Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ցաւակցական Գիրը Ղպտի Քոյր Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոտին

Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան պիտի մասնակցին երեքշաբթի Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Շնոտա Գ. պատրիարքի յուղարկաւորութեան: Այս առիթով, վեհափառը ղպտի եկեղեցւոյ Ս. սինոտին յղեց ցաւակցական հետեւեալ գիրը:

Խոր ցաւով իմացանք վախճանումը Աղեքսանդրիոյ պապ եւ Ս. Մարկոսի աթոռին գահակալ Շնոտա Գ. պապին: Արդարեւ, քանի մը ամիսներ առաջ պատեհութիւնը ունեցանք անձամբ ներկայ գտնուելու Մեր հոգեւոր եղբօր` Շնոտա պատրիարքին գահակալութեան 40-ամեակին:

Շնոտա պատրիարքը ճանչցած ենք 1966-էն սկսեալ, երբ Մենք տակաւին սարկաւագ էինք եւ ինք` ղպտի քոյր եկեղեցւոյ քրիստոնէական բաժանմունքի պատասխանատու եպիսկոպոս: Այդ թուականէն ի վեր եղբայրական սերտ գործակցութիւն ունեցանք իրեն հետ: Այդ գործակցութիւնը ընդգրկեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, աստուածաբանական երկխօսութիւնները այլ եկեղեցական ընտանիքներու հետ եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումը: Այդ համապարփակ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք, մենք միասնաբար, միջինարեւելեան մակարդակի վրայ ղպտի, ասորի եւ հայ եկեղեցիներու միջեւ մնայուն համագործակցութեան կառոյցներ յառաջացուցինք, որպէսզի աւելի ամրապնդենք Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու դարաւոր միութիւնը եւ կարենանք միասին դիմագրաւել նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները, յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ: Յաճախակի առիթներով Մենք եղանք Գահիրէ` իր հիւրը եւ փոխադարձաբար ինք եղաւ Անթիլիաս` Մեր հիւրը:

Հետեւաբար, Շնոտա պատրիարքը մօտէն ճանչնալով կրնանք հետեւեալ վկայութիւնը տալ իր մասին.

ա) Ամէն բանէ առաջ Շնոտա Գ. պատրիարք եղաւ հոգեւորական` բառին ամբողջական ու վաւերական հասկացողութեամբ: Աղօթքով, ծոմապահութեամբ ու ճգնաւորական կենցաղակերպով շաղախուած հոգեւոր կեանքը տիրական ներկայութիւն եղաւ իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ` քահանայութենէն մինչեւ պատրիարքութիւն:

բ) Շնոտա Գ. պատրիարքը եղաւ ժողովուրդի՛ն հովիւը` բառին գոյութենական իմաստով: Միշտ եղաւ ժողովուրդին հետ Սուրբ Գրոց սերտողութեան ու այլ միջոցներով եւ յատուկ ճիգ թափեց ժողովուրդին փոխանցելու Աստուծոյ խօսքը:

գ) Դաստիարակութիւնն ու աւետարանչութիւնը` իբրեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսական տարածքները, դարձան Շնոտա պատրիարքին հովուապետական ծառայութեան առանցքը: Ան ո՛չ միայն Եգիպտոսի, այլ նաեւ Եւրոպայի, Ամերիկայի ու Ափրիկէի մէջ նոր եկեղեցիներ հաստատեց ու իր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ ջամբեց:

դ) Շնոտա պատրիարք եղաւ գրիչի ու գիրքի մարդ: Ան բազմաթիւ գիրքեր հրատարակեց Աստուածաշունչի ու եկեղեցւոյ հայրերու մասին: Ընթերցումը երբեք չհեռացաւ իր կեանքէն:

ե) Վերջապէս Շնոտա պատրիարքը եղաւ եկեղեցւոյ միութեան ջատագով: Ան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ միջեկեղեցական շարժումին` միջինարեւելեան թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Յաճախակի առիթներով ան կը յիշեցնէր, թէ եկեղեցւոյ բաժանումը սկսաւ Միջին Արեւելքէն, եկեղեցիներու միութիւնն ալ պէտք է սկսի Միջին Արեւելքէն:

Արդ, մեծ կորուստ մըն է Շնոտա Գ. պատրիարքին մահը իր եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական աշխարհին համար:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, մեր հոգեւոր դասուն եւ Ս. աթոռին ենթակայ ժողովուրդին, կը սգանք իր մահը: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Ս. սինոտին եւ ղպտի եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն: Միաժամանակ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Շնոտա պատրիարքը օժտեց իր երկնային շնորհներով ու իմաստութեամբ, որպէսզի զանոնք ի սպաս դնէ Քրիստոսի սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Share this Article
CATEGORIES