«Մեր Ակնկալութիւնն Է, Որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իր Արժանի Տեղը Գտնէ Քանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին Մէջ». Հարցազրոյց ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի Հետ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քանատայի հայութեան աւելի քան հարիւրամեայ պատմութեան վերջին երեք տասնամեակները թերեւս ամէնէն լարուածն էին. գաղութային կառոյցներու ամրապնդում, համահայկական մարտահրաւէրներուն` արցախեան պայքարին, Հայաստանի վերանկախացման առթած խնդիրներու լուծման աշխուժ մասնակցութիւն, Քանատայի մէջ քաղաքական նուաճումներ, յատկապէս` Եղեռնի պաշտօնական ճանաչման գծով: Յաջորդ տարիներու գլխաւոր մարտահրաւէրները որո՞նք պիտի ըլլան:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Անշուշտ հաճելի է նուաճումները թուարկել, դափնիները հաշուել, մանաւանդ երբ ձեր թուարկած նուաճումներէն շատերուն ականատեսն ու մասնակիցներն ենք եղած: Սակայն պէտք է ընդգծեմ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս, եւ անոր Քանատայի շրջանը մասնաւորապէս, չի յամենար անցեալի, թէկուզ մօտաւոր անցեալի նուաճումներուն վրայ եւ միշտ կը փնտռէ նորանոր մարտահրաւէրներ: Մեր շրջանային ժողովները հանգրուանային ձեւով, ամէն երկամեակի, կը կատարեն անհրաժեշտ քննարկումները եւ համապատասխան որոշումներ կը կայացնեն ու կը յանձնեն ընտրեալ մարմիններուն` առ ի գործադրութիւն:

Մեզի սպասող մարտահրաւէրները յստակ են. գաղութի կառոյցներու ամրապնդումը մշտական աշխատանք է, որովհետեւ թէ՛ գաղութը, թէ՛ կառոյցները ապրող ու շնչող էութիւններ են, ուստի ժամանակի հոլովոյթին հետ միշտ պէտք ունին վերանորոգման, իրենց կարիքներու վերագնահատման եւ առկայ միջոցներու ըստ այդմ վերաբաշխման: Կառոյցները ունին գոյութեան մէկ պատճառ. անոնք պէտք է լաւագոյնս սպասարկեն գաղութի զանազան կարիքներուն` կրթական, մշակութային, կրօնական թէ քաղաքական, հետեւաբար անոնք պարտաւոր են մշտապէս ականջալուր ըլլալ այդ կարիքներուն եւ իրենց գործունէութիւնը այդ պահանջներուն հիման վրայ ծաւալեն:

Մեծ մարտահրաւէր է նաեւ արտաքին միջավայրի փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելու հարկադրանքը: Քանատայի քաղաքական եւ ընկերային ըմբռնումները նոյնպէս իրենց զարգացման հոլովոյթը կ՛ապրին, եւ մենք որպէս այդ միջավայրի բնակիչներ` չենք կրնար անգիտանալ այդ հոլովոյթը եւ մանաւանդ անոնց ազդեցութիւնը մեր կեանքին եւ գործունէութեան, մեր ապագային վրայ: Այս առումով, մեծ է դերը Հայ դատի համակարգին, ըլլան տեղական յանձնախումբերը, ըլլայ Օթթաուայի գրասենեակը, որոնք իրենց առօրեայ գործունէութեան ընթացքին միշտ շփման մէջ են Քանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակներու պետական եւ հասարակական գործիչներուն հետ եւ մօտէն կը հետեւին այդ հոլովոյթի զանազան դրսեւորումներուն:

Հ.- 2012-ի սկզբնաւորութեան, համաշխարհային առումով, արագընթաց թափ առին Հայ դատի աշխատանքները, յատկապէս` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս առնչութեամբ ի՞նչ ծրագիրներ ունի Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը: Նոյնպէս, Մեծ եղեռնի 100-ամեակի նախօրեակին համագաղութային ի՞նչ ձեռնարկներ պիտի նախաձեռնէ յանձնախումբը:

Պ.- Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը իր աշխատանքներու ընդհանուր ուղեծիրին մէջ կը ներառէ թրքական ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարը, ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան սանձազերծումը, Հայաստան-Քանատա քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդումը, քանատական նահանգային կրթական ծրագիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ներառելու հարցը, արցախեան հիմնահարցին նկատմամբ քանատական կառավարութեան հայամէտ կեցուածքի ձեռքբերումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք` հայ ժողովուրդի նիւթաբարոյական կորուստները հատուցելու հարցը:

Մեծ եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման նախօրեակին արդէն մեր աշխատանքները հունաւորելու ընթացքի մէջ ենք եւ պատրաստ ենք  այս գծով համագործակցելու քանատահայ գաղութի բոլոր հատուածներուն հետ:

Քանատայի դաշնակցային ընտրութիւններէն ետք յանձնախումբը հանդիպումներ ունեցած է նորընտիր խորհրդարանի անդամներուն հետ: Այստեղ յիշեցնեմ նաեւ, որ 2011-ի յուլիս 22-ին, Քանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Ճէյսըն Քենի իր անձնակազմին հետ այցելեց Լաւալի Հայ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ գաղութի անդամներուն եւ Հայ դատի յանձնախումբին հետ, իսկ աւելի ուշ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն ու Հայ դատի Օթթաուայի գրասենեակին տնօրէնը հանդիպում ունեցան Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի հետ:

Յանձնախումբը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան-Քանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան վերակազմութեան աշխատանքներուն մէջ:

Յանձնախումբը շատ բուռն կերպով հակազդեց Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպան Մարք Պէյլիի հակահայ գործունէութեան եւ փետրուար 14, 2012-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որով Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց, որ նախարարութիւնը աչալրջօրէն հսկէ Հայոց ցեղասպանութեան գծով կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան առնչութեամբ իր բաժանմունքի պաշտօնատարներուն իմացութեան վրայ, եւ եթէ հարկ է, յատուկ դաստիարակչական ծրագրով արտասահմանեան դիւանագէտներուն ծանօթացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը դատապարտող Քանատայի կառավարութեան դիրքորոշումին մասին:

Օթթաուայի մէջ Հայ դատի յանձնախումբին գրասենեակը կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ գրասենեակին անձնակազմը յաճախակի եւ հետեւողական հանդիպումներ կ՛ունենայ խորհրդարանի անդամներու, ծերակուտականներու եւ այլ քաղաքական պաշտօնատարներու հետ:

Անշուշտ այս բոլոր աշխատանքները կը կարօտին նիւթական աղբիւրներու եւ այդ ուղղութեամբ քանատահայ մեր գաղութը նիւթաբարոյական իր ներդրումով միշտ զօրակցած է Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին:

Հ.- 2012-ի առաջին ամիսները յատկանշուեցան Քանատայի մէջ ազրպէյճանական հակաքարոզչական նախաձեռնութիւններով, որուն ցայտուն օրինակները հանդիսացան Քալկըրիի քաղաքապետի Խոջալուի դէպքի մասին ազրպէյճանամէտ յայտարարութիւնը եւ Մոնրէալի ՄքԿիլլ համալսարանին մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցի մասին Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովը: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք ազրպէյճանական հակաքարոզչական այս նոր արշաւը:

Պ.- Քանատայի մէջ ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը շեշտաւորուեցաւ վերջին հնգամեակին: Այս ծիրին մէջ Քանատայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը մեծ դերակատարութիւն ունի, այն իմաստով, որ կը կազմակերպէ եւ կամ կը հովանաւորէ ակադեմական մակարդակի գիտաժողովներ, որոնց հիմնական նպատակն է արցախեան հիմնահարցին պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրել:

Կասկածէ դուրս է, որ Քանատայի թրքական եւ ազրպէյճանական համայնքները համադրուած ձեւով սերտօրէն կը համագործակցին, որուն ցայտուն օրինակը հանդիսացաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացման յաջորդած թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ցոյցը Թորոնթոյի ֆրանսական հիւպատոսարանին դիմաց:

Ազրպէյճանական կողմը նաեւ հետեւողականօրէն կը փորձէ 1992-ի փետրուար 25-26 Խոջալուի մէջ պատահած դէպքերը ներկայացնել որպէս ցեղասպանութիւն: Այս ուղղութեամբ, Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ փաստավաւերագրական թղթածրար մը պատրաստուած է եւ շուտով պիտի դրուի քանատացի քաղաքական պաշտօնատարներու սեղանին:

Քալկըրիի քաղաքապետին` Խոջալուի մասին կատարած յայտարարութեան անմիջապէս հակազդեց Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը, իսկ մարտ 5 թուակիր նամակով մը Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց Քալկըրիի քաղաքապետ Նահիտ Նենշիին` յետս կոչելու Խոջալուի դէպքին 20-ամեակը ոգեկոչող ազրպէյճանամէտ իր յայտարարութիւնը: Նամակին մէջ կը բացատրուի նաեւ Խոջալուի դէպքին յերիւրածոյ ըլլալու իրողութիւնը եւ քաղաքապետին կը վստահեցուի, թէ իրեն պիտի յանձնուի այդ դէպքին առնչուող փաստագրական նիւթերու ծրար մը:

Դարձեալ Խոջալուի հարցով, Պրիթիշ Գոլոմպիայէն խորհրդարանի անդամ Ռաս Հիպըրթ, այս տարուան փետրուար 29-ին, խորհրդարանական նիստի մը ընթացքին, ազրպէյճանական քարոզչական ջրաղացին ջուր լեցնելով` արծարծեց Խոջալուի հարցը: Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Քանատայի շրջանը անմիջապէս կապ հաստատեց  Հիպըրթի հետ եւ անոր անհրաժեշտ յստակացումներն ու վաւերաթուղթերը փոխանցեց Խոջալուի հարցին մասին: Յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը մօտիկ ապագային պիտի հանդիպի Հիպըրթի հետ:

Հ.- 2008-ի մարտ 13-ին, Քանատայի խորհրդարանի սեղանին դրուեցաւ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի կառուցման հարցը: Այդ օրէն ի վեր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը համագործակցի թանգարանի պատասխանատու մարմիններուն հետ: Այսօր ո՞ւր հասած են թանգարանին աշխատանքները:

Պ.- Թանգարանը հիմնելու խորհրդարանի օրինագիծին վաւերացումէն անմիջապէս ետք Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը ձեռնամուխ եղաւ այդ նորաստեղծ հիմնարկի հոգաբարձական խորհուրդին հետ բանակցելու, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը արդարօրէն ներկայացուի թանգարանին մէջ: Նշեմ նաեւ, որ անցնող տարիներուն, նոյնիսկ 2008-էն առաջ, երբ թանգարանի հիմնադրման գաղափարն ու ծրագիրը իր նախասաղմնային վիճակին մէջ էր, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հետեւողականօրէն հաղորդակցութեան մէջ եղած է թանգարանի ստեղծման գործադիր մարմինին հետ: Մեր ակնկալութիւնն է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը իր արժանի տեղը գտնէ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ:

Թանգարանի գործադիր մարմինին մենք յստակացուցած ենք մեր սկզբունքային դիրքորոշումները Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին թանգարանին մէջ ներկայացնելու ձեւաչափին առնչութեամբ, եւ այդ ուղղութեամբ անզիջող է մեր կեցուածքը:

Այս հարցին գծով Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը` յստակօրէն ներկայացնելով եւ բացատրելով այս հարցին կապուած մանրամասնութիւնները:

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )