Ռայի Պատրիարքը Ամբողջացուց Իր Ընտրութեան Առաջին Տարին
Անցեալ չորեքշաբթի օր Պքերքէի զանգերը ղօղանջեցին, նշելու համար տարի մը առաջ ընտրուած մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ընտրութիւնը, որ խորհրդանշուեցաւ անոր յայտարարած «Համագործակցութիւն եւ սէր» կարգախօսով:
Այդ կարգախօսին գործադրութեան շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութեամբ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր բազմաթիւ վեհաժողովներ, որոնց մասնակցեցան Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն հոգեւոր պետերը, որոնք ընդգծեցին Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Աւելի՛ն. Ռայի պատրիարքը միջմարոնիական միասնականութեան ի խնդիր քայլեր որդեգրեց եւ Պքերքէի յարկին տակ կազմակերպեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպումը` շուրջ 30 տարուան գժտութենէ ետք:
Բացի ատկէ, պատրիարքը ուղղակի երկխօսութեան մը սկսաւ նաեւ Հըզպալլայի հետ, հակառակ այն իրողութեան որ տակաւին ուղղակի հանդիպում մը չունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Պքերքէէն տարի մը առաջ բարձրացող սպիտակ ծուխին առընթեր, Ռայի պատրիարքը ամբողջ տարուան ընթացքին կատարեց մեծ թիւով հովուապետական այցելութիւններ, ըլլան անոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ, թէ այլ երկիրներու, ուր կը գտնուին մարոնի համայնքի թեմեր:
Լիբանանի մէջ կատարած իր հովուապետական այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը այցելեց լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջանները, Պէյրութէն մինչեւ Լեռնալիբանան եւ Պեքայէն ու Պաալպէքէն մինչեւ հարաւային Լիբանան: Սակայն Ռայի պատրիարքը նման այցելութիւն մը չկրցաւ կատարել դէպի հիւսիսային Լիբանան, որովհետեւ իւրաքանչիւր այցելութեան պարագային յետաձգում եւ առկախում կատարուեցաւ ապահովական պատճառներով:
Այլ երկիրներու մէջ մարոնի համայնքի թեմերուն տրուելիք իր այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը ներառեց Կիպրոսը, դառնալով առաջին մարոնի պատրիարքը, որ նման այցելութիւն մը կու տայ Կիպրոսի մարոնի թեմին: Հակառակ Ռայի պատրիարքին դէմ մահուան սպառնալիքներուն, ան ուղղուեցաւ Իրաք եւ այցելեց թեմին եկեղեցիները` նախագահելով հոն մատուցուած պատարագներուն:
Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Միացեալ Նահանգներ, իսկ նախորդ 10 օրուան ընթացքին ան այցելեց Յորդանան, Քաթար եւ Եգիպտոս:
Քաթարեան «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երբ իրեն հարց կը տրուի արաբական աշխարհին մէջ գտնուող քրիստոնեայ համայնքին մասին, իր պատասխանը միայն այդ համայնքը նկատի չ՛ունենար, այլեւ` ան քրիստոնեաներուն ճակատագիրը կը կապէ իսլամներուն ճակատագիրին: «Իմ պատասխանիս մէջ այս մօտեցումը կը ցուցաբերեմ, որովհետեւ արաբական աշխարհին մէջ քրիստոնեայ անհատը երկու հազար տարիէ ի վեր քաղաքացի է, իսկ իսլամը` միայն 1400 տարուան քաղաքացի: Հետեւաբար, ես արաբական աշխարհին մէջ լիիրաւ քաղաքացի եմ այնպէս, ինչպէս իսլամ եղբայրս, եւ իմ ճակատագիրս կապուած է անոր: Մենք կը բաժնենք նոյն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, առանց մէկը միւսին գերադասելու: Իսկ երբ այդ երկիրներուն մէջ ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական վարչակարգը խախտի, ապա կը գաղթէ ե՛ւ իսլամը ե՛ւ քրիստոնեան», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ օրինակին` Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ քաղաքացին կը զօրակցի երկրին իշխանութիւններուն, առանց այդ իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեամբ կողմնորոշուելու: «Այս իրականութիւնը կարեւոր է եւ այդ պատճառով է, որ քրիստոնեաները բոլորին բարեկամներն են: Հետեւաբար քրիստոնեայ համայնքի զաւակները, հակառակ իրենց ներկայացուցած փոքր թիւին, պէտք է յարգուին այն երկիրներուն մէջ, ուր իրենք կ՛ապրին եւ ոչ թէ բռնարարքներու կամ յարձակումի ենթարկուին, իրենց քիչ թիւին համար», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի այն յայտարարութեան, թէ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները առանց արժանապատուութեան եւ ազատութեան կ՛ապրին` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այդ մասին պէտք է հարց տալ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն: «Ես նոյնը չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ Ժահժահի նման միտումներ կարդալու մարգարէութիւն չունիմ, սակայն կը կարծեմ, թէ այդ հարցումին լաւագոյնս կրնայ պատասխանել սուրիացի ժողովուրդը իր քրիստոնեայ եւ իսլամ հատուածներով», աւելցուց ան:
Հըզպալլայի զէնքին եւ ներլիբանանեան առումով անոր առթած վախին ու մտահոգութեան մասին բանաձեւուած հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան կուսակցութիւն մըն է, որ զինեալ է, եւ որովհետեւ լիբանանեան այլ քաղաքական ուժեր զինուած չեն, ապա անիկա լուրջ հարց է երկրին մէջ:
«Ես քաղաքացի եմ, դուն ալ քաղաքացի ես, բայց քու ձեռքդ զէնք կայ, իսկ ես անզէն եմ, հետեւաբար դուն ինծի վախ կը պատճառես, նոյնիսկ եթէ զէնքիդ նպատակը Դիմադրութիւնն է: Աւելի՛ն. դուն այդ զէնքը պարզապէս իբրեւ քաղաքացի չես բռնած, այլ` այդ զէնքը վերցուցած ես երկրին խորհրդարանին եւ իշխանութեան հաւանութեամբ եւ այդ պատճառով է, որ լիբանանցիները երկփեղկուած են այս զէնքին նկատմամբ իրենց տեսակէտներով», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Այս ծիրին մէջ ան հարց տուաւ, որ ինչո՞ւ լիբանանեան պետութիւնը իրերայաջորդ իր կառավարութիւններուն աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ որդեգրած է բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը: «Պարզապէս այն իրականութեան համար, որ Միջազգային ընտանիքին հետ հարցեր կան: Այս առումով, կան լիբանանեան հողեր, որոնք բռնագրաւուած են իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ կան միջազգային բանաձեւեր, որոնք չեն յարգուիր եւ չեն գործադրուիր: Հետեւաբար Հըզպալլա կը շեշտէ, որ իր պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանը, այնքան ատեն որ իսրայէլեան բռնագրաւում կայ: Իսկ եթէ Հըզպալլայէն պահանջես, որ զինաթափուի, ապա քեզ պիտի ամբաստանէ իբրեւ սիոնական թշնամի, հետեւաբար Միջազգային ընտանիքը ապազինման առումով պէտք է օժանդակէ Հըզպալլայի: Այդ օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ լիբանանեան բոլոր հողերէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումով եւ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեամբ: Այս շրջագիծին մէջ հարկ է նշել, որ 1948-էն ի վեր Ապահովութեան խորհուրդը արձակած է պաղեստինեան պետութիւն հիմնելու եւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը գործադրելու բանաձեւ մը: Հարկ է նշել նաեւ, որ պաղեստինցիները Լիբանանի մէջ հարց են եւ, հակառակ անոր որ անոնք ընկերային վատ պայմաններու ներքեւ կ՛ապրին, բայց եւ այնպէս հարց են, որովհետեւ թեթեւ եւ ծանր զէնքեր ունին», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Մարոնի հովուապետը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ այսօր գոյութիւն ունի նաեւ այլ լուրջ հարց մը, որուն լոյսին տակ Հըզպալլա գործած է մեծ սխալ մը, երբ այդ զէնքը ներլիբանանեան առումով օգտագործած է եւ սարսափեցուցած մեծ թիւով լիբանանցիներ:
Ռայի պատրիարքը դիտել տուաւ, որ այս բոլոր հարցերը քննարկելու միտումով կազմուած է Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ կ՛այցելէ Պքերքէ եւ եկեղեցւոյ հովանիին տակ երկխօսութիւն կը կատարէ լիբանանցիները մտահոգող բոլոր այս հարցերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան կերտումին մասին:
«Համոզուած եմ, որ իմ եւ Հըզպալլայի միջեւ ճամբաները փակելով եւ փոխադարձ դատապարտումներով կարելի չէ հարցերուն լուծում մը գտնել: Ընդհակառակն` ատակ լուծումը պիտի ըլլայ երկխօսութեան դռները բանալ` քննարկելու համար հարցերը եւ ստեղծելու համար նոր եւ առողջ իրավիճակ մը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով վերջերս նախագահական պալատին մէջ, իր ներկայութեան, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին` Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ նախագահ Սլէյման եւ զօր. Աուն հարցեր չունին: «Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկիրը յուզող շարք մը հարցեր», ըսաւ ան:
Քաթարի մէջ քրիստոնեաներուն մասին խօսելով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Քաթարի մէջ քրիստոնեայ համայնքը ազատութիւն ունի, իր եկեղեցիները կառուցելու թէ այլ աշխատանքներ կատարելու առումով: «Հետեւաբար Քաթարի մէջ կը տիրէ այնպիսի կացութիւն մը, որ կարելի է նկատել կրօններու միջեւ երկխօսութեան` կենցաղի, մշակոյթի եւ ճակատագիրի երկխօսութեան մարմնաւորում, եւ ոչ թէ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու տագնապ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը հարցազրոյցը եզրափակեց հաստատելով, որ այսօր ոչ մէկ երկրի մէջ կարելի է մէկը ջնջել եւ կամ առանձինն որոշումներ տալ, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ կ՛ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարիքը ունինք փոխադարձ խորհրդակցութիւններու եւ փոխըմբռնումի:
Պենետիկտոս Ժզ. Պապին Լիբանան
Կատարելիք Այցելութիւնը Սկսած Է
Ծրագրուիլ Ռայի Պատրիարքին
Ընտրութենէն Ի ՎերԸստ Վատիկանի եւ Պքերքէի տեղեկութիւններուն, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը այս տարի պիտի այցելէ Լիբանան:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, պապին Լիբանան այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքը սկսած է Պշարա Ռայի պատրիարքին ընտրութենէն ի վեր:
Հակառակ 85 տարիներ ամբողջացուցած ըլլալու իրականութեան եւ ճամբորդութիւնները կարելի եղածին չափ նուազեցնելու յանձնարարութիւններուն, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը խիստ փափաք յայտնած է այցելել Լիբանան: Հետեւաբար 2012-ին կատարելիք անոր այցելութիւնները պիտի ըլլան դէպի Քուպա եւ Մեքսիքօ, ինչպէս նաեւ Լիբանան:
Այցելութեան թուական նախատեսուած է սեպտեմբեր ամիսը: Այս առումով Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Պքերքէն, Ռայի պատրիարքը եւ հանրապետութեան նախագահը տեղեակ պահած է, թէ պապը կը փափաքի յառաջիկայ սեպտեմբերի կիսուն եռօրեայ այցելութիւն մը կատարել դէպի Լիբանան:
Հոս հարկ է նշել նաեւ այն իրականութիւնը, որ նախագահ Սլէյման Պենետիկտոս ԺԶ.ի երկու հրաւէր յղած էր` Լիբանան այցելութեան: Անոնցմէ մէկը 2008-ի նոյեմբերին էր, իսկ միւսը` 2011-ի փետրուարին:
Ըստ վստահելի աղբիւրներու, պապին այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն համար կազմուած է երկու յանձնախումբ` մէկը Պքերքէի, իսկ միւսը նախագահական պալատին մէջ:
Այս նպատակով անցեալ շաբաթ Լիբանան հասաւ նաեւ Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը, որ գետնի վրայ սերտեց պապին կատարելիք այցելութիւններուն վայրերը: Կը նախատեսուի, որ այս ամսուան ընթացքին Վատիկանին կողմէ հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պապը շնորհակալութիւն յայտնէ Լիբանան այցելութեան նպատակով իրեն ուղղուած հրաւէրներուն համար եւ յայտարարէ, թէ ինք կը փափաքի ընդառաջել անոնց: Յառաջիկայ յուլիսին Վատիկանին կողմէ պիտի հրապարակուի նաեւ երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, որ պիտի ընդգրկէ պապին Լիբանան այցելութեան ծրագիրը:
Լիբանան այցելութեան ընթացքին, այսինքն` 14, 15 եւ 16 սեպտեմբերին, պապին կեցութեան վայրը պիտի ըլլայ Հարիսայի մէջ Վատիկանի դեսպանատունը:
Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը պիտի ըլլայ Ս. Խաչի տօնին առիթով եւ այդ մէկը պիտի խորհրդանշէ պապին զօրակցութիւնը Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ Արեւելքի քրիստոնեաներուն վերաբերող պապական ուղերձին ստորագրութեան հանդիսութիւնը:
Ուղերձին մէջ պիտի ճշդուի Վատիկանի կեցուածքը` Արաբական աշխարհին իրադարձութիւններէն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներուն դերակատարութենէն` Արեւելքի մէջ իրենց գոյութիւնն ու ներկայութիւնը պահպանելու եւ կրօնքներու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւն կատարելու առումով:
Հաւանական է, որ Պապը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ նախագահէ բազմամարդ հաւաքի մը ներկայութեան մատուցուելիք Ս. պատարագի մը, ինչպէս նաեւ այցելէ նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն եւ իսլամ թէ քրիստոնեայ հոգեւոր հեղինակութիւններուն հետ. ան այցելութիւններ պիտի կատարէ նաեւ դէպի սրբավայրեր, վանքեր ու եկեղեցիներ:
Կը նախատեսուի, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Պաապտայէն արտասանէ կարեւոր խօսք մը:
Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՍԱՖԻՐ» եւ «ՆԱՇՐԱ»