ԼԻՊԻԱՆ ՍԱՐՔՈԶԻԻ «ՏԸ ԿՈԼԵԱՆ» ՊԱ՞ՀՆ» Է

Նոյնիսկ նախագահին մասին չարախօսողները կ՛ընդունին, որ ան տպաւորիչ եղած է Լիպիոյ գծով

Եթէ քաղաքականութեան արուեստը  «պահը բռնելն» է, (առիթը օգտագործելն) ուրեմն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վստահօրէն այդ մէկը ըրած է:

Ամէն բանէ առաջ, ան ռիսքի նման ոստում կատարեց` պաշտօնապէս ճանչնալով Լիպիոյ ընդդիմութիւնը:

Ապա միացաւ միջազգային համախմբումին, առաջ մղեց թռիչքի արգիլեալ գօտիի ՄԱԿ-ի բանաձեւը եւ ռմբակոծեց Պենկազիի մօտ գտնուող Քազաֆիի հրասայլերը:

Շաբաթ մը ետք, թէեւ դաշինքի զինուորական ղեկավարութիւնը փոխանցուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն ապա 30 մարտին` ՕԹԱՆ-ի, Ֆրանսա կը շարունակէ պահել բարոյական դիրք մը` շնորհիւ այդ հարցին գծով իր սկզբնական նախագահութեան:

Ասիկա այնպիսի պահ մըն է, որ ֆրանսացիները ինքնագոհութեան կը մղէ:

Ֆրանսա երկիր մըն է, որ աշխարհի մէջ իր առաքելութեան նկատմամբ շատ բարձր պատկերացում ունի: Բայց թնդանօթակիր նաւու մարդասիրական առաքելութեան առիթը յաճախակի չէ, եւ ցարդ Ուաշինկթընը առաջատարը եղած է:

Այս անգամ Ֆրանսա կ՛ընէ այն, ինչ որ ֆրանսացիները կը սպասեն, որ իրենց երկիրը ընէ, շնորհիւ նախագահի մը, որ կրնայ բուռն եւ անզուսպ ըլլալ, սակայն առնուազն գիտէ ինչպէս գործել:

ՏՊԱՒՈՐԻՉ

Ուրեմն ասիկա արդեօ՞ք, ինչպէս ոմանք կ՛ըսեն, Սարքոզիի «Տըկոլեան պահն է»:

Առի՞թ մըն է անոր համար` անդրանցնելու ներքին մանրուք, ստորադաս քաղաքական վէճերը եւ ֆրանսան վերադարձնելու ազգերու պանթեոնին մէջ իր դիրքին:

Սարքոզիի դերակատարութիւնը ճանչցուեցաւ Պենկազիի փողոցներուն մէջ

Եւ եթէ այդպէս է, ապա արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ, թէ Սարքոզիի քաղաքական ասպարէզը փրկուած է, եւ թէ ան կրնայ սկսիլ ծրագրել յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութեան քարոզարշաւը` վերանորոգուած յոյսով:

 

Սկզբնական, նախնական նշանները բարեգուշակ են:

Լիպիոյ մէջ ֆրանսական միջամտութիւնը կը վայելէ զօրակցութիւնը Ֆրանսայի բոլոր կուսակցութիւններուն, բացի համայնավար եւ Ազգային ճակատ կուսակցութիւններէն:

Ամբողջ երկրին մէջ 66 առ հարիւրը կողմնակից է` ըստ 23 մարտին հրատարակուած հարցախոյզի մը: Ատկէ երկու շաբաթ առաջ, նախքան Սարքոզիի թեւեր առնելը, նոյն համեմատութիւնը խորքին մէջ դէմ էր ֆրանսական քաղաքականութեան:

Նոյնիսկ նախագահին հակառակորդները պարտաւորուեցան խոստովանիլ եւ ընդունիլ, որ ան տպաւորիչ աշխատանք տարած է:

«Արդար» պատերազմի մը շղթայազերծումով Սարքոզի բոլորը կանխեց

Համբաւաւոր ընկերավարական փիլիսոփայ Պեռնար-Հանրի Լեւի, որուն այցելութիւնը Պենկազի հրահրած էր, մղած էր Սարքոզին, որպէսզի գործէ, Ֆրանսայի նախագահը «յստակատես եւ խիզախ» որակեց:

Ձախակողմեան մամուլը կը հաւատայ, որ Սարքոզի կ՛օգտագործէ առիթը, որպէսզի ինքզինք «վերանախագահեցնէ» եւ ներքին հարցերէն շեղէ հանրային կարծիքը: Բայց հարցականի տակ չ՛առներ անոր որոշումներուն ճիշդ ըլլալը:

Ուրիշներ բոլորովին բիրտ են:

ԲԱՐԵԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ՞

Կեդրոն-ազգի «Էքսփրես» ամսաթերթի խմբագիր Քրիսթոֆ Պարպիէ առանց շողոքորթելու կ՛ըսէ, որ Սարքոզի պիտի յիշուի ու իբրեւ Ութերու խմբակի ղեկավար մը, որ վերջին պահուն յաջողեցաւ խուսանաւումով Քազաֆիի խենթութիւններուն դէմ շարժումի մղել արեւմտեան ժողովրդավարութիւնները: «Եթէ վերջնական արդիւնքը յաղթանակ է, այլ խօսքով, եթէ Քազաֆիի վարչակարգը տապալի առանց հասարակ Քաոսի, թոհուբոհի, այն ատեն ե՛ւ Փարիզի, ե՛ւ Պենկազիի մէջ Սարքոզին պիտի փառաբանուի իբրեւ ազատագրող, փրկարար մը:

Արդար պատերազմ մը շղթայազերծելով` ան բոլորը կանխեց»:

Այսպիսի գովասանք մը, արդարեւ, հազուադէպ է նախագահին համար, եւ անվայել պիտի ըլլայ զինք այս վայելքէն զրկելը, որովհետեւ, ընդունինք, բարեկրթութիւնը երկար պիտի չտեւէ:

«ՏԸ ԿՈԼ»ԵԱՆ ՊԱՀԸ



Տը Կոլ  ֆրանսացի զօրավար եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն էր: 1940 թուականին, իբրեւ ազգային պաշտպանութեան եւ պատերազմի փոխ նախարար, ան մերժեց ընդունիլ Ֆրանսայի կառավարութեան զինադադարը գերմանացիներուն հետ: Ան Ազատ Ֆրանսայի ղեկավարը եղաւ եւ Փարիզը լքելով` Լոնտոն մեկնեցաւ: Յունիսին ան Պի. Պի. Սի.ի կայանէն ոգեւորող, խանդավառող կոչ մը ձայնասփռեց` ուղղուած Ֆրանսայի նացի բռնագրաւումին դէմ պայքարող դիմադրութեան: Համախմբումի կանչը պատմութեան մէջ ծանօթ եղաւ իբրեւ «18 յունիսի կոչ»:

Լիպիական արշաւին սկզբնական նախնական հանգրուանը աշխուժ, կրքոտ եւ ազդեցիկ եղաւ: Բայց ի՞նչ երաշխիք կայ, որ լուրերը լաւ պիտի մնան:

Եթէ անցեալի փորձառութիւնները նշանակութիւն ունին, ապա արշաւը պիտի յատկանշուի, կէտադրուի յուսախաբութիւններով, անյաջողութիւններով, հակաշրջումներով եւ յաճախակի վրիպանքներով:

Բացառուած չէ հետեւալ կոկիկ աւարտը, Քազաֆիի տապալումը պալատական պետական հարուածով մը եւ լիպիացիներու միացումը ժողովրդավարական նոր կառավարութեան մը ետին:

Բայց ասիկա շատ հաւանական ելք մը չէ:

Քաղաքական վերլուծական Ժաք Աթթալի կ՛ըսէ. «Ճատրակ խաղալու միակ ձեւը յառաջիկայ քանի մը քայլերդ, շարժումներդ ճշդելն է, սակայն չի թուիր, թէ այս հակամարտութիւնը շղթայազերծողները այդպէս ըրած են»:

Հանրային կարծիքը փոփոխական է: Ոմանք կրնան յիշել, թէ ազնիւ, վեհանձն բնազդ մըն էր շարժումի կոչի հրահրումը: Ուրիշներ կրնան չյիշել:

Բայց այլ պատճառով մը Ֆրանսայի նախագահը կրնայ հաւանաբար բազմաթիւ բարենիշներ շահիլ Լիպիոյ դիպաշարէն:

Սարքոզի թերեւս կը փորձէ գործել տը Կոլի ձեւով, ոճով, բայց շատ յստակ է, որ ինք տը Կոլ չէ:

Գլխաւոր պատճառը, որ Սարքոզի հարցախոյզներու մէջ արագ յաջողութիւններ չ՛արձանագրեր, այն չէ, թէ ինք ի՛նչ ըրած է կամ չէ ըրած, այլ այն է, որ ֆրանսացիները զինք չեն սիրեր:

Ասիկա պիտի չփոխուի, որքան ալ վճռական ըլլան նախագահին քայլերը:

Ֆրանսացիները Շարլ տը Կոլի հետ կապ մը ունին. անոնք, թէեւ աւելի նուազ չափով, բայց նման կապ մը կը զգային հետագայ նախագահներու, ինչպէս Ֆրանսուա Միթերանի եւ Ժաք Շիրաքի հետ:

Դժուար է գտնել, այդպիսի կապ մը Նիքոլա Սարքոզիի հետ:

Առայժմ բազմաթիւ անձեր կը հիանան անոր ըրածին, եւ երախտապարտ են, որ ան Ֆրանսայի հպարտութիւն շնորհեց:

Բայց կը թուի, թէ անոնք պատրաստ չեն Սարքոզին իրենց սիրտերուն մէջ առնելու:

ՀԻՈՒ ՇՈՖԻԼՏ

«Պի. Պի. Սի.»

 

Share this Article
CATEGORIES