Ցուցահանդէս` Նուիրուած Մեծանուն Շարթի Յիշատակին
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մէկ տարի առաջ Փարիզ, իր արուեստանոցին մէջ մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչներէն մէկը` Շարթը: Պէյրութ, 1927 թուականին ծնած է Սարգիս Արթինեան. հետագային իր անուան առաջին տառն ու մականունին առաջին երեք տառերը (լատինատառ գրութեամբ) միացնելով ստացած է Շարթ ծածկանունը` ստեղծելով անուն մը, որ իր ստեղծագործական ամբողջ կեանքին ընթացքին ուղեկցած է անոր` մաս կազմելով իր համբաւին:
Այսօր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի լիբանանահայ գեղանկարիչի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսի մը, որ փորձ է անգամ մը եւս (այս անգամ` յետմահու) արժեւորելու անոր արուեստը: Պիտի ցուցադրուին լիբանանահայ կարգ մը հաւաքորդներու եւ արուեստասէրներու հաւաքածոներու մաս կազմող` Շարթի տարբեր տարիներու գեղանկարներ (հիմնականը` 1952-1998 թուականներու):
Իր առաջին ցուցահանդէսը Շարթ ունեցած է Պէյրութի մէջ` 1952-ին, անկէ ետք մեծ ցուցահանդէս մը տուած է Փարիզի մէջ` 1955-ին: Փարիզի մէջ ան մաս կազմած է «Անկախներու սալոն»-ի շարժումին, «Նոր ալիք» խումբին հետ ցուցահանդէսներու մասնակցած է է Գրիգոր Համբարձումեանի «Կալերի Ֆրամոն»-ին մէջ:
1947-էն հաստատուելով Փարիզ, Շարթ կը նկատուի Փարիզի դպրոցի (Էքոլ տը Փարի) ընտրանիի ներկայացուցիչներէն մէկը, ընտրանի, որուն մաս կազմած են Գառզու, Ժանսէմ, Լեւոն Թիւթիւնճեան եւ այլ արուեստագէտներ: Ճիշդ է, Շարթ յաճախած է Փարիզի Արուեստի ակադեմիան (շատ կարճ ժամանակով), Ազատ արուեստի հիմնարկներ եւ գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ քաջատեղեակ եղած է կերպարուեստի շատ մը ուղղութիւններու, սակայն անոր արուեստին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են բազմաթիւ ճանապարհորդութիւնները, իսկ իր` իբրեւ արուեստագէտ ձեւաւորման մէջ` ինքնակրթութիւնն ու ինքնազարգացումը: Բազմազան մշակոյթներուն եւ ուսմունքներուն առնչուիլը հարստացուցած է Շարթի ներկապնակը: Հոլանտայի մէջ, օրինակ` անոր վրայ ազդեցութիւններ ձգած են Ռեմպրանտը եւ Ֆրանս Հալսը: Այս շրջանին գեղանկարիչը տարուած է Քոնֆուցիոսի եւ Կանտի իմաստասիրութեամբ, ինչն ալ իւրովի դրսեւորուած է իր արուեստին մէջ:
1955-1956-էն սկսեալ Շարթ ճամբորդած եւ ցուցահանդէսներ տուած է եւրոպական կարգ մը երկրներու մէջ` Ֆինլանտա, Նորվեկիա, Շուէտ, Փորթուգալ, Յունաստան, Զուիցերիա, Սպանիա, Իտալիա, Ֆինլանտայի Ուպսալա քաղաքին մէջ արժանացած է մրցանքի մը: Բազմիցս ան ցուցահանդէսներ տուած է նաեւ Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ: Ցուցահանդէսներ տուած է նաեւ ովկիանոսէն այն կողմ, 1963-ին` Նիւ-Եորքի մէջ: Գեղանկարիչը այցելած է նաեւ Հայաստան. ծանօթ է անոր «Էջմիածինի վանքը» գեղանկարը: 1966-էն արդէն Շարթի գործերը սկսած են գնել եւրոպական կարգ մը թանգարաններ: Անոր գեղանկարներուն մէկ մասը կը գտնուի Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի թանգարանին մէջ: Ան նկարած է բնանկարներ, դիմանկարներ, ինչպէս նաեւ` մեծ ու փոքր քաղաքներու տեսարաններ, եկեղեցիներ, կամուրջներ, իր ծննդավայր Պէյրութը եւ այլն:
Գեղանկարչութեան խորհրդապաշտ դպրոցին կը պատկանի Շարթ. արուեստի որոշ քննադատներ նոյնիսկ զինք համեմատած են Սեզանի հետ: Գրեթէ 10 գիրք եւ ալպոմներ հրատարակուած են Շարթի գործերուն եւ կեանքին մասին:
Շարթի վերջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Լոնտոնի մէջ. անիկա մեծ յաջողութիւն գտած է եւ անոր ընթացքին ցուցադրուած բոլոր գործերը վաճառուած են:
Իսկ մեծանուն գեղանկարիչին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ հայազգի եւ ոչ հայ մեծ թիւով արուեստագէտներու, որոնց կարգին նաեւ Շարլ եւ Այտա Ազնաւուրներ, որոնց հետ Շարթ ոչ միայն արուեստի բարեկամ էր, այլ նաեւ` ընտանեկան (Շարթ ամուսնացած էր Այտա Ազնաւուրի ամուսինին` Կառվարենցի քրոջ` Մարի Կառվարենցին հետ):
Այսօր, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացուող ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Շարթի որդիները` Փաթրիք եւ Րաֆֆի Շարթերը, նոյնպէս արուեստագէտներ (շարժապատկերի եւ գեղանկարչութեան մարզերուն մէջ), որոնք յատուկ Պէյրութ ժամանած են այս գեղեցիկ առիթով: