Թուլուզի Հրէական Դպրոցին Դէմ Յարձակում Գործողը Ինքզինք Պատուհանէն Վար Նետեց
Թուլուզի մէջ շարք մը սպանութիւններ կատարած ալճերիական ծագումով 23-ամեայ Մոհամետ Մերահ պատուհանէն վար ցատկած ատեն ոստիկանութեան արձակազէնէ մը գլխէն փամփուշտ մը ստանալով մահացաւ, երբ ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժեր իր բնակարանը ներխուժեցին: Այդպիսով, ոստիկանութեան կողմէ անոր բնակարանի 32 ժամ տեւած պաշարումը վերջ գտաւ:
Մերահ Թուլուզի մէջ ֆրանսացի երեք զինուորներու եւ հրէական դպրոցի մը մէջ երեք աշակերտներու եւ ուսուցիչի մը սպանութեան գլխաւոր կասկածելին էր: Ան խոստովանած է այդ արարքները` յայտնելով, որ կ՛ուզէր Կազայի մէջ պաղեստինցի մանուկներու սպանութեան եւ Աֆղանիստանի մէջ ֆրանսական միջամտութեան վրէժը լուծել: Ըստ պաշտօնատարներու, ան յայտարարած է, որ կ՛ուզէ Ֆրանսան «ծունկի բերել»:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի պատկերասփռուած ուղերձի մը մէջ Մերահի մեղսակիցներուն եւ բանտերուն մէջ իսլամական քարոզչութեան հաւանականութեան շուրջ հետաքննութիւն մը յայտարարեց: «Այսուհետեւ, համացանցի կայքերէն օգտուող իւրաքանչիւր անձ, որ ահաբեկչութեան, բռնութեան կամ ատելութեան կոչ կ՛ուղղէ, քրէականօրէն պիտի պատժուի», ըսաւ Սարքոզի` ընդգծելով, որ խօսքը կը վերաբերի նաեւ անոնց, որոնք օտարերկրացի են եւ Ֆրանսայի հողին վրայ նման «ուսուցում» կը կատարեն: Ան նշեց, որ ծայրայեղական գաղափարախօսութեան քարոզչութիւնը պիտի պատժուի երկրի քրէական օրէնսգիրքով նախատեսուած այն նոյն յատկանիշերով, որոնք կը վերաբերի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
Ֆրանսայի նախագահը զգուշացուց, որ «ֆրանսացիք պէտք չէ զայրոյթին առջեւ ընկրկին, մեր իսլամ հայրենակիցները ահաբեկիչի մը խենթ արարքներուն հետ որեւէ կապ չունին: Խարանումի պէտք չէ ձեռնարկենք»:
Մերահ նշած էր, որ Փաքիստանի Ուազիրիստան շրջանին մէջ Քայիտայի կողմէ մարզուած էր եւ Աֆղանիստան ալ գտնուած էր: Աֆղանիստանի Գանտահար քաղաքի բանտի տնօրէն Կուլամ Ֆարուք չորեքշաբթի օր «Պի. Պի. Սի.»-ին յայտնած էր, որ Մերահ 2007-ին Աֆղանիստանի մէջ ձերբակալուած է, սակայն 2008-ին թալեպաններու օգնութեամբ բանտէն փախուստ տուած էր:
Սակայն Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Քլոտ Կիյան պաշտպանեց ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնները` յայտնելով, որ Մերահ «մենակեաց գայլ» մըն էր: «Ներքին տեղեկահաւաքի գործակալութիւնը իսլամական արմատականութեան առնչակից բազմաթիւ անձեր կը հետապնդէ: Գաղափարներ յայտնելը… մէկը արդարադատութեան յանձնելու համար բաւարար չէ», ըսաւ ան:
Նախապէս Մերահը պաշտպանած փաստաբան Քրիստիան Էթլան յայտնեց, որ Մերահ բիրտ հակումներ ունի: «Իր կրօնական յանձնառութիւնը կար, ժողովրդավարական ընկերութեան մը արժեչափերուն դէմ յարաճուն ատելութիւն մը եւ պարտադրելու այն ինչ, որ ինք կը հաւատայ, թէ ճշմարտութիւն է», ըսաւ Էթլան: Ան նաեւ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Մերահ Աֆղանիստանի մէջ բանտարկուած է` յայտնելով, որ ան գողութեան համար դեկտեմբեր 2007-էն սեպտեմբեր 2009 Ֆրանսայի մէջ բանտարկուած է:
Նշենք, որ Քայիտայի մէկ թեւը եղող խմբակ մը երէկ ստանձնեց Թուլուզի մէջ կատարուած իրերայաջորդ յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը: