ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱՓՈԽ ՀԱՅԵՐՈՒ ԹԻՒԸ. ԱՌԱՍՊԵԼ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը բաւական ուշ հասկցաւ, որ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլուն իրականութեան մէջ ոչ միայն հակահայ քարոզչութիւն է որ կ՛իրականացնէ, այլ նաեւ` հակաթրքական: Այդ իսկ պատճառով զայն զրկեցին Թուրքիոյ պատմութեան հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնէն: Հարց պիտի տրուի, թէ ի՛նչն էր հակաթրքական Հալաճօղլուի յայտարարութիւններուն մէջ: Հալաճօղլուն չէր ընդուներ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն կը պնդէր, որ 700-750 հազար հայ աքսորուած է, որոնց մեծ մասը մահացած է աքսորի ճանապարհին:

Այդ ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, թուրք պետական պաշտօնեայ մը, որ նաեւ պատմաբան էր, ընդունեց, որ Թուրքիան պետական մակարդակով հայերու նկատմամբ բռնի տեղահանութիւն կազմակերպած է: Հալաճօղլուն ցեղասպանութեան պատճառով սպաննուած 1.5 միլիոն հայերու թիւը չէր ընդուներ, այլ տարբեր առիթներով շրջանառութեան մէջ դրած էր սպաննուած հայերու իր գնահատած թիւը` 500-600 հազար: Թրքական կառավարութիւնը յանկարծ գիտակցեցաւ, որ այն տուեալները եւ այն կռուանները, որ յառաջ կը բերէր Հալաճօղլուն, նոյնպէս կարելի է ցեղասպանութիւն որակել:

Սակայն Հալաճօղլուն հակահայ քարոզչական դաշտին մէջ աւելի հեռու գնաց եւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կը բնակին առնուազն 500 հազար հաւատափոխ հայեր: Ան կ՛ուզէր ձեւով մը հիմնաւորել իր անհիմն թիւերը: Սակայն երկրին մէջ շատ մը մարդիկ, հաւատալով անոր ըսածներուն, սկսան փնտռել իրենց հայկական արմատները: Կային նաեւ այնպիսի մարդիկ, որոնք թուրք ազգայնամոլներ ըլլալով հանդերձ, սկսան ստուգել իրենց ծագումը, որպէսզի յանկարծ իբրեւ հայ արմատներ ունեցողներ չբացայայտուին: Այս ծիրին մէջ, նոյնիսկ զաւեշտալի դէպքեր պատահեցան: Ի յայտ եկաւ, որ ազգայնամոլ Էմ. Էյչ. Փի. կուսակցութեան ղեկավար Պահչելիի վեց եղբայրներէն մէկը Գերմանիոյ մէջ փախստական գաղթականի կարգավիճակ ստացած է` քրիստոնեայ հայ ինքնութիւն ընդունելով:

Սակայն Հալաճօղլուի կատարած յաջորդ քայլը թրքական կառավարութեան համար աններելի էր: Ան յայտարարեց, որ 1936-37 թուականներուն, Տերսիմի դէպքերէն դաս քաղելու համար, թրքական ոստիկանութիւնը նահանգ առ նահանգ հաշուած եւ արձանագրած է կրօնափոխ հայ ընտանիքներուն թիւը: Եւ հաշուած են ոչ միայն այն ընտանիքները, որոնք կրօնափոխ եղած են 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, այլեւ` այն ընտանիքները, որոնք կրօնափոխ եղած են մէկ սերունդ առաջ: Այդ վիճակագրութիւնները կամ փաստերը ներկայիս գաղտնի կը պահուին Թուրքիոյ Պետական արխիւի Տիեզերական սենեակին մէջ: Հալաճօղլուն կը պնդէր, որ այդ արխիւները կրնան փաստել, որ ալեւի քիւրտերը (Տերսիմի գըզըլպաշ բնիկները) հայկական արմատներ եւ ծագում ունին: Հետաքրքրականը այն է, որ ալեւիները այս յայտարարութիւնը չհերքեցին: Թուրքիա բնակող ալեւի քիւրտերուն քանակը, ամէնէն համեստ հաշուարկներով, կ՛անցնի 3 միլիոնը:

Սակայն կան աղբիւրներ եւ համացանցի վրայ հրապարակումներ, որոնք կը փորձեն ի յայտ բերել Թուրքիա բնակող կրօնափոխ հայերու համեմատաբար իսկական թիւը: Ի հարկէ այդ տուեալները լիարժէքօրէն ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, սակայն մօտ են իրականութեան:

Ահա կրօնափոխ դարձած հայ ընտանիքներու թիւը` ըստ վերոնշեալ վիճայարոյց տուեալներուն.

Գարատենիզ-արեւելք եւ Արդուին` 9200 ընտանիք, Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ)` 1000 ընտանիք, Մալաթիա` 3655 ընտանիք, Կայսերի (Կեսարիա)` 5000 ընտանիք, Էլազիգ (Խարբերդ)` 1000 ընտանիք, Վան` 4000 ընտանիք, Թունչելի (Տերսիմ)` 2000 ընտանիք, Սիիրթ (Սղերդ)` 1200 ընտանիք, Սանլը Ուրֆա` 3500 ընտանիք, Հաթայ (Ալեքսանտրեթ)` 1100 ընտանիք, Պիթլիս (Բաղեշ)` 200 ընտանիք, Էրզրում (Կարին)` 3000 ընտանիք, Էրզինջան (Երզնկա)` 1300 ընտանիք, Սվազ (Սեբաստիա)` 2000 ընտանիք, Քահրաման (Մարաշ)` 3000 ընտանիք, Ատըեաման` 1600 ընտանիք, Ատանա` 2000 ընտանիք, Մերսին եւ Թարսուս (Տարսոն)` 1200 ընտանիք:

Հաւատափոխ հայերու թիւը իրապէս յայտնի կը դառնայ օր մը, երբ բացուին արխիւները, եւ մարդիկ հնարաւորութիւն ունենան տեղեկանալու իրենց անցեալին եւ արմատներուն մասին:

Արեւմտահայաստանը կարելի չէ սփիւռք համարել, քանի որ այնտեղի հայութիւնը կ՛ապրի իր հայրենիքին մէջ: Եւ եթէ այսօր սփիւռքի մէջ հրատապ խնդիր է հայապահպանութիւնը, ապա Արեւմտահայաստանի պարագային կարեւորագոյն խնդիր է կամաւոր հայացումը:

ԷԴԻԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Երեւան

Share this Article
CATEGORIES