Հնագիտական. Նախապատմական Ժամանակներուն Գոյութիւն Ունեցած «Տարօրինակ» Ուղտերու Բրածոներ Յայտնաբերուած` Փանամայի Մէջ

Շատ փոքր ուղտի մը վրայ ծնօտին բրածոն

Մարտի սկիզբը ողնայարաւոր անասուններու բրածոներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ երկու նոր տեսակի շատ փոքր ուղտերու կտրտուած բրածոներ յայտնաբերած են Փանամայի հնագիտական վայրերէն Լաս Քասքատասի մէջ: Բրածոներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ նշեալ ուղտերը գոյութիւն ունեցած են մօտաւորապէս քսան միլիոն տարի առաջ:

Մասնագէտներուն համաձայն, այդ շատ փոքր ստնաւորները ճարակած են վերոնշեալ վայրերուն մէջ գոյութիւն ունեցած անտառներուն մէջ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող  բրածոներու մասնագէտ Ալտօ Ռինքոն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը յայտնած են, թէ այդ շատ փոքր ուղտերը ունեցած են երկար, կոկորդիլոսի դունչին նմանող դունչ մը, որ նպաստած է խիտ բուսականութեամբ ծածկուած անտառներուն մէջ խոտեր ու պտուղներ գտնելու գործընթացին:

Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ նշեալ ուղտերուն ատամները կարճ ու սուր եղած են:

Ինչ կը վերաբերի այդ երկու տեսակի ուղտերուն մարմնին չափին, ապա մասնագէտները գտած են, թէ անոնցմէ մէկը ունեցած  է մօտաւորապէս վաթսուն սանթիմեթր երկայնք, իսկ երկրորդը` մօտաւորապէս ութսուն սանթիմեթր երկայնք: Այլ խօսքով, նշեալ ուղտերը գրեթէ ներկայիս գոյութիւն ունեցող մշկայծեամներուն մեծութիւնը ունեցած են:

Ուղտերուն Եղափոխութիւնը

Թէեւ ներկայիս ուղտերուն մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս կ՛ապրի Ափրիկէի ու Միջին Արեւելքի անապատներուն մէջ, այսուհանդերձ, մօտաւորապէս 35-40 միլիոն տարի առաջ անոնք մեծ թիւով ապրած են ներկայիս Միացեալ Նահանգներու պատկանող տարածքներուն մէջ:

Ժամանակի ընթացքին ուղտերը բաժնուած են երկու մեծ գերդաստաններու. անոնցմէ մէկը Հարաւային Ամերիկա հասած է, ուր եղափոխուելով` այծուղտի վերածուած է: Նշեալ անասունները ոչխարներու նմանած են, սակայն երկար վիզ ունեցած են, ինչպէս նաեւ ոչխարի բուրդին նմանող ստեւներով ծածկուած են:

Իսկ երկրորդ մեծ գերդաստանը դէպի Ասիա ուղղուած է, ուր եղափոխուելով` ներկայիս ծանօթ եղող ուղտերուն տեսքը ստացած է:

Պատրաստեց`  ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւր`
«Նէշընըլ ճիոկրաֆիք»)

Share this Article
CATEGORIES