Հայ Մամուլը` Հայաստան Աշխարհն Ու Հայ Սփիւռքը Կամարող Ոսկէ Կամուրջ
ԽԱՉԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Հայ մամուլը կը հանդիսանայ հայ դպրութիւնն ու հայ միտքը խթանող առաջատար ուժ:
Մամուլը մեծ աւանդ, հսկայական ներդրում եւ որոշադրիչ դերակատարութիւն ունեցած է ու կը շարունակէ ունենալ մեր ազգային-հաւաքական կեանքին մէջ:
Տարագիր հայութեան համար հայ մամուլը եղած է դպրոց եւ դաստիարակչական միջավայր, ուր անմնացորդ ջանքեր գործադրուած են հայոց լեզուի պահպանման ու զարգացման, ազգային իրաւ արժէքներու ծանօթացման ու նուիրականացումին, եւ առանձնաբար` հայ մտաւոր զարթօնքի ու այժմէականացման ի խնդիր:
Մամլոյ առաքելութիւնը կը սահմանուի ինքնաքննութեամբ, ինքնադատութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ինքնաճանաչումով:
Մամուլը հանրային դպրոց է, հասարակութիւնը ուղղող, դաստիարակող եւ առաջնորդող հարթակ: Աւելի՛ն. ազգային եւ հաւաքական արժէքներու արթուն պահակ, վսեմ սկզբունքներու եւ առաքինութեանց ջատագով:
Մամուլի պարտականութիւնն է հանրային կեանքի ծառայութեան կոչուած կառոյցներու թերութեանց եւ անբաւարարութիւններու մատնանշումը, ցաւեր եւ դժուարութիւններ յաղթահարող ելքերու եւ դարմաններու որոնումը, յաջողութեանց եւ նուաճումներու խրախուսումը, սայթաքումներէ եւ որոգայթներէ զգուշացումը:
Մամուլը պէտք է ըլլայ արդարամիտ եւ անկողմնակալ, հաւասար հեռաւորութիւն պահէ բոլորէն, ծառայէ բոլոր կողմերուն անխտիր, անհաշուենկատ կերպով: Մանաւանդ պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան երկրպագու, անշահախնդիր, պարկեշտ:
Պայքարի դրօշ պէտք է պարզէ փտածութեան եւ կաշառակերութեան, շեղ եւ խոտոր բարքերու, յոռի եւ եպերելի երեւոյթներու դէմ:
Պէտք է հետամտի մեր հասարակական դաշտը աղաւաղող, խաթարող որոմներն ու տատասկները մաքրազտելու:
Պէտք է տէր կանգնի մեր լեզուին, մշակոյթին, հաւաքական ծառայութեան լծուած մեր հիմնարկներուն, մանաւանդ պէտք է քաջալերէ ազգանպաստ եւ հայրենանուէր միջոցառումներն ու նախաձեռնութիւնները:
Առանց ազատութեան` չի կրնար շնչել մամուլը, առանց ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան` չի կրնար գոյատեւել: Անկաշկանդ մտածողութիւնն ու ազատ խօսքը հացի եւ ջուրի չափ կենսական են անոր համար:
Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի կողքին, հայ մամուլը մեր ազգային-հաւաքական կեանքի հիմնասիւներէն կը հանդիսանայ:
Հայ մամուլի գոյատեւումն ու զարթօնքը պայմանաւորուած են հայոց լեզուով եւ մշակոյթով, կազմակերպուած հայ սփիւռքով եւ ամրակայուած Հայաստանով, այլ խօսքով` բարգաւաճ եւ հզօր հայութեամբ:
Մամուլն ու հանրային այլ քարոզամիջոցներ պարտաւոր են ըլլալ միաւորիչ ազդակ եւ ոչ` պառակտող, երկրի մը կամ ժողովուրդի մը բոլոր հոսանքները, ողջ կարելիութիւններն ու հնարաւորութիւնները համատեղող, միազանգող միջոց եւ ոչ` բաժանարար կամ թուլացնող գործօն:
Հայ մամուլը Հայաստան աշխարհն ու հայ սփիւռքը կամարող ոսկէ կամուրջ պէտք է հանդիսանայ:
Հայ թերթը ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայագաղութները իրար զօդող, իրարու աղերսող, իրարու ծանօթացնող հաղորդամիջոցի, «խապրիկներ» փոխանակող կռունկի պէտք է վերածուի:
Վերանկախացած եւ վերականգնող Հայաստանի Հանրապետութեան ընծայած անուրանալի բարիքներէն կը համարուի, իւրաքանչիւր տարուան հոկտեմբեր 16-ը պաշտօնապէս «Հայ մամուլի օր» ճանչնալու եւ նշելու ողջունելի երեւոյթը:
Ազատ կարծիքի եւ արտայայտութեան մերօրեայ պայմանները, նորահաստատ իրաւունքները մեծապէս նպաստեցին, որ մեր հայրենի մամուլը նոր թափ ու մղում ստանայ, իսկական ծաղկում ապրի, մանաւանդ մեր երկրին ու պետութեան համար չորրորդ իշխանութիւն ձեւաւորելու իր առաջնահերթ պարտականութեան ու կոչումին տէր կանգնի:
Սակայն մտածումի եւ խօսքի ազատութիւնը այսօր մեծ հարուածներ կը ստանայ տնտեսական դժուարութիւններու եւ անինքնաբաւութեան պատճառով, ինչ որ մամուլը կը դարձնէ տարբեր ուժերու մասնակի կամ նեղ խմբակային շահերուն ծառայելու վտանգին ենթակայ:
Ժամանակակից արհեստագիտութեան նուաճումներէն եւ առաւելութիւններէն լայնօրէն օգտուելու հնարաւորութիւն ունեցող մերօրեայ հայ մամուլը օժտուած է ազատական պայմաններու մէջ գործող մասնագէտ եւ որակեալ լրագրողներու, հրապարակագիրներու նոր սերունդով:
Ժողովրդավարական քաղաքակիրթ մշակոյթի բացակայութեան իբրեւ հետեւանք, ներկայիս մեր հայրենիքին մէջ կը տիրէ համատարած անհանդուրժողութիւն, բեւեռացած մթնոլորտ, որ բացասականօրէն կ՛անդրադառնայ հասարակական կարծիքի եւ մտածողութեան ձեւաւորման, ու մանաւանդ` մամուլի բնականոն գործունէութեան վրայ, առաւել եւս սրելով ներքաղաքական դաշտի լարուածութիւնը:
Հանրային կարծիքի տիրապետութեան զսպանակիչ ուժ հանդիսացող քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան ոգին տակաւին իր կազմաւորման եւ հասունացման հանգրուանը չէ բոլորած:
Ազատ, բայց պատասխանատու մտածումի եւ խօսքի ասպետներու տեսադաշտը, աշխատանքի կալուածը ցարդ կը մնան շատ նեղ, սահմանափակ: Հայրենի մամուլի ազատութիւնը պատանդուած կը մնայ օրուան իշխանութիւնները լորձնաշուրթն փառաբանողներու եւ անսանձօրէն վարկաբեկողներու հակոտնեայ բեւեռներուն միջեւ:
Անյեղլի ճշմարտութիւն է, որ հայ մամուլի ուսերուն դրուած պարտաւորութիւններու բեռը այսօր շատ աւելի ծանր է, քան երբեւիցէ:
Մամուլը կոչուած է ըլլալու հարազատ ցոլացումը, արտայայտիչը զայն հրատարակող կողմին (պետութիւն, համայնք, կազմակերպութիւն, խմբակցութիւն կամ անհատ) ըմբռնումներուն, աշխարհահայեացքին, տեսլականներուն, գործունէութեան, ընկրկումներուն, յառաջընթացին… Աւելի՛ն. այն ամպիոնը, ուր անհատներ թէ խմբակցութիւններ ի մի կու գան` հասարակական խնդիրներ եւ մտահոգութիւններ քննելու, արժեւորելու, դատելու եւ վճիռներ արձակելու:
Հանրային կարծիքի ձեւաւորման ոլորտին մէջ մամլոյ դերակատարութիւնը անփոխարինելի է եւ առաջնային:
Բազմակարծութիւնը, հաւաքականութիւնը յուզող մտահոգութիւններու բարձրաձայնումը, կառուցողական եւ քաղաքակիրթ քննադատութիւնը կը կազմեն կայացած, առանձնայատուկ, յստակ ուղղուածութիւն եւ դիմագիծ հարթած, ինքնիշխան, բայց պատասխանատու մամուլի կարեւոր բաղկացուցիչներէն:
Հայ մամուլի առաջադրանքները պիտի ըլլան արդարութեան եւ ճշմարտութեան ի նպաստ կողմնորոշուիլ, դաժանութիւններն ու կանոնախախտումները բացարձակապէս մերժել, իրաւազրկուածներուն զօրակցիլ, հաւատարիմ մնալ մեր ինքնութեան, մեր արեան կանչին, տէր կանգնիլ ազգային ժառանգութեան, գուրգուրանքով պահպանել մեր ոսկեղնիկ մայրենին… մանաւանդ` մեր արդար դատին եւ իրաւունքներուն վերատիրացման ի խնդիր աննահանջ, թէժ ու անողոք պայքար սանձազերծել:
Հրապարակագրական ասպարէզին ծառայելու պատրաստուողը պէտք է իմանայ, որ գործ պիտի ունենայ արդարադատութեան անաչառ ատեանին հետ, որովհետեւ մամուլը անկաշառ եւ անշահախնդիր դատաւոր ըլլալու կոչուած է:
Դատելու իրաւունք կարելի է նուաճել միայն ապաւինելով ինքնաքննութեան եւ ինքնակշռումի ազնուական տարբերակին:
Նուիրական արժէքներ եւ առաքինութիւններ ջատագովելու, ցաւերու դարմաններ որոնելու, դժուարութիւններ յաղթահարելու… կ՛առաջնորդեն մեզ զննելն ու վիճարկելը, որոնք կը հանդիսանան մամուլի ճշմարիտ կոչումը, առաջնային առաքելութիւնը:
Հոգեմտաւոր արիութեան յայտարար է ինքնադատութիւնը, հզօր անհատականութեան գրաւական, որմէ կը խուսափին, կը սարսափին երկչոտները, թուլակամները, անդիմագիծ եւ անողնայար մահկանացուները:
Ինքնադատութիւնը պէտք է ըլլայ խիստ, բծախնդիր եւ պարկեշտ, իսկ այլոց հասցէագրուած դիտարկումները` մտքի ու լեզուի քուրայէն անցած, վաւերական փաստերով ամրագրուած, հաւաստի փորձաքարի զարնուած: