Ընկերային Հոգեբանութիւն. Մարդիկ Այնքան Խելացի Չեն, Որ Կարենան Առիթ Տալ Ժողովրդավարութեան Ծաղկումին

Անատակ Անձեր Կարողութիւնը Չունին Ճանչնալու Իրենց Սեփական Տկարութիւնը Եւ Այլոց Փայլուն Կարողութիւնները: Ասիկա Վտանգաւոր Բնոյթ Կը Ստանայ Քաղաքական Ընտրութիւններու Մէջ: Ուսումնասիրութիւններ Ցոյց Կու Տան, Թէ Մարդիկ Իրենց Տգիտութեան Պատճառով Երբեք Չեն Ընտրեր Լաւագոյն Ղեկավարները, Այլ Կ՛Ընտրեն Այն Անձերը, Որոնց Կարողութիւնները Միայն Քիչ Մը Աւելի Բարձր Են Միջինէն: «Լայվսայընս» Կը Նկարագրէ Յուսահատական Իրականութիւնը.

Ժողովրդավարութեան գործընթացը կախեալ է այն ենթադրութենէն, թէ քաղաքացիք (գէթ` անոնց մեծամասնութիւնը) կրնան ճանչնալ լաւագոյն քաղաքական թեկնածուն կամ լաւագոյն քաղաքական մտածումը, երբ հանդիպին անոր: Սակայն հետզհետէ ծաւալող ուսումնասիրական արդիւնքներ ի յայտ կը բերեն մարդկային հոգեբանութեան դժբախտ երեւոյթ մը, որ յայտնապէս կը ժխտէ այս գաղափարը եւ փոխարէնը մտածել կու տայ, թէ ժողովրդավարական ընտրութիւններ ծնունդ կու տան միջակութեամբ յատկանշուած ղեկավարութեան եւ քաղաքականութեան:

Քոռնելի համալսարանէն հոգեբան Տէյվիտ Տանինկի գլխաւորութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անատակ անձեր էապէս անկարող են դատելու այլոց կարողութեան մակարդակը կամ անոնց գաղափարներուն որակը: Օրինակ, եթէ մարդիկ քաջածանօթ չեն տուրքերու բարեկարգումներու առնչուող նիւթերու, ապա չեն կրնար գիտնալ, թէ ո՛ր թեկնածուները իրապէս մասնագէտ են այս մարզին մէջ: Անոնք պարզապէս զուրկ են մտային այն միջոցներէն, որոնք անհրաժեշտ են իմաստալից դատողութեան:

Հետեւաբար քաղաքական թեկնածուներու մասին յաւելեալ որեւէ տեղեկութիւն կամ կարծիք չի կրնար շրջել բազմաթիւ քուէարկողներու ներհուն անկարողութիւնը` ճշգրիտ ձեւով արժեւորելու զանոնք: Աւելի՛ն. «Շատ փայլուն գաղափարներ ընդունիլը դժուար է մարդոց համար, որովհետեւ շատեր մակարդակը չունին ճանչնալու փայլուն գաղափար մը», կ՛ըսէ Տանինկ:

Հոգեբանը իր նախկին մէկ պաշտօնակիցին` այժմ Նիւ Եորքի համալսարանի դասախօս Ճիւսթին Քրուկըրի հետ բազմիցս ապացուցած է, թէ մարդիկ ինքնախաբէութենէ կը տառապին, երբ հարցը կը վերաբերի իրենց սեփական մտաւորական կարողութիւններուն: Այս երկու ուսումնասիրողները քննած են կատակի մը ծիծաղաշարժ բնոյթին մակարդակը ճշդելու, ճշգրիտ քերականութիւն գործածելու եւ ճատրակ խաղալու մարդոց կարողութիւնները եւ նկատած են, թէ անոնք միշտ ալ իրենց սեփական կարողութիւնը գնահատած են իբրեւ «միջինէն բարձր». նոյնիսկ անոնք, որոնք քննութեան ընթացքին արձանագրած են շատ ցած մակարդակ:

Մարդիկ անկարող են զանազանելու այլոց կարողութիւնները, այնպէս` ինչպէս անկարող են ճանչնալու իրենց սեփական կարողութեան մակարդակը: «Որքան անկարող են անոնք, այնքան աւելի ապիկար են դատելու այլոց անկարողութիւնը», կ՛ըսէ Տանինկ: Ուսումնասիրութեան մը մէջ ուսանողներէ պահանջուած է գնահատել քերականական կարողութիւններ չափող քննութիւններուն պատասխանները: «Ի յայտ բերինք, թէ այն ուսանողները, որոնք ձախող քննութիւն մը անցուցած էին, շատ աւելի սխալ նիշեր տուած էին այլ ուսանողներու», կ՛ըսէ Տանինկ: Հիմնականին մէջ անոնք չէին նկատած ճիշդ պատասխանը, նոյնիսկ երբ տեսած էին զայն:

Այս վիհին գոյութեան պատճառը յստակ է. «Եթէ որոշ մարզի մը մէջ գիտելիքներու պաշարդ անբաւարար է, ապա ի վիճակի չես նկատելու քու կամ այլոց պաշարին մէջ գոյութիւն ունեցող բացերը», կ՛ըսէ Տանինկ: Տարօրինակը այն է, որ այս քննութիւններուն մասնակցողները անմիջապէս եւ անսխալական կերպով նկատած են ամէնէն տկար կարողութեան տէր անձերը, սակայն չեն յաջողած ճանչնալ լաւագոյնները:

Մեր մէջ ամէնէն անմրցունակ անձերը կը ծառայեն իբրեւ ազդանշան երկսայրի աւելի մեծ տագնապի մը` ժողովրդավարութեան բնագաւառին մէջ: Յոռեգոյնը այն է, որ էապէս տգէտ անձեր պիտի դատեն թեկնածու մը կամ գաղափար մը, ինչպէս կ՛ըսէ Տանինկ: Սակայն բոլորս կը տառապինք որոշ աստիճանի կուրութենէ, որ կու գայ մեր սեփական անփորձութենէն:

Վերջերս Գերմանիոյ մէջ հոգեբան մը` Մաթօ Նակըլ ժողովրդավարական ընտրութեան մը ընթացքին մարդկային վարուելակերպի համակարգչային մէկ վերարտադրութեամբ փորձարկած է Տանինկի եւ Քրուկըրի տեսութիւնները: Ժողովրդավարական ընտրութեան անոր թուաբանական տարբերակը հիմնուած է այն ենթադրութեան վրայ, թէ քուէարկող անձերուն ղեկավարութեան սեփական կարողութիւնը կը պարզէ զանգակի նման կոր գիծ մը. ոմանք իրապէս լաւ ղեկավարներ են, ուրիշներ` իրապէս վատ, սակայն մեծ մասը` միջակ: Ան նաեւ ենթադրած է, թէ իւրաքանչիւր քուէարկող անկարող է ճանչնալու քաղաքական թեկնածուի մը իրմէ աւելի լաւ կարողութիւնները: Երբ ան կազմակերպած է համակարգչային ընտրութիւն մը, նկատած է, որ միշտ շահած են այն թեկնածուները, որոնց ղեկավարելու կարողութիւնները միայն քիչ մը աւելի լաւ են միջինէն:

Նակըլ եզրակացուցած է, թէ ժողովրդավարութիւններ հազուադէպօրէն կ՛ընտրեն կամ երբեք չեն ընտրեր լաւագոյն ղեկավարները: Բռնատիրութիւններու կամ այլ վարչաձեւերու վրայ անոնց առաւելութիւնը պարզապէս այն է, որ «անոնք իրողապէս առիթ չեն տար, որ միջինէն նուազ կարողութեան տէր անձեր դառնան ղեկավար»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES