ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ

Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան դրսեւորումն է, որ զայն կը բնորոշէ, նաեւ կը զատորոշէ ուրիշներէն: Այդ դրսեւորման կարեւորագոյն ու ինքնատիպ եղանակներէն է պարը, որ իր մէջ կը խտացնէ ազգի մը ամբողջ պատմութիւնը, անոր անցեալն ու ներկան, անոր մաքառումները, երազանքներն ու ձգտումները, անոր իմաստութիւնն ու գեղեցիկի զգացումը:

Քիչ ժողովուրդներ կրնան հպարտանալ իրենց մշակոյթով: Շատեր պատիւն ու յարգանքը ունին ողջունելու գեղեցիկը, իսկ ոմանք, չկարենալով յաղթահարել իրենց նախանձը, կը փորձեն կապկել, կամ աւելի՛ն, սեփականաշնորհել զայն:

Քուէյթի հայկական համայնքը, ինչպէս նաեւ արուեստասէր ու մանաւանդ իսկական մշակոյթը յարգող ու գնահատող օտար հիւրեր, շաբաթ, 26 մարտ 2011-ին, ականատես եղան պատմական իրողութեան` Հայաստանի Պարի պետական համոյթի ելոյթին: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակոյթի օրեր» նախագիծին մէջ` կազմակերպութեամբ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի յոբելենական հանդիսութիւններու գործադիր մարմինին: Քուէյթի Ամերիկեան միջազգային դպրոցի սրահին մէջ կայացած ելոյթին ներկայ էին պետական բարձրաստիճան հիւրեր` նախարարներ ու դեսպաններ, գլխաւորութեամբ Քուէյթի քարիւղի եւ տեղեկատուութեան նախարար` Շէյխ Ահմատ Ապտալլա Ահմետ Սուպահի, վսեմաշուք իշխանական ընտանիքի ներկայացուցիչ  շէյխա Ֆարիհա Ահմետ Սուպահի, մշակոյթի, արուեստի նախարար եւ քարտուղար` շէյխ Ալի Եուհայի, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի եւ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Համոյթը առաջին իսկ պարով` «Բերդ»-ով, գերեց հանդիսատեսը` լարելով անոնց ուշադրութիւնն ու զգացումները:

Առաջին պարէն ետք բեմ բարձրացան Վահէ Պաղճեանն ու Մարալ Համպոյեանը, որոնք արաբերէնով ու հայերէնով ներկայացուցին ձեռնարկին նպատակն ու կազմակերպիչներուն խօսքը: Անոնք անդրադարձան նաեւ զոյգ երկիրներու փոխյարաբերութեան, որուն մէջ կամրջող օղակ կարելի է համարել մշակոյթն ու արուեստը: Սոյն յարաբերութիւններու առաւել խորացման ի խնդիր էր, որ «Հայկական մշակոյթի օրեր» նախագիծին մէջ 24 մարտին ստորագրուեցան համագործակցութեան պայմանագիրներ` երկու երկիրներուն միջեւ: Այնուհետեւ Քուէյթի մշակոյթի, արուեստի նախարար եւ ընդհ. քարտուղար շէյխ Ալի Եուհա պարգեւատրեց Հայաստանի Պարի պետական համոյթի պարուսոյց Ասատուր Կարապետեանը, որուն ստեղծագործ մտքի արդիւնքով ծնած էին ու ներկայացուեցան պարային գլուխգործոցներ, ազգագրական ու աւանդական պարեր, որոնք վեր կ՛առնեն հայ մարդու անցեալի պանծալի ու փառաւոր էջերը:

Պաշտօնական արարողութենէն ետք, մէկուկէս ժամ սրահը քարացած` կը հետեւէր տղամարդոց խրոխտ եւ աղջիկներուն հեզաճկուն պարերուն, որոնց կ՛ընկերակցէր կենդանի նուագակցութիւն: Անոնք անգամ մը եւս արդարացուցին արաբ յայտնի բանահաւաք եւ արուեստաբան Ֆահրի Պարուճի խօսքերը, թէ` «իմ երկարամեայ կեանքի ընթացքին պարային շատ մը խումբերու ելոյթներ տեսած եմ, սակայն այն, ինչ ցուցադրեցին հայկական ժողովրդական պարի համոյթի պարողները, կը գերազանցէ միւս բոլոր պարային խումբերուն ելոյթները»:

Պարային մթնոլորտին նպաստած էին պարողներուն զգեստները, որոնք ոճաբանական արտայայտչական գունագեղութիւն կը հաղորդէին հանդիսատեսին: Համոյթը գեղեցկացնող կարեւորագոյն տարրերէն էր նուագախումբը, որ ամբողջ ելոյթին ընթացքին, մայեսթրօ Հայկ Գրիգորեանի երաժշտական գեղեցիկ համադրութեամբ, ընկերակցեցաւ պարախումբին:

Հանդիսատեսի մասին բաւ է յիշատակել օտար հիւրերու յուզական տարբեր արտայայտութիւնները, որոնք ձեռքի տակ ունեցած լուսանկարող գործիքով կը փորձէին անմահացնել իրենց աչքին առջեւ յայտնուած հեքիաթային պահերը:

Իսկ հայ հանդիսատեսին տրամադրութիւնները անցան սպասուածէն, երբ փչեց հայկական «Քոչարին». Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քուէյթի դրօշակները վեր բարձրացնելով` անոնք նոր շունչ հաղորդեցին սրահին` ի փառս հայկական մշակոյթի հզօրութեան ու նորանոր բարգաւաճումներու եւ ի փառս երկու երկիրներու յարաբերութեանց նոր փուլի թեւակոխման: Այդ մասին կը վկայէր նաեւ Քուէյթի պատկերասփիւռի  առաջին ալիքի յատուկ պատուիրակութիւնը, որ նաեւ երկար տեղ յատկացուց իր լրատուական թողարկման ժամանակ պարի պետական համոյթի ելոյթին:

Սոյն ձեռնարկին յաջողութեան հիմքը կը հանդիսանայ այն ջերմ համագործութիւնը, որ կայացաւ Հայաստանի դեսպանութեան` ի դէմս դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի եւ յոբելենական հանդիսութիւններու գործադիր մարմինին միջեւ: Դեսպանը ոչ մէկ ջանք ու եռանդ խնայած էր սոյն ելոյթը գերազանցապէս մատուցելու ոչ միայն հայ հանդիսատեսին, այլեւ` օտարներուն:

Ջերմ էր կապը նաեւ համոյթի տնօրէն Էրիկ Չանչուրեանի հետ, որ նոյնպէս ամէն ջանք ի գործ դրաւ` հայ մշակոյթը փայլուն ձեւով մատուցելու օտար հանդիսատեսին:

Նշենք նաեւ, որ վերոնշեալ ելոյթը նախատեսուած էր իրականացնել մէկ օր առաջ` ուրբաթ, 25 մարտին, բայց Քուէյթի պատմութեան մէջ բնութեան աննախընթաց պայմանները արգելք հանդիսացան այդ օրուան ծրագիրի կայացման, բայց եւ այնպէս ատիկա պատճառ չհանդիսացաւ, որ հայկական մշակոյթի աստղը զրկուի թէկուզ մէկ գիշեր ուշ փայլատակելէ:

ՃՈՐՃ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES