ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Ո՞Վ Է ՎԱԽՑՈՂԸ
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին Թուրքիոյ վարչապետին ելոյթին հայկական հարցերուն վերաբերող բաժինը հնամաշ յանկերգներէ բաղկացած է եւ որեւէ նորութիւն չի պարփակեր:
Ամփոփենք այդ բաժինը: Ըստ վարչապետ Էրտողանին, Անգարա որեւէ ատեն կրնայ արտաքսել Թուրքիոյ տարածքին ապրող 70 հազար հաշուող Հայաստանի քաղաքացիները, որոնք Թուրքիա եկած են կենցաղային կարիքներէ մղուած (այս արդէն բռնի տեղահանութիւն կատարելու պաշտօնական սպառնալիք է): Երեւանը հայ-թուրք յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար վճռական քայլի չէ դիմած` վախնալով սփիւռքէն: Այդ պատճառով ալ Հայաստանի պետութիւնը պէտք է կամք ցուցաբերէ` յաղթահարելու համար սփիւռքի վախը:
Վարչապետ Էրտողան անշուշտ չէ մոռցած բաժին հանել արցախեան բանակցութիւններուն` հաստատելու համար, որ արցախեան բանակցութիւններուն համար Եթէ Մինսքի խմբակը կատարէ իր պարտականութիւնները, մենք կը հասնինք խնդիրի կարգաւորման: Իսկ իր պարտականութիւնը չիրականացնելու պարագային լուծումը կը դժուարանայ:
Յանկերգներու տրամաբանութիւնը պարզ է: Թէեւ այստեղ չի պարզաբաներ թուրք վարչապետը, թէ ճիշդ ի՛նչ կ՛ակնկալէ Մինսքի խմբակէն: Տարաբնոյթ մեկնաբանութիւն չկայ այս պարագային: Մինսքի խմբակը պէտք է պարտադրէ հայկական կողմին իր ուժերը հեռացնել Ղարաբաղէն: Որմէ ետք հայ-թուրք յարաբերութիւնները կը սկսին ընթանալ դէպի բնականոնացում:
Հայաստան-սփիւռք սեպ խրելու մարտավարական սպառած խաղը կը վերադառնայ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով` նախապայմանային քաղաքականութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Հայաստանի նկատմամբ Անգարայի վարիչները ատելութիւն չեն տածեր, խնդիրը սփիւռքի ճնշումներէն ձերբազատիլն է:
Ինչո՞ւ սակայն վարչապետ Էրտողանը անհրաժեշտութիւնը զգացած է յայտարարելու, որ իրենք ոեւէ մէկէն չեն վախնար: Յայտնաբար, ազրպէյճանական գործօնի ճնշումին կամ այդ գործօնի շահարկումին փաստն է, որ փարատելու փորձ կը կատարէ վարչապետը: Այստեղ արդէն կը մատնուի հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի արգելակիչ տարրը: Խօսելէ առաջ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մասին` վարչապետ Էրտողան անհրաժեշտութիւնը զգացած է խօսելու հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին եւ շեշտած, առանց պարզաբանելու, Մինսքի խմբակէն Թուրքիոյ ակնկալութիւնը: Եթէ Ազրպէյճանի վարչապետը կամ հաւասարազօր պաշտօնատարը այս շեշտադրումով սկսէր հակամարտութեան վերաբերող իր խօսքին բաժինը, աւելի օրինաչափ պիտի ընկալուէր ելոյթներուն հետեւողներուն կողմէ:
Սակայն, երբ Թուրքիոյ վարչապետը հայ-թուրք յարաբերութիւններէն առաջ կ՛ընդգծէ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը եւ աջ ու ձախ պատասխանատուութիւններ կը բարդէ, արդէն կը բացայայտէ «մենք ոեւէ մէկէն չենք վախնար»ի տուն տուող շարժառիթը: Կա՛մ իրօք կը վախնան, կա՛մ կը ձեւացնեն, որ կը վախնան: Առնուազն հաշուի կ՛առնեն այս հանգամանքը եւ զայն կը պատրուակեն հայ-թուրք յարաբերութիւններու արգելակման փաստը հիմնաւորելու համար:
Եւրոպական քաղաքական միջավայրի մէջ նման խնդիրներ եւրոպական հայեցակէտերէ պէտք է դրուէին: Պետական գործիչէ ակնկալուած ելոյթը միջավայրի համապատասխան պարունակ պէտք է կարենար ձեւաւորել: Կը թուի, որ Սլովենիայէն հնչած Հայաստանի նախագահին յայտարարութիւնը թէ՛ հայ-թրքական եւ թէ՛ հայ-ազրպէյճանական, խնդիրներուն վերաբերեալ, աւելի համահունչ է միջավայրային տրամաբանութեան եւ օրինաչափութիւններուն: Այսպէս, Հայաստանի նախագահը կը յայտարարէր.-
«Ցաւօք, մեր շրջանին մէջ իրադրութիւնը քիչ մը տարբեր է: Եւրոպական համարկումի ուղին, փաստօրէն, ոչ բոլորի պատկերացումով կը համընկնի խաղաղ, բարեկեցիկ, ազատ ու անվտանգ զարգացման հետ: Մեր անմիջական դրացին թիւր ձեւով ըմբռնեց եւրոպական ուղին` եւրոպական շրջանը դիտելով միայն իբրեւ քարիւղի ու կազի համար յարմար շուկայ: Յիրաւի զաւեշտական է, երբ եւրոպական ուղին որդեգրած մեր դրացին կը սպառնայ հարուածել հայկական քաղաքացիական օդանաւերը, ամէնօրեայ ռազմատենչ քարոզչութիւն կ՛իրականացնէ եւ կը սպառնայ ղարաբաղեան հարցը լուծել պատերազմով: Մեր միւս դրացին` Թուրքիան, որ դարձեալ կը ձգտի դէպի Եւրոպա, չ՛ուզեր բանալ Հայաստանի սահմանը, թէ եւ միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է: Արդեօ՞ք անտեղեակ են մեր դրացիները, որ Եւրոպայի արժեհամակարգի առանցքը ազատ տեղաշարժն է»:
Այստեղ արդէն ո՛չ վախնալու-վախցնելու կամ վախէն ձերբազատելու, ո՛չ ալ ամբողջ զանգուած մը (թէեւ ուռճացած ձեւով յայտարարուած 70 հազար) տեղահան ընելու առաջադրանքներ կան:
Պաշտօնական Անգարան է, որ յայտնապէս վախցած է կամ վախ կը պատրուակէ` եւրոպական միջավայրի մէջ եւրոպական արժեհամակարգին հակառակ յայտարարութիւններ կատարելով: