու գան:

Բախտի  բերմամբ, մայրս ու մենք առանց քեզի Քանատա հասանք: 1979-ի ամառը, ամառնային հագուստներով եւ օդանաւի ետդարձի տոմսակով: Ի՜նչ գիտնայինք, թէ մեր բաժանումը պիտի ըլլար մնայուն: Եօթը տարիներու ընթացքին յաճախ կու գայիր Մոնրէալ, բայց ճակատագիրդ կը մնար կապուած Լիբանանի եւ լիբանանեան հայ գաղութին: Կը  հաւատայիր, կ՛ուզէիր հաւատալ, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը օր մը պիտի վերջանար: Այդ երկար տարիներուն ընթացքին գրած նամակներդ այսօր հայելիի յստակութեամբ ինծի կը ներկայացնեն հայրս` հիւանդագին ազգասէր, մտաւորական եւ չափազանց զգայուն: Տողերուդ մէջ մանաւանդ զգալի է, թէ որքա՛ն խորունկ տխրութեամբ կը դիմադրէիր անընդունելի իրականութեան. ընտանիքդ այլեւս կ՛ապրէր Քանատա, եւ անոր վերադարձը այլեւս իրապաշտօրէն աներեւակայելի էր: Թերեւս այդ պատճառո՞վ Անթիլիասի տանդ պատերէն կախած էիր մեր ընտանիքի անդամներուն անհատական նկարները. երեւի անխօս յիշեցում` ինքզինքիդ համար, որ տակաւին դուն եւս ունէիր սեփական ընտանիք, նոյնիսկ եթէ ան անհետացած էր առօրեայէդ:

Ֆրանսացիները  ունին խօսք մը` «mère poule», որ կը նշանակէ` իր զաւակներուն վրայ չափազանց գուրգուրացող, ամէն չարիքէ պաշտպանել փորձող մայր: Այդպէս կրնամ նկարագրել քեզ, երբ յիշեմ, թէ որքա՜ն կը մտահոգուէիր իմ ու եղբօրս առողջութեամբ: Բարեկամներու շրջանակիդ համար թերեւս ակնյայտ չէր, բայց մայրս եւ մենք լաւ գիտէինք, թէ որքա՜ն իրարու կ՛անցնէիր, երբ մեզմէ մէկը տաքութիւն ունենար կամ հիւանդ ըլլար:

Քաջ գիտէիր նաեւ, թէ Քանատայի մէջ մենք` զաւակներդ, այլեւս բախտը չունէինք հայկական երկրորդական վարժարան յաճախելու, ինչ որ շատ բնականաբար պիտի պատահէր, եթէ Լիբանան ապրէինք տակաւին: Այդ պատճառով ամէն Քանատա գալուդ հետդ կը բերէիր հայ նկարագիրը կերտող ու հայկական ոգին փոխանցող գիրքեր. Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Յուշերը», «Զարթօնք» եւ այլն: Կը գիտակցէիր, թէ որքա՛ն կարեւոր դեր ունէիր կատարելիք մեր դաստիարակութեան մէջ: Այս գիտակցութինը շատ յստակօրէն այսօր կը տեսնեմ գրած նամակներուդ տողերու մէջ.-

«Սօսէ, Աւօ պապա,
(…) Ազատ կոչուած երկիրներու մէջ ազատութիւնը գոնդրաինդէ մըն է այսինքն «ազատութեան» քարոզիչները եւ ջատագովները կը պարտադրեն մարդոց ազատութիւն. սա կը նշանակէ թէ այդ ազատութիւնը ուրիշներ իրենց ուզած եւ  մտածած ձեւով ազատութիւն  մը կը գծեն եւ կը հրամցնեն (…)  ինչ որ արդի քաղաքակրթութիւնը կը կոչէ` պարապոյ ժամերու քաղաքակրթութիւն»:
(20 յունիս 1984, Սիտնի)

 

«Ակումբ երթալ չի նշանակեր հաճոյքի վայր յաճախել: Այս կ՛ըսեմ, որովհետեւ մարդիկ ընդհանրապէս նման տեղեր կ՛երթան առանց զգալու կամ ըմբռնելու, թէ հոն գացողը առաքելութիւն մը պէտք է ունենայ. եւ որպէսզի այդ առաքելութիւնը կարենայ ճակատաբաց հետագային ի գործ դնել, նախ պէտք  է intellectuellement զօրաւոր ըլլայ»:
(23 փետրուար 1985,  Պէյրութ)

Պէտք է ըսել, թէ նամակներդ սովորական նամակներ չէին: Անոնք կը սկսէին ընթացիկ նիւթերով. թէ` որո՛ւ միջոցով կը ղրկէիր այդ նամակը, որքա՛ն Լիբանանի կացութիւնը անհամ կը դառնար,  տոլարը որքան սղած էր, բայց շատ շուտով թուղթը կը գրաւէին ազգային հարցերու մասին բարդ վերլուծումներ, մանաւանդ Սիմոնին մահէն ետք` Լիզպոն:

Բարեկամներդ եւ գործակիցներդ քեզ կը նկարագրէին իբրեւ սրամիտ, երբեմն տարօրինակ, յաճախ անզիջող ու extrovert անձ: Անմիջական ընտանիքիդ, այսինքն մեր տան մէջ կամ հօրդ-մօրդ քով, ի յայտ կու գար իսկական Ալեքսը` introvert, ինքն իր մէջ ամփոփուելու հիմնական կարիքը ունեցող անձ: Կը սիրէիր կարդալ, սորվիլ, խոկալ ու գրել: Այդ պատճառով մէկ-երկու դէպքեր, որոնք կը պարզէին խօսքով չարտայայտուող զգացումներդ, կը մնան յատկապէս դրոշմուած յիշողութեանս մէջ:

Օր մը, Մոնրէալ քաղաքի կեդրոնը գտնուած ատեննիս, ձիւներուն մէջէն կեղտոտ մուրացկան մը երբ մօտեցաւ քեզի եւ սիկարեթ ուզեց, զարմացայ, թէ ի՛նչ պարզութեամբ «անսովոր» վերաբերմունք ցոյց տուիր ու զինք վանելու կամ անտեսելու տեղ` հրամցուցիր խեղճին խնդրածը: Երբ հարցուցի` «պապա՛, ինչո՞ւ տուիր», պատասխանեցիր` «քանի որ… ուզեց»: Գթասիրտ էիր ու համեստ մարդոց հանդէպ ունէիր յատուկ գնահատանք ու հետաքրքրութիւն: Չէիր սիրեր arrogance, պարծենկոտութիւնը, ինքնագովութիւնը, շփացածութիւնը:

Իսկ ուրիշ անգամ մը Ամերիկայէն բարեկամներէդ մէկը կ՛այցելէր: Ան, ըստ երեւոյթին, հաշմանդամ անձերու հետ աշխատող մէկն էր: Իսկ ես, հազիւ 14 կամ 15 տարեկան, լուրջ հետաքրքրութեամբ հարցումներ հարցուցած էի հիւրին այդ ասպարէզին մասին: Բարեկամին երթալէն ետք, սուրճի գաւաթները լուացած ատենս, քովս կանգնեցար, ձեռքդ դրիր ուսիս ու երկար պահ մը գաւաթ լուալու արարողութիւնս դիտեցիր քովէսֆ առանց բառ մը ըսելու: Բայց ես հասկցեր էի. ինծի կ՛ըսէիր, թէ այդ վայրկեանին հպա՜րտ էիր ինձմով: Քու զգացումներդ լուռ բայց շատ իմաստալից ձեւով կ՛արտայայտէիր այսպիսի պարագաներու:

Տակաւին 50 տարեկան չեղած հեռացար այս աշխարհէն, սիրելի՛ պապա:  Բայց պողպատէ համոզումներդ, բարի ոգիդ ու քաղցր յիշատակդ կը մնան միշտ սրտիս մէջ:

ՍՕՍԷ ՄՆԱԿԵԱՆ-ՇԱՄԼԵԱՆ

Մոնրէալ, Քանատա

Share this Article
CATEGORIES