ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇԵՑ ԻՐ 25-ԱՄԵԱԿԸ

Ուրբաթ, 25  մարտ 2011-ի երեկոյեան, «Լէ Ռոյեալ» պանդոկի «Ազիւրա» սրահին մէջ կայացաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կալա-ընթրիքը` որպէս  25-ամեակի ձեռնարկներու եզրափակիչ փուլ:

Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ ներկայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի՝ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, պետական նախկին նախարար, Սեպուհ  Յովնանեանի, նախկին երեսփոխան Յակոբ Գասարճիի, Ազգային իշխանութեանց մարմիններու, ծնողներու, ուսուցիչներու, շրջանաւարտներու ու քոլեճի բարեկամներու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Թալին Օրտողլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, թէ այս ձեռնարկը կու գայ եզրափակելու ձեռնարկներու այն շարքը, որ կը միտէր յիշել ու տօնել քոլեճին Ե. Մանուկեան երկրորդական վարժարան դառնալուն 25-ամեակը:

Թ. Օրտողլեան քոլեճին տնօրէնութեան ու խնամակալութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` այս հրաւէրին ընդառաջելուն համար ու ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը ապացոյց է, թէ հայ վարժարանը կը շարունակէ՛ ունենալ զինք քաջալերող ու իր առաքելութեան հաւատացող ու նեցուկ կանգնող ազգանուէր հայորդիներ»:

Ապա ցուցադրուեցաւ երիզ մը, ուր պատկերներու ընդմէջէն կը ներկայացուէր քոլեճին պատմականը, կառոյցը, Մարտիկեան վարժարանէն Ե. Մանուկեան քոլեճ դառնալու հանգրուանները, բաժանմունքները` մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական, ինչպէս նաեւ անոր նուաճումները` կրթական, ազգային, մարզական, մշակութային, ընկերային ու այլ մարզերու մէջ:

Վեհափառ հայրապետին աղօթքով, սեղաններու  օրհնութենէն ետք, քոլեճի տնօրէն Սեդա Պոյաճեան, խօսք առնելով,  ողջունեց ներկաները` շեշտելով, թէ ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ է, որ վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ կը տօնուի քոլեճին երկրորդական դառնալու 25-ամեակը:

Տնօրէնուհին մէջբերումներ կատարեց նախկին տնօրէններ` Ս. Չոլոյեանի, Բ. Փափազեանի ու Մ. Պոյաճեանի խօսքերէն, ուր անոնք կ՛անդրադառնային հայ դպրոցի առաքելութեան եւ ազգապահպանման մէջ ունեցած անոր կենսական դերակատարութեան, աւելցնելով` «պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ անոնց  տեսլականին»:

Ապա ան  հաստատեց, թէ քոլեճի 450 շրջանաւարտները բարձր դիրքերով կը փայլին իրենց ընտրած մարզերուն մէջ ու վարժարանը կարիքը ունի անոնց զօրակցութեան ու քաջալերանքին:

Ս. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի բարերար Մանուկեան ընտանիքին, որ վարժարանի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս նեցուկ կը կանգնի քոլեճին, ու վերջին տարիներուն վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ ու Րաֆֆի Մանուկեանի կատարած իշխանական նուիրատուութիւններով կարելի կը դառնայ դպրոցին մէջ կատարել լայնածաւալ նորոգութիւններ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն ու անոնց, որոնք աշխատանքով կամ նիւթապէս նեցուկ կանգնած են ու կը կանգնին այս քոլեճին` շեշտելով, թէ` «կ՛ապաւինինք մեր ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն հաւատք ունենալ հայ դպրոցին հանդէպ»:

Արամ Ա. կաթողիկոս  իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` ըսելով, թէ` «սոսկ ճաշի սեղանի մը շուրջ չենք հաւաքուած, այլ` սրբազան արժէքի մը շուրջ, որ Հայ Դպրոցն է»:

Վեհափառ հայրապետը նշեց,  թէ 25-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները կը միտին լուսարձակի տակ բերել հայ դպրոցին ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Վեհափառը անդրադարձաւ երկու կարեւոր կէտերու եւ ընդգծեց, թէ յիշողութիւնը մեր կեանքին մէջ կենսական է, ու ամեակներ տօնել` կը նշանակէ անցեալին նայիլ, բայց նաեւ  կարեւոր է բացուի՛լ ներկային` հաստատելով, թէ «Գարեգին կաթողիկոս այս դպրոցին հիմնադիրը եղաւ, Ս. Չոլոյեան, Բ. Փափազեան  ու Մ. Պոյաճեան այս դպրոցի առաքելութեան կենսագործման մէջ վճռական դեր ունեցան, ուսուցիչներ անմոռանալի միտք մը, հոգի մը, կայծ մը տուին, ու աշակերտներ այս դպրոցի ճամբով առաւել հայացան ու այժմ մասնակից են մեր ազգային կեանքին»:

Ապա վեհափառը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Մանուկեան ընտանիքին` ըսելով. «25 տարիներ առաջ Ե. Մանուկեան ի՛նք, ի՛ր ընտանիքով, այս դպրոցի հիմնադիր բարերարը եղաւ եւ այս ազնուական ընտանիքին երիտասարդ զաւակներէն` Րաֆֆի Մանուկեան, մեծ գումարներով օգտակար հանդիսացաւ դպրոցին», աւելցնելով, թէ կ՛ակնկալէ, որ նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ այս ընտանիքը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ այս դպրոցին, որովհետեւ այս դպրոցը իրե՛նց դպրոցն է, հայութեա՛ն դպրոցն է եւ, ինչ որ կու տանք մեր ժողովուրդին, ա՛յդ կը մնայ:

Արամ Ա. կաթողիկոս  իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկայ ու բացակայ, յայտնի ու անյայտ բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց սրտէն, հոգիէն ու քսակէն բան մը կու տան մեր ժողովուրդին` մաղթելով, որ անոնք շարունակեն տալ, որովհետեւ` «երբ ազգին կու տանք, ազգը կը զօրանայ եւ ազգով` տուո՛ղը կ՛անմահանայ»:

Կաթողիկոսը իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ Հայ Դպրոցին, որովհետեւ առանց անոր ճակատագրական առաքելութեան` մեր ազգային կեանքը պիտի խամրի, ու ես վստահ եմ, որ յառաջիկայ ամեակներուն պիտի նայի՛նք` միշտ մասնակցելով զարգացման ձգտող բոլոր աշխատանքներուն»:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ դպրոցին պարախումբը զոյգ նազպարերով,  ապա շրջանաւարտներ Սեւան Հապիպ մեներգով ու Լէոնի Ստեփանեան  դաշնակի ընկերակցութեամբ ներկայացուցին «Բարի արագիլ» եւ «Կռունկ» երգերը, որմէ ետք Համազգայինի Բ. Կանաչեան երաժշտանոցի աշակերտներէն ջութակահար Խաժակ Խաչատուրեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Աբիկ Չոլաքեանի ներկայացուց երաժշտական կտորներ:

Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ մենք հարիւրամեակներէ ի վեր դպրոցներ ունեցած ենք` հաստատելով, որ` «Մ. Մաշտոց, այբուբենէ աւելի, մեզի ո՛ւխտ մը տուաւ,  գոյատեւելու ազգային ուխտով, ու բոլոր անոնք, որոնք բոլորուած են Հայ Դպրոցին շուրջ` Մաշտոցի ուխտապահներն են», աւելցնելով, «այս սեղաններուն շուրջ հաւաքուելով` մենք ա՛յդ դաստիարակութեան մատակարարման ընթացքին մէջ ենք»:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ շեշտեց նաեւ, թէ «քաղաքակրթութիւնները դաստիարակութեամբ կը պահուին ու կը զարգանան, եւ մենք այդ դաստիարակութեան ապահովման ընթացքին մէջ ենք, իսկ այս երեկոն այդ քաղաքակրթութիւնը պահո՛ղ ու դաստիարակութեան նպաստո՛ղ ձեռնարկ մըն է»:

Ան նաեւ անդրադարձաւ այժմէականանալու հրամայականին` հաստատելով, որ «հայ նոր սերունդը իրաւունք ունի թէ՛ հայ ըլլալու, թէ՛ արդիական ըլլալու» եւ աւելցուց. «Ես ուրախ եմ ու հպարտ, որ Ազգ. Ե. Մանուկեան վարժարանը մեր լաւագո՛յն դպրոցներէն մէկն է»:

Սրբազանը իր խօսքը ներկաներուն ուղղեց`  ըսելով. «Հայ Դպրոցի գոյատեւման պայքարը ազգային մարմիններու գործն է,  սակայն մեզ յաղթական պահելը ձե՛ր գործն է», եւ եզրափակեց` ըսելով. «Շնորհակալ ենք մե՛ր գոյապայքարին ձե՛ր աջակցութեան համար»:

Ձեռնարկի  ընթացքին կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 73 հազար  ամերիկեան տոլար:

Ներկաներուն բաժնուեցան 25-ամեակի խորհրդանշանը կրող յուշանուէր տետրակներ, ինչպէս նաեւ քոլեճը ներկայացնող պրակ մը:

Share this Article
CATEGORIES