ՏԵՍԱԿԷՏ. Անհպելի Ձեւաչափը Տկարացնելու Մտահոգիչ Ծրագիրը Մուտք Գործեց Գործնականացման Փուլ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

23 դեկտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարեց, որ Ֆրանսա պէտք է դադրի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ իր միջնորդութենէն: Այդ թուականէն ետք, Մինսքի խմբակի ձեւաչափը տկարացնելու, անոր կազմը «բարեփոխելու» ախորժակները թափ ստացան: Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա փետրուարի կԷսերուն յայտարարեց, որ «Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոխելու հարցը իրական է», ապա Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավար եւ անոր քոյր կազմակերպութեան` Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` «Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ուղղութեամբ աշխատանք տանելու»: Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը 27 փետրուարին իր գումարած նիստէն ետք յայտարարեց, որ միութիւնը պատրաստ է խաղաղութեան հաստատման համար քայլերու ձեռնարկելու գործին աշխուժ աջակցութիւն ցուցաբերելու: Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն նիստէն առաջ յայտարարեց, որ «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման աջակցելու հարցին մէջ աւելի կարեւոր դեր խաղալ»:

Ի տես այս բոլորին, տողերուս հեղինակը յօդուածներով (30 դեկտեմբեր 2011-ին եւ 16 փետրուար 2012-ին), իսկ «Ազդակ» յատուկ խմբագրականով (10 յունուար 2012-ին) զգուշացուցին Մինսքի խմբակի անհպելի ձեւաչափը տկարացնելու ուրուագծուող մտահոգիչ այն ծրագիրէն, որ ներկայիս յայտարարութեանց հանգրուանէն դուրս գալով մուտք կը գործէ գործնականացման փուլ:

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 22 մարտին մէկ ձայնի առաւելութեամբ որդեգրեց Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու առաջարկ մը: Այդ նիստէն կը բացակայէին Ֆրանսայի ներկայացուցիչները: Անոնց բացակայութիւնը հաւանաբար նշեալ անդրազգային կառոյցին մէջ դէմ կամ ձեռնպահ քուէարկելով  «ազգայնական կեցուածք» դրսեւորելէ զգուշանալու քայլ մըն էր:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային առաջարկած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ խօսի, իսկ Մինսքի խմբակի համանախագահները` Հայաստանի հետ: Այլ խօսքով` Էրտողան կ՛ուզէ, որ Թուրքիա ոչ միայն մասնակից դառնայ տագնապի լուծման, այլեւ առանձինը երեք երկիրներէ կազմուած խմբակին կողքին եւ անոր համահաւասար միջնորդ դասուի: Այդ մէկը Մինսքի խմբակի քաղաքական ազդեցութեան ու կշիռի տկարացում եւ Թուրքիոյ ազդեցութեան անհամեմատ զօրացում կը նշանակէ:

Եթէ Էրտողանի կեցուածքը թրքական երազի եւ դժգոհութեան արտայայտութիւն մըն է, ապա Եւրոպական Միութեան մէջ ընթացք առած հոլովոյթը աւելի շօշափելի եւ մտահոգիչ զարգացում մըն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES